Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2011 - Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութիւն Մեսրոպեան վարժարանի մէջ

Պուրճ Համուտ

Կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու բաժինին, Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 11։20-ին վարժարանի շրջաբակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն, նուիրուած Լիբանանի անկախութեան տօնին։
Ներկայ բոլոր աշակերտութիւնը, ուսուցչական եւ տեսչական կազմերը, վարժարանի ծնողական օժանդակ մարմնի տիկինները վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ կատարեցին Լիբանանի պետական քայլերգը, որով մեկնարկեց Լիբանանի անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը։ Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց 12-րդ դասարանի աշակերտուհի՝ Ռիթա Պօղոսեան, որ յատկապէս ըսաւ. «Իւրաքանչիւր տարի կը տօնենք Լիբանանի անկախութեան՝ անոր կայունութեան, յառաջդիմութեան, զարգացման այս բացառիկ գեղեցիկ տօնը։ Այն օրը, որ անցեալը կը կապէ ներկային, ինչպէս նաեւ հաւատք եւ յոյս կը ներշնչէ աւելի փայլուն ու գեղեցիկ ապագայ մը ունենալուն։ Այս օրն էր, որ կտրեց բռնութեան շղթաները եւ լիբանանցիներուն սիրտերը լեցուց հպարտութեամբ։ Այս օրն էր, որ նուաճուեցաւ մեր բազում նահատակներու կեանքին գինով եւ տրուեցաւ մեզի՝ ապագայի Լիբանանի կառուցողներուն։ Այսօր կը դիմեմ բոլոր հայրենասէր լիբանանցիներուն, որ չ՛անտեսեն այս անկախութիւնը եւ տան անոր լիարժէք նշանակութիւն եւ արժանի նուիրուածութիւն»։ Ռ.Պօղոսեանի խօսքին յաջորդեցին վարժարանի երգչախումբի զոյգ կատարումները։ Երգչախումբը երգեց Լիբանանին նուիրուած հայերէն եւ արաբերէն երգեր։
Այնուհետեւ Ռիթա  Պօղոսեան հրաւիրեց օրուան պատգամախօսը՝ վարժարանի ուսուցչապետ՝ Պր. Ապտըլ Մասսիհ Ապու Իլիաս, փոխանցելու համար օրուան խորհուրդը։ Պր. Ապտըլ Մասսիհ Ապու Իլիաս յատկապէս խօսեցաւ Լիբանան պետութեան դժուար ու տառապեալ անցեալին, անկախութեան նուաճումի ճամբուն վրայ տեղի ունեցած հերոսամարտերուն եւ այն հերոս նահատակներուն մասին, որոնց արեան գնով ձեռք բերուեցաւ այս անկախութիւնը։ Շարունակելով իր խօսքը, Պր. Ապտըլ Մասսիհ Ապու Իլիաս ըսաւ. «Լիբանանը ազատ երկիր է, արժանապատուութեամբ եւ հպարտութեամբ օժտուած։ Տակաւին հին ժամանակներէն սկսեալ բազում բարբարոս ցեղեր փորձած են տիրել այս չքնաղ երկրին, սակայն այդ անոնց չէ յաջողուած։ Շատ արիւններ հոսած ան այս երկրին անկախութեան համար։ Որպէս լիբանանցիներ մենք մարտիրոսութեան ճամբան անցանք, պահելու եւ պահպանելու համար մարդկային արժէքներէն բարձրագոյնը հանդիսացող անկախութիւնը։ Մենք գիտենք, որ հայ ժողովուրդը նոյնպէս իր պատմութեան ընթացքին տառապած է, ունեցած է բազում նահատակներ, որպէսզի պահէ իր հաւատքը, պատմութիւնը եւ անկախութիւնը»։ Աւարտելով իր խօսքը, օրուան պատգամախօսը ըսաւ. «Անկախութիւնը մեր ամենօրեայ ապրումն է, արժանավայել կեանք մը ապրելու համար, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը գտնէ իր տեղը։ Միաժամանակ 68 տարի բոլորս յոյսով ենք, որ այս բոլոր ջանքերը պիտի հասնին անոր, որ բոլորը պիտի համախմբուին լիբանանեան բանակի շուրջ, զօրացնելու համար այն, որպէսզի ան իր առաքելութեան մէջ մնայ կայուն, պահելու եւ պահպանելու համար մեր սուրբ երկիրը միշտ ազատ եւ անկախ»։
Պատգամախօս Ապտըլ Մասսիհ Ապու Իլիասի խօսքին յաջորդեցին նախակրթարանի առաջին, երկրորդ, չորրորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտութեան խմբային ասմունքները յաջորդաբար։ Այնուհետեւ երգեց 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Սինթիա Արապկիրլեան, ընկերակցութեամբ վարժարանի երգչախումբի, այսպիսով աւարտելով վարժարանի՝ Լիբանանի անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը։

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ