Պէյրութ
«Ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, ինչ որ աղօթքով խնդրէք եւ հաւատաք թէ պիտի ընդունիք՝ պիտի կատարուի» (Մկ. 11, 24):
Արհի. Գերպ. Տիարք
Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ հոգեւոր հայրեր
Առաքինազարդ քոյրեր
Յոյժ սիրելի հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,
Հաւատքի Տարին՝ հռչակումը եւ նպատակները.
Հոկտեմբեր 11, 2012-ին, Նորին Սրբութիւնը Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբ. Քահանայապետը հռչակեց բացումը Հաւատքի Տարիին, որ պիտի երկարի մինչեւ Նոյեմբեր 24, 2013-ին: Հաւատքի Տարին երկու նպատակներ ունի.
Առաջին նպատակը՝ քրիստոնեայ հաւատքը վերարծարծել հին քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մօտ, ինչպէս է հայ ժողովուրդը, որ Դ. դարուն սկիզբը ընդունեցաւ քրիստոնեայ հաւատքը Կատադովկիա Կեսարիայէն եկած Գրիգոր անունով քարոզիչի մը ձեռքով, որ յետագային անուանուեցաւ Հայոց Լուսաւորիչ, որովհետեւ ան հայազգի զաւակները լուսաւորեց սուրբ Աւետարանի խօսքով: Գիտենք եւ կը հպարտանանք որ հայ ժողովուրդը առաջինն է որդեգրելու քրիստոնեայ կրօնքը պետական մակարդակով, եւ պատրաստ եղաւ, եթէ հարկ ըլլայ, Քրիստոսի համար իր կեանքն իսկ զոհելու, ինչ որ պատահեցաւ ամէն անգամ որ ոչ-խաչապաշտ աշխարհակալներ տիրապետեցին Հայաստանին վրայ, մինչեւ 1915-ի ցեղասպանութեան տխրահռչակ, բայց միանգամայն պանծալի եւ հերոսական նահատակներուն օրերը: Ո՞րքանով այսօրուայ հայազգի զաւակները այս հաւատքով կ'ապրին:
Երկրորդ նպատակն է ծանօթացնել Քրիստոսը ոչ մկրտուածներուն, որոնց թիւը հասած է մօտ 4 միլիար եւ 800 միլիոն հոգիի: Պէտք չէ մոռնալ որ Աստուած զանոնք կը սիրէ եւ թէ Յիսուս անոնց փրկութեան համար իր թանկագին արիւնը թափած է: Ո՞վ պիտի աւետէ անոնց սուրբ Աւետարանի բարի լուրը, ինչպէս ժամանակին Սուրբ Գրիգորը զայն մեզի աւետեց: Արդեօք Յիսուս իր աշակերտներուն չ՞է հրահանգած, որ ըլլան «աշխարհին լոյսը եւ երկրին աղը»: Տակաւին մեր մէջ կա՞ն արդեօք աւետարանիչներ:
Ա. Խորհրդածութիւն՝ Հաւատքին 2 տեսակները.
Լաւ է յոյժ սիրելիներ, որ յստակ գաղափար մը ունենաք հաւատքին մասին: Կայ հաւատք մը, որ կը հայի վարդապետական ճշմարտութիւններուն, որ կը կոչենք «տոկմա»: Այս տեսակ հաւատքը անհրաժեշտ է մեր փրկութեան համար: Եկեղեցին խտացուցած է այս հաւատքի ճշմարտութիւնները հաւատամքի բանաձեւին մէջ, որ ամէն երեխայ, եւ եթէ մանուկ է՝ իր կնքահայրը կամ կնքամայրը, պէտք է դաւանի, որպէսզի կարենայ մկրտութեան խորհուրդը ընդունիլ: Եկեղեցին ներմուծած է սոյն հաւատամքը Սուրբ Պատարագին մէջ, որպէսզի հաւատացեալները զայն միշտ յիշեն:
Կայ նաեւ հաւատք մը, որ ան ալ Քրիստոսի շնորհքն է: Անոր մասին սուրբ Պօղոս կ'ըսէ. «Մէկու մը տրուած է սուրբ Հոգիէն իմաստութեան խօսքը, ուրիշի մը գիտութեան խօսքը, ըստ նոյն Հոգիին, ուրիշի մը՝ հաւատքը նոյն Հոգիով» (Ա. Կորն. 12, 8-9): Այսպիսի հաւատք մը, որ սուրբ Հոգիէն ոմանց տրուած է, չի հայիր միայն վերոյիշեալ վարդապետական ճշմարտութիւններուն, այլ՝ ան պատճառ կը դառնայ այն կատարելիք սքանչելիքներուն եւ հրաշքներուն, որոնք կը գերազանցեն մարդկային կարողութիւնները:
Բոլոր սուրբերը հրաշքներ գործեցին, բայց իրենց մարդկային ուժերով չէ որ զանոնք գործեցին, այլ՝ իրենց հաւատքով հիմնուած ամենակարող Աստուծոյ զօրութեան վրայ սոյն հրաշքները գործեցին:
Այսպիսի հաւատքին մասին Յիսուս կ'ըսէ. «Ճշմարիտ կ՚ ըսեմ ձեզի, եթէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենաք եւ այս լերան ըսէք, այստեղէն անդին փոխադրուէ, պիտի փոխադրուի, եւ ո՛չ մէկ բան անկարելի պիտի ըլլայ ձեզի» (Մտթ. 17, 20): Մանանեխի հատիկը շատ փոքր հատիկ մըն է, բայց ան արտակարգ ոյժ ունի: Նոյնպէս, հաւատքը, խոր հաւատք ունեցողին միջոցաւ, հրաշալիքներ կը գործէ: Եթէ ունենաք այսպիսի հաւատք մը, խորապէս ամրացած ձեր սրտին մէջ, ան ձեզի պիտի շնորհէ ոյժը մարդկային կարողութիւններէն վեր գործեր կատարելու: Հրաշքներ միշտ տեղի ունեցած են Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, զանազան անձերու կողմէ անխտիր կերպով՝ կրօնաւոր թէ աշխարհական, տարիքով մեծ թէ փոքր, կին թէ մարդ, ուսեալ թէ անուս: Լեռը տեղափոխել կը նշանակէ մարդկօրէն անկարելի բաները կարելի դարձնել:
Բ. խորհրդածութիւն՝ քրիստոնեան եւ աւետարանացումը.
Սիրելիներ, ամէն մկրտուած անձ կոչուած է աւետարանիչ, այսինքն քարոզիչ դառնալու իր շրջանակէն ներս: Ընտանիքը՝ առաջին օրանն է հաւատքը փոխանցելու իր զաւակներուն՝ հաւատացեալ ծնողքի կողմէ: Ձեզ բոլորդ կը հրաւիրեմ տարածելու բարի լուրը, այսինքն սուրբ Աւետարանը, ամէն մարդու, մանաւանդ հայազգի զաւակներուն, որոնք այնքան կարիք ունին, եւ յատուկէն ծնողքը՝ ծնողներուն, երիտասարդը՝ երիտասարդներուն եւ մանուկը՝ մանուկներուն, բոլորդ՝ բոլորին:
Պէտք է գիտնաք սակայն, թէ հարկ է որ Աստուծոյ խօսքին քարզիչը նախ ինքը պատրաստուած պէտք է ըլլայ քարոզելու եւ հաւատքին վկայելու: Ինչպ՞էս. Աստուծոյ խօսքը լսելով, սուրբ Գիրքը ամէն օր կարդալով ու անոր մասին խորհրդածելով, կանոնաւոր կերպով աղօթելով եւ խոնարհաբար բարեգործութիւններ կատարելով: Մեծապէս օգտակար է նաեւ զանազան սուրբերուն վարքը ճանչնալ, որովհետեւ սուրբերը մեզի պէս մեղանչական մարդիկ էին, բայց անոնք հաւատացին Աստուծոյ սիրոյն եւ Անոր մեծ ողորմութեան: Սուրբերուն կեանքը ապրուած աւետարան է:
Յոյժ սիրելիներ, հաւատքը փոխանցելով պիտի կարենաք սուրբ Աւետարանի ուրախութիւնը եւ խաղաղութիւնը սփռել ձեզ լսողներուն սրտին մէջ: Քաջ գիտցէ՛ք, որ հաւատքը դրամէն, իշխանութենէն եւ գիտութենէն շատ աւելի զօրաւոր է եւ ազդու, եւ անով կարելի է լեռներն անգամ տեղափոխել, այսինքն՝ շատ դժուար բաներ հաւատքով իրագործել:
Խօսքս կը փակեմ առաքեալներու Յիսուսին ուղղուած հետեւեալ խօսքով. «Տէ՛ր, աւելցո՛ւր մեր հաւատքը» (Ղկ. 17, 5):
Տէր Յիսուս Քրիստոս ներկայ ժողովուրդին սրտին մէջ աւելցո՛ւր հաւատքը:
Տէր Յիսուս Քրիստոս մեր համայնքի բոլոր զաւակներուն մօտ աւելցո՛ւր հաւատքը:
Տէր Յիսուս Քրիստոս թո՛ղ մեր համայնքին մէջէն բազմաթիւ աւետարանիչներ երեւան գան: Ամէն:
+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց