Կիրակնօրեայ խօսքը. «Ի՞նչ օգուտ մարդուն, եթէ շահի ամբողջ աշխարհը եւ կորսնցնէ կամ տուժէ իր կեանքը…»
Սիրելի՛ ընթերցող, այո՛, «ի՞նչ օգուտ մարդուն, եթէ շահի ամբողջ աշխարհը եւ կորսնցնէ կամ տուժէ իր կեանքը…» (Ղկ. 9, 25):
Տիեզերքի ու պատմութեան Իմաստասէրէն դրուած հարցումն է այս խորագիրը, որ, խորքին մէջ, անդրադարձում, յիշեցում եւ սթափեցում է այն սովորական անհատներուն համար, որոնք աշխարհասէր ու նիւթապաշտ են լոկ, ինչպէս ալ այն իշխանաւորներուն համար, որոնք կը պաշտեն իրենց եսը, կը ծառայեն իրենց աթոռին եւ կը ստրկանան իրենց գրպանին…
Աստուածային հոգեբանութեան ու մարդկային հոգեխօսութեան անգերազանցելի մակարդակի եւ անսխալական որակով Ուսուցչապետն է այսպէս յայտարարողն ու սորվեցնողը` Յիսուս Քրիստոս, որուն խօսքերը պիտի չանցնին, նոյնիսկ եթէ «երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին» (Մրկ. 13, 31):
Իր յայտարարութեան ներքին ուժականութեան եւ արտաքին արձագանգին գիտակից, ինչպէս ալ իր ունկնդիրներուն արտաքին վրդովումին լաւատեղեակ կամ կարդացողներուն ներքին խռովքին խորազնին` Յիսուս Քրիստոս կը շարունակէ համարձակ ու հաստատ համոզումով.«Ո՛վ որ ականջ ունի լսելու, թո՛ղ լսէ (Մտթ. 13, 43): Եւ երանի՜ անոր, որ չի գայթակղիր ի՛մ պատճառովս» (Ղկ. 7, 23):
Սիւնակիս վերտառութիւնն առի երրորդ աւետարանիչին` Սուրբ Ղուկասի Աւետարանին այն հատուածէն (Ղկ. 9, 23-27), որ ամէն տարի կը կարդացուի Սուրբ Վահան Գողթնացիին տօնին, զոր այս տարի կատարեցինք յունուար 21-ին:
Աւետարանային ընթերցուածը կը սկսի Յիսուսի այս արմատական սահմանումով, որ թէպէտ հաճելի չէ ինծի, քեզի ու անոր, բայց եւ այնպէս կը մնայ անփոփոխելի ու անյետսկոչելի հրաւէր, մարտահրաւէ՛ր, եւ այն` բացայայտօրէն ուղղուած «բոլորին. «Ով ու կ՛ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը ամէն օր եւ գայ ետեւէս: Որովհետեւ իր կեանքը փրկել ուզողը պիտի կորսնցնէ զայն, իսկ իր կեանքն ինծի համար կորսնցնողը պիտի փրկէ զայն» (Ղկ. 9,23-24):
Մարտիրոսական մահը, որքան ալ տանջալից եւ անտանելի ըլլայ, կտրիճին մէկ անգամ կատարելիք արարքն է հերոսական, մինչ Քրիստոսի հետեւորդութիւնը կամ նմանողութիւնը, խաչակրութեամբ կամ չարչարանքի ճանապարհով, պիտի իրականանայ ամէն ժամ եւ ամէն օր` հետեւողական ու հաւատարիմ ընթացքով…
ԱմԷնօրեայ խաչուղիին վրայ և խաչ-օրեայ ընթացքին մէջ` Յիսուս Քրիստոսի համար հաւատաւորին երեւութապէս կորսուած կեանքը կ՛ապահովէ անոր թէ՛ աստենական գոհունակութիւնն ու թէ՛ անդենական երջանկութիւնը…:
Կարծես, ալ աւելի անհանդուրժելի եւ անդունելի կը դառնայ մեր Աստուածային Վարդապետը, որ մարդասէրն է ու գթասիրտը, երբ «անձնական» եւ «ինքնագով» շեշտով կը պայմանաւորէ իր հետեւորդներուն թէ՛ ապրելակերպն ու թէ՛ խօսելաձեւը.«Եթէ մէկը զիս կամ իմ խօսքերս իրեն ամօթ պիտի համարէ, Մարդու Որդին` Յիսուս Քրիստոս ալ զինքն ամօթ պիտի համարէ, երբ գայ իր փառքով, Հօր եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքով» (Ղկ. 9,26):
Իր տօնին կարդացուած այս աւետարանային խօսքերն գործադողը հանդիսացաւ Սուրբ Վահան Գողթնացի (700-737/38), զտարիւն հայ իշխանազուն, որ իր կեանքին առաջին հանգրուանը ապրեցաւ իբր բռնի եւ անգէտ իսլամացած պարմանին` գրագիրը ու սիրելին ամիրապետին, Դամասկոսի մէջ (704-719):
Հայրենիք վերադառնալով` սկսաւ երկրորդ հանգրուանն իր կարճատեւ կեանքին, որ եղաւ զղջումի, ապաշխարանքի, սուրբգրային ընթերցումի ու հոգեդարձի ժամանակաշրջանը (719-737/38):
Իբր Գողթնի ժառանգորդ թէեւ ամուսնացաւ ու հայր դարձաւ իր զաւակներուն, ինչպէս ալ սիրուած իշխանը եւ պաշտպանն իր հպատակներուն, սակայն եւ այնպէս աւելի հակամէտ էր աղօթական, մտածական, ընթերցողական ու ապաշխարողական կենցաղին:
Դամասկոսէն բանբերներ կը հասնէին խստակեաց ու պահեցող իշխանին, որ, ներքին վարանումներէ եւ արտաքին թափառումներէ ետք, որոշեց երթալ ամիրապետին` յայտնապէս խոստովանելու համար իր անխորտակ հաւատքն ու անշէջ սէրը Քրիստոսի համդէպ…
Այդպէս ալ դիպեցաւ: Ամիրապետին փաղաքշանքները, սպառնալիքներն ու նախկին բարեկամներու համոզկեր փորձերը եւ միջնորդութիւններն ի զուր ելան, քանի կալանաւոր Վահան Գողթնացիին պատասխանը յստակ ու պարզ էր, բայց նաեւ` համարձակ ու վճռական:
«Ճշմարտութիւնը մէկ է: Ո՛չ փառք, ո՛չ պատիւ, ո՛չ պարգեւ կամ հարստութիւն, ո՛չ տանջանք եւ ո՛չ բանտ, ո՛չ հուր եւ ո՛չ ջուր, ո՛չ ալ զանազան մեքենայութիւններ կարող են զիս բաժնել Քրիստոսի հաւատքէն ու սէրէն:
Այո՛, Քրիստոսի համար կը նախընտրեմ մահը անցաւոր կեանքէն: Միայն նահատակութեան բաժակն ըմպելով` կանչեմ Անոր սուրբ անունը եւ զայն փառաւորեմ Անոր ոսոխներուն ներկայութեան»:
Վահան Գողթնացի իշխանը սաղմոսելո՛վ եւ աղօթելո՛վ նահատակուեցաւ Յարութեան Զատկի Երկուշաբթին, «Մեռելոց Օր»-ը, որ, սակայն, հանդիսացաւ մարտիրոսին համար օրը Կեանքին` «ի՞նչ օգուտ մարդուն, եթէ շահի ամբողջ աշխարհը եւ կորսնցնէ կամ տուժէ իր կեանքը…» իմաստասիրող Յիսուս Քրիստոսի յաւերժութեան մէջ…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ