Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2014 - Հայ կաթողիկէ պատրիարքական գերագոյն խորհուրդի ժողով

Պէյրութ

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, հայ կաթողիկէ պատրիարքական գերագոյն խորհուրդը իր ժողովը գումարեց երկուշաբթի 31 մարտ 2014-ին, քննարկելու համար Քեսապի աղէտալի դէպքերն ու անոնց հետեւանքները: Երկար քննարկումէ ետք, ժողովը հրապարակեց  հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Ժողովին մասնակիցները կը դատապարտեն 21 մարտին Թուրքիոյ սահմանակից՝ Սուրիոյ Քեսապ շրջանին մէջ  պատահած՝ հայերու, քրիստոնեաներու եւ  անմեղ քաղաքացիներու տեղահանութիւնները  եւ անոնց դէմ գործուած բռնարարքները։  ժողովը կոչ կ'ուղղէ միջազգային ընտանիքին, յատկապէս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի մնայուն անդամ երկիրներուն՝
- Աշխատիլ Քեսապի շրջանը զերծ պահելու պատերազմական գործողութիւններէ, որուն զոհ կ'երթան անմեղներ, յատկապէս հայ ժողովուրդէն:
- Օժանդակել քեսապի գաղթականներուն եւ հոգալ անոնց մարդասիրական պէտքերը, մինչեւ անոնց ապահով վերադարձը  հայրենի տուն:
- Միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը ուղղել  թրքական պետութեան վրայ, որպէսզի  երաշխաւորէ իր սահմանին հսկողութիւնը եւ որպէսզի չկրկնուի այն ինչ որ պատահեցաւ։ Ժողովը յոյս յայտնեց որ այս կոչը, որ կը զուգադիպի Հայոց Ցեղասպանութեան 99 տարելիցին, արձագանգ գտնէ համաշխարհային մարդկային խղճին մօտ, վերջ տալու համար անիրաւութեան աշխարհի տարածքին:

Դիւան
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ