Լիբանան
Հինգշաբթի 7 Օգոստոս 2008ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան այցելեց Փարիզի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ եւ Ֆրանսայի թեմի «Եկեղեցին Հայկական» ամսական տեղեկագրի խմբագրապետ՝ Հայր Գէորգ վրդ.Ասատուրեանը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ կայքէջի տնօրէնութեան հետ: Այս մտերմիկ հանդիպման ընթացքին, հայր Գէորգ խօսեցաւ կայքէջի ունեցած դրական ազդեցութեան մասին, նկատելով զայն բարի հաղորդակցութեան միջոց աշխարհի չորս կողմերը ապրող հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ զաւակներուն:
Մտահոգութիւններու արծարծման ծիրէն ներս, հայր Գէորգ մատնանշեց որոշ վրիպումներ կայքէջի էջերուն վրայ, որոնցմէ գլխաւորը անցեալ տարի(2007ին) տեղի ունեցած Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա եկեղեցւոյ ժողովրդապետի 22 ամեայ գործունէութեան հրաժեշտի երեկոյի հաղորդագրութեան բացակայութիւնն է: Ան խօսեցաւ նաեւ մամուլի դիմագրաւած տարբեր դժուարութիւններուն մասին, յիշելով իր երկար տարիներու փորձառութիւնը "Voice of Charity" Լիբանանեան Քրիստոնեայ ռատիոկայանին մէջ:
Կայքէջի տնօրէնութիւնը իր կարգին համբերութիւն կը խնդրէ իր ընթերցողներէն եւ կը փափաքի որ ապագային համագործակցութիւնը աւելի եւս սերտանայ հայ կաթողիկէ տարբեր հաղորդամիջոցներուն միջեւ:
Այս առթիւ նշելի է կայքէջիս մէջ նոր կապեր Telepace եւ Radio Vatican Sezione Armena հաղորդամիջոցներուն հետ:
Մինջ մեծապէս գնահատելով հայր Գէորգին երկարամեայ ծառայութիւնը Լիբանանի թեմէն ներս, կայքէջի տնօրէնութիւնը կը մաղթէ անոր արեւշատ եւ բեղուն առաքելութիւն Եւրոպայի մէջ:
Կայքէջի խմբագրութիւնը միշտ կը մնայ բոլորին տրամադրութեան տակ [email protected] հասցէին: Հեռաձայնային կապ՝ 009611570555: