Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2007 - Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի Շրջանաւարտներու Վկայականաց Բաշխում

 Լիբանան

 
Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանը, Շաբաթ, 14 Յուլիս 2007ին տուաւ իր հերթական հունձքը: 2006-2007 տարուան բերրի այդ հունձքը կը կազմէին տարբեր մասնագիտութիւններու
 
մէջ մասնագիտացած թիւով 153 շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներ: Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի յարկին տակ ամէն տարի ուսանելու կու գան տասնեակ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, մասնագիտանալու համար մանկավարժութեան, ընդհանուր հաշտուապահութեան, առեւտրական գիտութիւններու, համակարգչային գիտութեան եւ ինթըրնէթի, շպարումի, վարսայարդարումի, համակարգչային նորոգութեան, ոսկերչութեան, խոհարարութեան, օտար լեզուներու, հիւանդապահութեան եւ այլ մասնագիտութիւններու մէջ:

Այս մասնագէտները հետագային կամ կը շարունակեն իրենց ուսումը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ, կամ ալ վստահօրէն ու ապահով կը նետուին գործի ասպարէզ:
2006-2007 ուսումնական տարուան վկայականաց բաշխման հանդէսը, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ պր. Անդրանիկ Մսըրլեանի, բացուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ոտնկայս ունկնդրութեամբ: Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահին եւ բոլոր ներկաներուն:

Խօսքը ուղղելով օրուան շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներուն, Պր. Կրէկուար Գալուստ ըսաւ. «TS-ի շրջանաւարտները Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի առաջին հունձքն են, որ պիտի ստանան բարձրագոյն վկայականներ մանկավարժութեան բաժինէն: Խօսքը ուղղելով թեքնիք պաքալորիայի ուսանողներուն ան ըսաւ. «Վաղը ձեզմէ շատեր պիտի նետուին համալսարանական բարձրագոյն ուսման  ասպարէզ կամ պիտի շարունակեն TS բարձրագոյն ուսումը:  Այսօր մեր թեքնիք պաքալօրէայի աշակերտները լիբանանեան տարբեր համալսարանենրու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայկազեան Համալսարանին մէջ կÿարձանագրեն պատուաբեր արդիւնքներ: Ձեզի կը մաղթեմ նոյնը»:

 
Անոնց, ովքեր տիրացած էին տարբեր արհեստներու, պարոն տնօրէնը ըսաւ. «Դուք այն բախտաւորներէն էք, որ կը տիրապետէք թէ տեսականին, թէ գործնականին, մէկ խօսքով ըսուած՝
 
ձեր ձեռքին ունիք այն ոսկիէ ապարանջան, որ ձեզի իբրեւ փարոս կրնայ ծառայել կեանքի մէջ, ինքնավստահ ու ապահով նետուելու համար ամէնէն խրթին գործերու ասպարէզներ, կապուած ձեր ձեռք ձգած մասնագիտութիւններուն հետ: Ձեզի ալ կը մաղթեմ մեծագոյն յաջողութիւններ ձեր կեանքին մէջ»:

Ապա Պրն. Կրէկուար Գալուստ շնորհաւորեց Արուեստից վարժարանի բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, շրջանաւարտներու ծնողները, շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն եւ բարեկամներուն:

Տնօրէնի խօսքին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմող «Ֆրիտըմ» պարախումբի ելոյթը: Անոնք ներկայացուցին հայկական պարերու գեղեցիկ շարք մը:

Ապա Լենա Պալըգճեան հանդէս եկաւ ասմունքով: Ան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Տաղ Հայերէն Լեզուի» բանաստեղծութիւնը:

Շրջանաւարտներու անունով հայերէն խօսք առաւ Գոհար Առաքելեան, որմէ ետք զոյգ խմբերգներով հանդէս եկան շրջանաւարտները, կատարելով «Միասնութեան Շուրջպար» եւ «սահրըդնա աա տրաժ ալ ուարտ» երգերը:

 
Շրջանաւարտներու անունով անգլերէն խօսքը փոխանցեց Էլիզապէթ Ազէզեանը:
 


Ապա «Ֆրիտըմ» պարախումբը հանդէս եկաւ յունական պարերու շարանով մը:

«Ուսանողական Կեանքը Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանէն ներս» խորագրեալ Տի.Վի.Տի.ն կը պատմէր ուսանողութեան առօրեայի մասին վարժարանի յարկին տակ: Տի.Վի.Տի.-ի ցուցադրութենէն յետոյ խօսք առաւ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան, որ հայրական խօսքին մէջ անդրադարձաւ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի մեծ դերակատարութեան լիբանանահայ իրականութեան մէջ: Անդրադառնալով այսօրուան թեքնոլոճիի զարգացման, ան նկատեց, որ այդ զարգացումը միշտ չէ, որ կը տանի դէպի դրական ուղիներ: Օրուան շրջանաւարտներուն խօսք ուղղելով, ան կոչ ըրաւ բոլորին թեքնոլոճիի զարգացումը ծառայեցնել միայն մարդկութեան բարօրութեան:

Արհիապատիւ Հօր խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, որուն յաջորդեցին շնորհաւորութիւնները վարժարանի շրջափակին մէջ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ