Պէյրութ, 29 Սեպտեմբեր 2012
Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաղոթիկոս Պատրիարք կատարեց հետեւեալ անուանումը.
Պատրիարքական Դիւան թիւ 213/12
Գերյարգելի Հայր ԳԷորգ Ծ.Վ. Եղիայեան,
Սոյն գրութեամբ քեզ կ'անուանենք «Սուրբ Գրիգոր - Սուրբ Եղիա» Աթոռանիստ եկեղեցւոյ աւագ ժողովրդապետ 01 հոկտեմբեր 2012-էն սկսեալ, ունենալով իբր օգնական ժողովրդապետի՝ Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանը:
Մեր մաղթանքն է, որ պիտի կարենաս լիովին համագործակցիլ օգնական ժողովրդապետին հետ եւ ժողովուրդը մօտեցնել Աստուծոյ սիրոյն եւ մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն:
Հայրական օրհնութեամբ`
+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կայքէջի գործակիցները մեծ ուրախութեամբ կը շնորհաւորհեն հայր Գէորգ ծայրագոյն վարդապետը այս նոր անուանումին համար եւ կը մաղթեն անոր յաջողութիւն իր նոր առաքելութեան մէջ: