Ուրբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2014 - Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Դամասկոսի մէջ

 

Դամասկոս

 

Կիրակի 7 դեկտեմբերին, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ կիսասարկաւագ Սարգիս Պուռունսուզեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը` ձեռամբ Դամասկոսի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Արհիապատիւ հայր Յովսէփ եպիսկոպոս Առնաութեանի:

Առաջնորդը իր քարոզին մէջ վեր առաւ սարկաւագներու ունեցած դերակատարութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին, արարողութիւններուն եւ խորանի ծառայութեան մէջ, հաստատելով, որ անոնք նուիրեալ ծառաներն են Եկեղեցւոյ: Այնուհետեւ ան իր հայրական խրատներն ու թելադրութիւնները տուաւ նորօծ սարկաւագին եւ շնորհաւորեց անոր ձեռնադրութիւնը:

Աւարտին կարդացուեցաւ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին օրհնութեան գիրն ու շնորհաւորանքները: Զայն կարդաց Զմմառեան միաբանութեան ընծայարաններու տեսուչ հայր Բարսեղ վարդապետ Պաղտասարեանը: Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն ժողովրդապետ գերապատիւ հայր Գէորգ վարդապետ Պահէ, արժանապատիւ տէր Կոմիտաս քահանայ Տատաղլեան, որ Արհիապատիւ տէր Պետրոս արքեպիսկոպոս Միրիաթեանին մաղթանքները փոխանցեց: Ներկայ էր նաեւ Դամասկոսի Հայ Առաքելական թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Դամասկոսի մեծահամբաւ «Քնար» երգչախումբը ղեկավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի:

Ապա նորօծ սարկաւագը, անոր ազնուափայլ տիկինը եւ պարագաները եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեցան շնորհաւորութիւնները, որմէ ետք, ի պատիւ տէր Սարգիս սարկաւագ Պուռունսուզեանի, սարքուեցաւ հացկերոյթ մը:

Ստորեւ կու տանք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեան գիրը:

«Երանի անբիծներուն իրենց ճանապարհին վրայ, եւ անոնց որ կ'ընթանան ըստ Տիրոջ օրէնքին» (Սղ 118,1)

Յոյժ Սիրելի Տէր Սարգիս Սարկաւագ Պռունսուզեան,

Ուրախութեամբ իմացայ Սարկաւագութեան ձեռնադրութեանդ լուրը:

Սարկաւագութեան կարգը ստանալ, որ Քահանայական Խորհուրդին առաջին աստիճանն է, կարեւոր հանգրուան մըն է քու կեանքիդ համար, եւ ան կ'արտայայտէ երկար հոգեւոր եւ մտային պատրաստութեանդ պսակումը, ինչպէս նաեւ հաւատքի մարզին մէջ՝ կոչման լուրջ հասունութիւն։

Միայն հաւատքով կարելի է գնահատել այդ շնորհքը, որ Աստուած քեզի կը պարգեւէ եւ քեզ կը մղէ նուիրելու քու կամքդ, ժամանակդ եւ ամբողջ սիրտդ Յիսուսին եւ հոգիներուն ծառայութեան՝ անոնց աւետելով Աստուծոյ անհուն հայրական սէրը եւ անսահման ողորմութիւնը, որպէսզի Աստուծոյ թագաւորութիւնը աւելի տարածուի Դամասկոսի ժողովրդապետութեան հոգիներուն մէջ, ուր պիտի պաշտօնավարես:

(...)

Հայրական օրհնութեամբ՝

† Ներսէս Պետրոս ժԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Պէյրութ, 2 Դեկտեմբեր 2014»:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ