Երեքշաբթի, 26 Փետրուար 2013 - Բենեդիկտոս ԺԶ. կը բարեփոխէ քահանայապետի ընտրութեան օրէնքը

Վատիկան

Երկուշաբթի 25 փետրուարի կէսօրին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի Պօղոս Զ. անուան սրահին մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի, 22 փետրուար թուակիր Ինքնակամ Գրութիւնը, որ կը բարեփոխէ Սրբազան Հօր 2007-ին հրատարակած, Պապընտիր Ժողովներու օրէնսդրութեան հայող ''Universi Dominici Gregis'' Ինքնակամ գրութեան որոշ կանոնները, «ապահովցնելու նպատակով Սրբազան Քահանայապետի ընտրութեան գործընթացի լաւագոյն կատարումը եւ մասնաւորապէս մի քանի յօդուածներու յստակ մեկնաբանութիւն մը տալու»:

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուցեցան Ինքնակամ գրութեան կեդրոնական մի քանի կէտեր, որոնցմէ նշենք «Գոնքլավի գումարման թուականը»: Արդարեւ «Universi Dominici Gregis» խորագիրը կրող Ինքնակամ Գրութեան մէջ հաստատուած էր թէ ''Գոքլավը'' պէտք է գումարուի «Թափուր Աթոռէն» (Sede Vacante) սկսեալ 15 - 20 օր ետք։ 2013-ի փետրուար 22-ի Ինքնակամ գրութեամբ Կարդինալական դասին իրաւունք կը տրուի վերոյիշեալ ժամանակաշրջանը կանխել պայմանաւ որ կարդինալական դասի բոլոր անդամները արդէն ժամանած ըլլան Հռոմ։

Ինքնակամ գրութիւնը ապա դարձեալ կը հաստատէ թէ քուէներու մեծամասնութիւնը կը կազմուի քուէներու առնուազն 2/3 եւ կ'ընդգծէ բացարձակ գաղտնապահութեան պարտականութիւնը։ Գոնքլավի ընթացքին կարդինալները որեւէ շփում չեն կրնար ունենալ Գոնքլավէն դուրս անձերու հետ այս առնչութեամբ. գոնքլավէն առաջ անոնցմէ պահանջուած է «գաղտնապահութեան երդում» կատարել: 2013- Ինքնակամ գրութիւնը ապա ոչ ընտրող կարդինալներուն կը թոյլատրէ մասնակցիլ Գոնքլաքի առաջին օրուայ «Ընտրուելիք Պապին Համար» մատուցուած համապատարագին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ