Ուրբաթ, 5 Սեպտեմբեր 2008 - Շնորհաւորագիր Բակօ Սահակեանին ԼՂՀ Հռչակման եւ Անկախութեան 17-րդ Ամեակի Առիթով

Զմմառ, 2 Սեպտեմբեր 2008

Դիւան թիւ 206/08

Մեծայարգ Տիար Բակօ Սահակեան
Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ

Վսեմաշուք Պարոն Նախագահ,

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման եւ անկախութեան 17 ամեակին առիթով, կը շնորհաւորենք Ձեզ, Ձեր գործակիցները  եւ համայն արցախահայութիւնը: Մեր շնորհաւորութիւններուն կը միացնենք մեր աղօթքը առ Աստուած որպէսզի իր հովանին անպակաս ընէ Ձեր վրայէն եւ զօրացնէ Ձեզ՝ ԼՂՀանրապետութեան անկախութեան անսասանութեան, հզօրացման եւ արցախահայութեան բարօրութեան համար Ձեր մղած պայքարին մէջ: Այդ հովանին կարեւոր է մանաւանդ այս օրերուն, ամբողջ տարածաշրջանը խռովող ներկայ փոթորկալի հանգրուանին մէջ: Վստահ կրնաք ըլլալ որ Դուք երբեք առանձին պիտի չըլլաք ձեր պայքարին մէջ եւ պիտի շարունակէք վայելել համայն Հայութեան անսակարկ զօրակցութիւնը: Վստահ եղէք որ Մենք՝ որպէս Հայ Կաթողիկէ Համայնքապետ, բոլոր մակարդակներու վրայ մեր ունեցած շփումներու ընթացքին երբեք մտահան պիտի չընենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման պահանջը եւ այդ պահանջը յարաճուն ուժգնութեամբ պիտի հնչեցնենք ամէն առթիւ:
 Թող Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր բարեխնամ հայեացքը անպակաս ըլլայ Ձեր եւ Արցախի մեր ժողովուրդին վրայէն:

 Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ