Սիրելի՛ հայր Միքայէլ, գիտես, որ 8-9 դեկտեմբերին, ամէն տարի, Արեւմուտքի ու Արեւելքի մէջ, կը կատարուի «Տօն անարատ յղութեան Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի»:
Նաեւ գիտես, որ, դժբախտաբար, քրիստոնեաներէն ոմանք հաւատքը չունին «անարատ յղութեան» եւ ուրիշներ ալ սխալ գաղափար ունին այս շնորհազեղ ու սիրագեղ տօնին բովանդակութեան եւ ճշմարտութեան մասին:
Ինչպէս հարկ է սորվեցնել, նոյնպէս անհրաժեշտ է սորվիլ, քանի, ինչպէս Ս. Պօղոս քանիցս կը ծանուցէ` «չեմ ուզեր, եղբայրնե՜ր, որ տգէտ ըլլաք (1Թես. 4,13): Եղբայրնե՜ր, չեմ ուզեր, որ անգիտանաք այս խորհուրդը եւ դուք ձեզ իմաստուններ համարիք (Հռմ. 11,25): Հոգեւոր պարգեւներուն մասին եւս, եղբայրնե՜ր, չեմ ուզեր, որ տգէտ մնաք» (1Կոր. 12,1):
Առաւել, անսալով աստուածաշնչական առակախօսին, թէ` «տգիտութիւնը անձին համար լաւ չէ» (Առ. 19,2), մէկ կողմէն հարկ է սորվեցնել «խորհուրդը», եւ միւս կողմէն` անհրաժեշտ է սորվիլ «հոգեւոր պարգեւներուն մասին»:
Հետեւաբար, քանի այսօր, մեր տօնակատարութեան պարագային, թէ՛ «խորհուրդը» եւ թէ՛ «հոգեւոր պարգեւն» է Տիրամօր անարատ յղութիւնը, Մարիամի Որդիին` «Քրիստոսի սէ՛րը կը ստիպէ մեզ» (2Կոր. 5,14) խօսիլ ու գրել Անոր` «Յիսուսի Մօր» (Ղկ. 2,34) այս պատմական եւ վարդապետական ճշմարտութեան մասին: Խօսքս կամ գիրս թող պարզ ու յստակ ըլլայ:
Երբ կ՛ըսենք կամ կը գրենք` «անարատ յղութիւնը», կը բացայայտենք ու կը դաւանինք, թէ Մարիամ առանց մեղքի յղացուեցաւ իր մօր արգանդին մէջ:
Երբ կ՛ըսենք կամ կը գրենք` «անարատ յղութիւնը», կը բացայայտենք ու կը դաւանինք, թէ Մարիամ առանց սկզբնակա՛ն մեղքին ծնաւ իր մօրմէն:
Երբ կ՛ըսենք կամ կը գրենք` «անարատ յղութիւնը», կը բացայայտենք ու կը դաւանինք, թէ Մարիամ առանց մեղանչականութեան ապրեցաւ աշխարհին մէջ:
Երբ կ՛ըսենք կամ կը գրենք` «անարատ յղութիւնը», կը բացայայտենք ու կը դաւանինք, թէ Մարիամ առանց մեղաւորութեան վախճանեցաւ:
Հետեւաբար Մարիամի յղութիւնը, ծնունդը, կեանքն ու մահը դիպեցան առանց մեղքին առկայութեան, առանց սկզբնական մեղքին ստացումին, առանց մեղանչականութեան շուքին եւ առանց մեղաւորութեան բիծին:
Ուստի, Մարիամ չէր ուզեր եւ չուզեց մեղանչել: Մարիամ չէր կրնար ու չկրցաւ ըլլալ մեղանչական: Մարիամ չէր գիտեր եւ չգիտցաւ դառնալ մեղաւոր:
Եզրակաբար, իր յղութեան, իր ծնունդին, իր կեանքին եւ իր մահուան մէջ Մարիամ Կոյսը միշտ անարատ է, անբիծ է, անմեղ է, անբասիր է, մաքուր եւ մաքրափայլ է, սուրբ ու սրբագեղ է:
Ուստի, Մարիամ միշտ էր, միշտ եղաւ եւ միշտ է «շնորհքով Լեցունը, Բերկրեալը», որուն «հետն է Տէրը» (Ղկ. 1,28), ինչպէս «ի վերուստ» ղրկուած «Գաբրիէլ հրեշտակը» աւետեց ու յայտնեց ոչ միայն «Կոյսին, որուն անունն էր Մարիամ» (Ղկ. 1,27), այլ նաեւ մարդկութեան` յանձին Ս. Յովսէփ Արդարին (Մտթ. 1,18-24):
Այս պատմական եւ վարդապետական ճշմարտութիւնը միշտ դարձած էր դաւանումը
քրիստոնէական դարերուն եւ դէմքերուն, որոնց լրումը հանդիսացաւ 8 դեկտեմբեր 1854 թուականը, երբ «Մարիամ Աստուածամօր անարատ յղութիւնը» յայտարարուեցաւ «հրամանակարգ վարդապետութիւն», այսինքն` Եկեղեցիին ու մարդկութեան համար «հաւատքի ինչք» աստուածային ու յայտնեալ ճշմարտութեան:
Դեռ չորս տարիներ անցած չէին, երբ ֆրանսական Լուրտ գիւղին մէջ երեւցած «սպիտակափայլ Տիկինը» 25 մարտ 1858-ին իր անունը յայտնեց 1933-ին սրբուհի հռչակուած Պեռնատեթ Սուպիրուին (1844-1879). «Ես եմ Անարատ Յղութիւնը»:
Անյեղլի ճշմարտութիւնը, իրական պատմութիւնն ու փաստացի թուականները, նոյնիսկ լուսապսակեալ դէմքերը կրնան ըլլալ անհաղորդ եւ ապարդիւն, եթէ միշտ այժմէական չեն ժամանակներու հոլովոյթին մէջ ու չունին ըսելիք արդի մարդուն… Զգո՛ւշ, «անարատ յղութիւնն» ունի իր անանցանելի ու յա՜ր նորասաց պատգամը:
Սէրը Աստուծոյ, որ մարդ եղաւ, կ՛ուզէ ազատ ու կատարեալ «այո՛»-ն այն մարդուն, որուն միջոցով կը մարմնանայ եւ կը մարդանայ:
Այսպէս, Մարիամ Կոյսը, Աստուածամարդուն Մայրը, իր «եղիցի՛»-ով անսակարկ «այո՛»-ն արտասանած մանկամարդուհին (Ղկ. 1,38), Դուռն է բոլոր մարդերուն դէպի Փրկիչը մարդերուն, քանի Ի՛նքն է Փրկչին Մուտքը դէպի մեզ` մեղաւորներս:
Այսպէս, Մարիամ Կուսամայրը միայն Յիսուսի Մայրը չէ, այլ նաեւ Մայրը` բոլոր փրկուածներուն: Միայն Աստուածամայր չէ, այլ նաեւ` Մարդամայր, Եկեղեցամայր:
Այսպէս, Մարիամ` անարատ յղացեալը, Քրիստոսի Մայրը չէ ինքնիրեն համար, այլ` մեզի համար, որ մեղաւոր ու մեղանչական մարդեր ենք:
Ուստի, Մարիամ` անարատ յղացեալը, Աստուծոյ համակ «այո՛»-ն է մեզի համար, որ մեզի միջնորդէ այդ «այո՛»-ն Աստուծոյ համար:
Ուրեմն, «անարատ յղութիւնն» ինչպէս Աստուծոյ ամբողջական «այո՛»-ն է մարդուն հանդէպ, նոյնպէս ըլլալու է մարդուն անվերապահ «այո՛»-ն Տիրոջ նկատմամբ:
Եզրակաբար, գոնէ եթէ ուզէինք եւ փորձէինք Մարիամի «այո՛»-ն յարել ու կրկնել, եթէ ուզէինք եւ փորձէինք Աստուծոյ աւելի ըսել «այո՛»-ն քան «ո՛չ»-ը, աւելի հաւատալ քան տարակուսիլ, աւելի յուսալ քան վհատիլ, աւելի սիրել քան ատել, աւելի ներել քան քէննալ, աւելի աղօթել քան անիծել եւ աւելի առաքինանալ քան մեղանչել, այն ատեն մենք աւելի կ՛իւրացնէինք, կ՛ապրէինք կ՛ըմբոշխնէինք ու կը դաւանէինք «անարատ յղութիւնը» մեր երկնային Մօր:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 8 դեկտեմբեր 2013