Շաբաթ, 30 Մայիս 2015 - Քահանայական ձեռնադրութիւն «Սուրբ Ղազար» մխիթարեան մայրավանքին մէջ

 

Վենետիկ

 

 

24 մայիս 2015-ին, Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան «Սուրբ Ղազար» կղզիի մայրավանքին մէջ, արհիապատիւ հայր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեան քահանայ ձեռնադրեց Մխիթարեան միաբանութեան վանական երկու եղբայրներ Անտոն Գրիգորեանը եւ Գէորգ Սարգսեանը, որոնք ծնունդով ջավախահայեր են:

 

Ձեռնադրութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ խորհրդաւոր սուրբ Պատարագի ընթացքին, Մխիթարեան աւանդական յատուկ երգեցողութեամբ, եւ միաբան հայրերու եւ նորընծաներու սպասաւութեամբ:

Սրբազան արարողութեան մասնակցեցան Միաբանութեան աբբահայրը՝ գերապայծառ հայր Եղիա թ.ծ.վ. Քիլաղպեան եւ միաբան հայրերը, ժամանած Վիեննայէն եւ այլ առաքելավայրերէն: Ներկայ էին նաեւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ մեծաթիւ հիւրեր:

 

Ձեռնադրիչ արքեպիսկոպոսը նորընծայ վարդապետներուն իր խօսքը ուղղեց՝ ըսելով. «Վստահ եմ, որ այս պահուն սրտի խոր հուզմունք կ'ապրիք, որովհետեւ ի վերջոյ հասաք ձեր ընտրութեան: Բայց կ'ուզեմ յիշեցնել, որ դուք չէք՛, որ ընտրեցիք Քրիստոսը, այլ Քրիստո՛ս ինք ընտրեց ձեզ, որովհետեւ ձեր մեջ տեսաւ այն ընտրեալները, որոնց միջոցաւ պիտի կարենայ քարոզել եւ տարածել իր սուրբ Աւետարանը: (...) Կը խնդրեմ Աստուածամօր ներկայութիւնը ձեր ամէն մէկուն կեանքին մէջ: Այս հնադարեան եկեղեցւոյ մէջ, ուր դուք եւս պիտի շարունակէք այն սուրբ հայրերուն աւանդը, որոնք այս սուրբ յարկին տակ, այս սուրբ խորանին դիմաց աղօթեցին եւ տարածեցին Քրիստոսի անունը: Այսօր ձեր հերթն է շարունակելու այս շառավիղը, ոչ միայն քարոզութեամբ, այլեւ՝ վկայութեամբ, կեանքով, եւ ապրումով: Ինչպէս ընտանիքներու երեխաները կը տեսնեն, թէ ինչպէս իրենց հայրն ու մայրը զիրար կը սիրեն, եւ այդ սէրը կը սկսի աճիլ իրենց սրտերուն մէջ, դուք ալ ձեր առաքելութեան մէջ այնպիսի օրինակ պէտք է դառնաք: Քրիստոս ըսաւ իր աշակերտներուն զիրար սիրեցէ՛ք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի: Ի՞նչպէս սիրեց, եթէ ոչ իր կեանքը տալով… Յուսախաբութիւններ շատ կ'ունենաք, բայց երանի՛ անոր, որ իր յոյսը կ'ամրապնդէ Քրիստոսի մէջ, ըսաւ արհիապատիւ Մինասեան, եւ փակեց ըսելով, ստահ եղէ՛ք, որ Քրիստոսով միշտ պիտի յաղթէք»:

 

Կայքիս տնօրէնութիւնը այս ուրախ առիթով շնորհաւորութեանց հանդերձ լաւագոյն մաղթանքներ կ'ընէ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ յատուկօրէն հայր Անտոնին եւ հայր Գէորգին, աղօթելով անոնց համար, եւ անոնցմէ աղօթք խնդրելով իրենց սուրբ Պատարագներուն մէջ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ