Չորեքշաբթի, 21 Յունուար 2015 - Մալթայի Դեսպանը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

 

Պէյրութ

 

20 յունուար 2015, Երեքշաբթի երեկոյեան, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ «Մալթայի Բարձր Կարգի» դեսպան՝ Շարլ Հանրի Տարակոնի: Հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց մասնաւորաբար Լիբանանի կացութիւնը եւ սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը։ Պարոն դեսպանը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տեղեկացուց իր «Կարգին» կողմէ գաղթականներուն եւ ընդհանրապէս լիբանանցի կարիքաւորներուն մատուցուած օգնութիւններու մասին։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ մեծարգոյ հիւրը այս հանդիպումը նկատեցին սկզբնաւորութիւնը ապագայ մարդասիրական համախորհուրդ գործունէութիւններուն։  Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան եւ տիկին Անի Գալուստ :

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ