Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2008 - Միրնա Մըր Լիբանանի Անկախութեան 65-Ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութեան Մասնակից

Լիբանան

 
Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2008-ի առաւօտեան Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը հիւրընկալեց Մեթնի շրջանի քաղաքապետարաններու համախմբումի նախագահ Տիկ.
 
Միրնա Մըրի տեղակալ Դոկտ. Նիքոլա Սամահա, որուն կÿընկերակցէր շրջանի գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատու Գնդապետ, Փիէռ Սաապ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ  Անդրանիկ Մսըրլեան: Մեծարգոյ հիւրերը վարժարանի մուտքին դիմաւորեց տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, իսկ վարժարանէն հայկական տարազներով զոյգ աշակերտներ, աւանդութեան համաձայն աղ ու հացով եւ գեղեցիկ ծաղկեփունջով ընդունեցին հիւրերը:
Անոնք նախ կարճատեւ ընդունելութիւն մը ունեցան վարժարանի տնօրէնին գրասենեակէն ներս, ուր ներկայ էին նաեւ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գեր. Հայր Սարգիս Վրդ. Դաւիթեան եւ այլ անձնաւորութիւններ: Այնուհետեւ բոլորը ուղղուեցան Հ.Կ.Մ.-ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահ, ուր տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան 65-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն, մասնակցութեամբ վարժարանի մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտութեան: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ վարժարանի Ծնողական Յանձնախումբի, ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու անդամները:
Լիբանանի քայլերգի ոտնկայս ունկնդրութենէն ետք աշակերտութեան անունով խօսք առաւ Մելքոն Էլէյճեան, որմէ յետոյ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան տարբեր կարգերու աշակերտներ, որոնք ասմունքեցին, ջութակի, կիթառի եւ սրինգի վրայ կատարումներով հանդէս եկան, ինչպէս նաեւ աշակերտուհի Մարի-Նոէլ Քէշիշեան կատարեց «Եա Պէյրութ» երգը, իսկ վարժարանի «Շուշի» պարախումբը կատարեց «Շալախօ» պարը: Նաեւ տեղի ունեցաւ քոնկ ‎ֆու մարտարուեստի ցուցադրութիւն:
 
Գեղարուեստական բաժինի աւարտին, խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, որ մեծարելով Մըր ընտանիքին նուիրումը Լիբանան երկրին, յատկապէս Միրնա Մըրի անձին ընդմէջէն, կարեւորութեամբ յիշեց, որ «ան իր հանգամանքի բերումով ամէն ինչ կÿընէ Մեթնի շրջանը օրէ օր աւելի ծաղկուն ու բարգաւաճ դարձնելու համար, ոչ միայն արտաքին
 
բարեկարգումներու ճանապարհով, այլ նաեւ զգալիօրէն աճ արձանագրելով մշակութային եւ ընկերային մակարդակներու վրայ»:
Օգտուելով առիթէն, Պր. Գալուստ նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, որ «միշտ թիկունք ու զօրավիգ կանգնած է Մեսրոպեան վարժարանին, բոլոր մարզերէն ներս»:
Վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ յուշանուէր մը պիտի յանձնէր Տիկ. Միրնա Մըրին, որ սակայն անհանգստութեան պատճառով չէր կրցած այցելել Մեսրոպեան վարժարան: Անոր տեղակալ Դոկտ. Նիքոլա Սամահայի հաւաստմամբ, Տիկ. Միրնա Մըրի ապաքինումէն անմիջապէս ետք պարոն տնօրէնը անձամբ պիտի յանձնէ յուշանուէրը վերջինիս:
Հանդիսութենէն ետք, մեծարգոյ հիւրերը շրջագայեցան վարժարանին մէջ, ապա Դոկտ. Նիքոլա Սամահա իր տպաւորութիւններուն մասին անդրադարձաւ վարժարանի Ոսկեմատեանին մէջ, ուր յատկապէս կÿըսէ. «Եթէ կը փափաքիս մէկ տարուան համար ցանք ընել՝ ցորեն ցանէ, եթէ  կը փափաքիս քանի մը տարիներու համար ցանք ընել՝ ձիթապտուղ ցանէ, իսկ եթէ կը փափաքիս յաւերժի համար ցանք ընել - ամուր սերունդներ ցանէ: Կը շնորհաւորեմ ձեզի: Կասկած չունիմ, որ ձեր ցանած սերմերը յաւերժի ամուր սերունդն են: Կը շնորհաւորեմ տնօրէնութեան, իր տարած աշխատանքներուն դիմաց եւ Աստուած ձեզի պահապան»:
Մեծարգոյ հիւրերը մեկնեցան վարժարանէն կէսօրուան ժամը 12:30-ին, իրենց հետ տանելով հայութեան եւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի մասին գեղեցիկ տպաւորութիւններ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ