Երեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2014 - Վսեմաշուք Կարդինալ Սանտրի իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ քեսապահայութեան

Պէյրութ

26 մարտին, Քեսապի գրաւումին եւ հայութեան տեղահանումի տխուր լուրին որպէս արձագանգ, Վսեմաշուք Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի՝ Նախագահ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հռոմէն հեռաձայնային կապով մը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Քեսապի տեղահանուած հայ ժողովուրդին ինչպէս նաեւ եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան: Ան փոխանցեց նաեւ Սրբազան Քահանայապետին զօրակցութեան խոր զգացումները եւ վստահեցուց Սրբազան Պապին եւ իր աղօթքները հայ ժողովուրդին տառապալի այս պահուն:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Կարդինալին ներկայացուց քեսապահայութեան այսօրուան իրավիճակը (Լաթաքիա կամ Պէյրութ), եւ այն բոլոր աշվատանքները որոնք կը կատարուին հայկական եկեղեցական կամ ընկերային կառոյցներուն կողմէն, օգնութեան հասնելու համար այսօրուան կարիքաւորին, որ երէկ իր հողին վրայ, գարնանամուտին, կը սպասէր տարւոյն բերքին, պատառ մը հաց բերելու համար քրիստոնեայ ընտանիքներուն սեղանին, առանց մոռնալու խորանին նշխարը: Կարդինալ Սանտրի տեղեկացաւ նաեւ թէ Քեսապի՝ ըլլայ կաթողիկէ ըլլայ առաքելական եւ աւետարանական յարանուանութիւններուն աղօթավայրերը գրաւուած են Թուրքիայէն խուժած զինեալներու կողմէն, եւ թէ այսօր Քեսապի հետ կապ կարելի չէ հաստատել:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իմացաւ նաեւ թէ Վատիկանեան բարեսիրական հաստատութիւններ արդէն օգնութեան կը հասնին Սուրիոյ ժողովուրդին, եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին միջոցաւ պիտի զօրակցին նաեւ քեսապահայութեան: 

Նշենք, որ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակին 25 մարտ թուակիր հաղորդագրութեան մէջ յիշուած էր «22 մարտ»ը որպէս սկիզբ Քեսապի տեղահանումին: Կը ճշդենք թէ այս դէպքը պատահած է 21 մարտի առաւօտեան կանուխ ժամերուն: 

Պէյրութ, 26 մարտ 2014

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ