Ուրբաթ, 26 Մայիս 2006 - Լուրտի Քարայրը
Յոյժ Սիրելի հոգեղբայրներ եւ հոգեքոյրեր,
Ահ՛ա մեր ուխտի երկրորդ օրն է որ կ’անցնենք Լուրտի սրբավայրին հովանիին ներքեւ, ուր կարծէք երկինքը միացաւ երկրին, Աստուածամօր երեւումներով, փոքրիկ գեղջուհիին՝ Բեռնադէթին, կարծէք երկինքը ուզեց յոյսի պատգամ մը ձգել յուսալքուած մարդոց:
Աստուած իր խօսքը խոնարհ հոգիներուն կը յայտնէ: Երանի՛ անոր որ կ’ըմբռնէ Աստուծոյ պատգամը, որովհետեւ շատեր զայն կը շօշափեն բայց չեն հասկնար, անոր քովէն կ’անցնին եւ անկէ չեն օգտուիր: Երանի անոր որ գիտէ զանազանել աստուածայինին եւ մարդկայինին միջեւ եւ ընտրել էականը եւ ոչ անցողականը, անանցելին եւ ոչ երեւոյթը: Եւ երանի պարզ հոգիներուն, ինչպէս Բեռնադէթ Սուպիրու, որոնք կը համապատասխանեն Աստուծոյ շնորհքին եւ չեն գայթակղիր, կը հետեւին Աստուծոյ ձայնին եւ չեն վարանիր: Անոնք Բեռնադէթի նման՝ պարզ ու խոնարհ, կը հաւատան աստուածային խօսքին, որ կը թափանցէ անոնց սիրտը եւ զայն կը բեղմնաւորէ: Իսկ անոնք, որոնց սիրտն ու խելքը զբաղուած են այլեւայլ ծրագիրներով, չեն ընբռներ Աստուծոյ խօսքը, որ կ’ուզէ իրենց պարգեւել երջանկութիւնը:
Բայց ին՞չու համար ոմանք կը համապատասխանեն Աստուծոյ ձայնին եւ ուրիշներ ոչ: Ին՞չու պարզ հոգիները աւելի ընդունակ են աստուածային պատգամին եւ կարողները ու խելացիները զայն դիւրաւ չեն ըմբռներ: Որովհետեւ կարող մարդիկ շատ աւելի կարեւորութիւն կ’ընծայեն իրենց գաղափարին քան Աստուծոյ պատգամին: Ս. Գիրքը այս կարեւոր հարցադրումին յաճախ պատասխանած է թէ հին եւ թէ նոր Կտակարաններուն մէջ այս նշանակալից խօսքերով. «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, Իր շնորհքը կու տայ խոնարհներուն», ինչպէս էր Բեռնադէթը եւ ուրիշ շատեր: Աստուած այսպիսի պարզ հոգիներ կ’ընտրէ, որոնք անմիջապէս կը հաւատան իր խօսքին եւ զայն կը գործադրեն, ի գին ամէն տեսակ նեղութիւններու եւ հակառակութիւններու, ինչպէս որ պատահեցաւ փոքրիկ Բեռնադէթին: Դուք անպատճառ կարդացած էք անոր կեանքը եւ անդրադարձած պէտք է ըլլաք անոր պարզութեան մասին, ինչպէս նաեւ անոր կրած տառապանքներուն՝ անհասկացողութեան պատճառով ըլլայ իր շրջանակէն, ըլլայ տեղւոյն իշխանութենէն:
Որքան մէկը փոքրիկ է իր աչքին առջեւ, նոյնքան մեծ է Աստուծոյ համար. որքան պարզ է եւ անկեղծ՝ այնքան Աստուած անոր միտքը ու սիրտը կը լեցնէ Իր աստուածային իմաստութեամբը: Աստուած ամէն դարուն եւ ամէն սերունդին մէջ այսպիսի հոգիներ կը փնտռէ: Իսկ անոնք որոնց սիրտը լեցուն է արդէն մարդկային ծրագիրներով, կրնան յաջողութիւն գտնել իրենց գործին մէջ, բայց տեղ չեն ձգեր Աստուծոյ փրկաւէտ ծրագիրներուն, որոնք կը նպաստեն թէ անոնց եւ թէ ուրիշներուն փրկութեան եւ երջանկութեան: Ասոնք կը մտահոգուին կատարելու անցողակի իրագործումներ ու յաջողութիւններ, եւ սակայն միշտ անյաք կը մնան եւ երջանկութեան չեն հասնիր, ինչպէս կրնանք նշմարել:
Սիրելի ուխտաւոր եղբայրներ եւ քոյրեր, Համբարձման շրջանը ուրախութեան շրջան մըն է, որովհետեւ Համբարձումը մեր հաւատքը կը զօրացնէ: Եւ ինչպէս առաքեալները դիտեցին Յիսուս երկինք բարձրանալը, նոյնպէս մենք պարտինք մեր ամբողջ կեանքովը ձգտիլ դէպի երկինք: Հոն է մեր վախճանը, հոն է մեր փրկութիւնը, հոն է մեր երջանկութիւնը: Մեր առօրեան պէտք չէ մեզի մոռցնել տայ մեր կեանքին նպատակը: Մեր առօրեան պիտի ապրինք փնտռելով եւ կատարելով Աստուծոյ կամքը: Պէտք չէ բաժնել ոմանց պէս ներկայ կեանքը ապագայ կեանքէն: Անոնք իրարու հեր սերտ կերպով կապուած պէտք է մնան: Երկինք երթալու փափաքը պէտք է խթանը ըլլայ մեր բոլոր գործերուն եւ ծրագիրներուն: Ով որ ապագայ կեանքի յոյսը չունի, աննպատակ մարդ կը դառնայ, եւ իր յաջողութիւններն իսկ չեն գոհացներ զինք:
Ընդհակառակն, մենք նպատակ ունինք, յոյս ունինք եւ ապահովութիւն ունինք որ մեր կեանքը հոս չի լմնար, որովհետեւ Յիսուս մեզի համար բացաւ երկնքի դռները եւ մեզ հրաւիրեց իրեն հետեւելու: Արդէն մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները այս ճամբան բռնեցին 91 տարի առաջ, փայլուն եւ խօսուն օրինակ մը ձգելով մեզի: Անոնք չսխալեցան եւ ասոր համար իրենց փառապանծ յիշատակը կ’ոգեկոչենք ամէն տարի:
Սիրելիներս, աստուածամօր մայրական գուրգուրանքին ապաւինի՛նք եւ քաջաբար ապրի՛նք մեր քրիստոնեայի եւ հայու կոչումը, եւ պիտի արժանանանք երկնքի արքայութեան մեր հարազատներուն հետ, որոնք մեզ հոն կանխեցին: Ամէն:
|