Հռոմ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած քահանայապետական սուրբ Պատարագը եւ այս առթիւ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը, որոնք Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս»ի պազիլիքային մէջ համախմբեցին համայն Հայութիւնը իր պետական, քաղաքական եւ հոգեւոր առաջնորդներով, այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ աշխարհին ուղղուած կոչը՝ ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը մեղսակից չդառնալու համար անոր, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն՝ «Սուրբ Պետրոս»ի խորանէն արտասանած պահանջատիրական խօսքերը, ապա պաշտօնական ագապը՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, կարդինալներու եւ վեհափառ Հայրապետներուն մասնակցութեամբ՝ իրաւամբ պատմական օր մը դարձուցին 12 ապրիլ 2015-ը։
Այդ պատմական օրը, միեւնոյն երեկոյեան, պանծացուցին Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Կռունկ» եւ Կիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբերը փառաւոր համերգով մը՝ որ տեղի ունեցաւ 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7.00-ին, Հռոմի Հայ կաթողիկէ «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցիին մէջ եւ որ ուղղակի սփռուեցաւ Վատիկանի Թելեփաչէ հեռուստակայանէն։
Արդարեւ, Հայ կաթողիկէ աշխարհասփիւռ թեմերէն Հռոմ ժամանած բազմահազար ուխնաւորներուն համար շատ նեղ կու գար եկեղեցին, որուն առաջին շարքերուն վրայ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տիրոջ եւ Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին շուրջ ներկայ էին Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերը, սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանը՝ Միքայէլ Մինասեան, դիւանագիտական մարմնի անդամներ, պաշտօնական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։
Նախքան համերգը խօսք առնելով կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով, տիկին Զուարթ Նաճարեան շատ բնական նկատեց «մեր ժողովուրդին համար պատմականօրէն յիշարժան այս փառապանծ օրը եզրափակել երգով ու երաժշտութեամբ։ Որովհետեւ - ըսաւ ան - երգն ու երաժշտութիւնը ուղեկցած են մեր ժողովուրդին՝ իր պատմութեան ուրախ ու տխուր բոլոր պահերուն, հայ երգն ու երաժշտութիւնը արտայայտած են մեր ժողովուրդին զգացումներն ու ապրումները, յոյսն ու երազանքը, տառապանքն ու յաղթական երթը, ջերմեռանդութիւնն ու մօտիկութիւնը Աստուծոյ, որովհետեւ ինչպէս Հայ լեզուն, նոյնպէս Հայ երգն ու երաժշտութիւնը աշխարհասփիւռ Հայ ժողովուրդը միասնականացնող օղակն են։ Ահա թէ ինչո՛ւ, բնական է որ այս փառապանծ օրը աւարտէր համերգով, իբրեւ յաղթահանդէս, գոհաբանական աղօթք ու փառաբանութիւն առ Աստուած»։
Տիկին Նաճարեան նշեց որ այս զգացումները արտայայտելու համար հրաւիրուած են Հայ կաթողիկէ զոյգ երգչախումբեր՝ Հայաստանէն՝ Կիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» աղջկանց եւ Լիբանանէն՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Կռունկ» երգչախումբերը, խմբավարութեամբ, առաջինը՝ Հայաստանի կամերային պետական անսամպլի գեղարուեստական ղեկավար եւ տիրիժէօր Ռոպերթ Մլքէեանի եւ երկրորդը՝ Լիբանանի Քասլիքի Համալսարանի երաժշտութեան դասախօս դոկտոր Եդուարդ Թորիկեանի, որոնց նուիրեալ առաջնորդութեան շնորհիւ երկու երգչախումբերը արժանացած են երաժշտասէր հասարակութեան գնահատանքին: Ողջոյնի խօսքը նաեւ իտալերէնով փոխանցեց Քարլօ Գոբբոլա։
Այդ գնահատանքին վկայութիւնը չուշացաւ տալու նաեւ եկեղեցին խճողած ժողովուրդը իր խանդավառ ծափողջոյններով դիմաւորելով երգչախումբերու իւրաքանչիւր կատարումը։ Ծափահարուեցան ե՛ւ կատարողները, ե՛ւ խմբավարները ե՛ւ հայ հոգեւոր, աշուղական, ժողովրդական, էսդրատային, պարզապէս հայկական բարձրորակ, ջինջ ու հարազատ երգարուեստի անզուգական ստեղծագործողները՝ Կոմիտասն ու Սայեաթ Նովան, Ալթունեանն ու Այվազեանը, Աշուղ Ջիւանին ու Խաչատուր Աւետիսեանը, Էտկար Յովհանիսեանն ու Ալեքսանտր Յարութիւնեանը, Ջրբաշեանն ու Ռոպերթ Ամիրխանեանը, Սփիրիտոն Մելիքեանն ու Եդուարդ Թորիկեանը։
Երկու երգչախումբերը իրենց բարձրարուեստ կատարումներով հոգեկան վայելքի անմոռանալի պահ մը պարգեւեցին ներկաներուն։
Համերգի աւարտին խօսք առնելով, կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի ըսաւ. «Առ Աստուած ձեր գոհաբանական եւ փառաբանական ձայները լսելի եղան այս առտու «Սուրբ Պետրոս»ի տաճարին մէջ՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումին առթիւ մատուցուած սուրբ Պատարագի ժամանակ (…)։ Երգերը դարձան աղօթք, իսկ ցեղասպանութեան յուզիչ ու վրդովիչ վկայութիւնները ամրապնդեցին մեզ հաւատքի մէջ։ Հայ ժողովուրդին դարերով ապրած ու պահպանած հաւատքը, չարչարանքի ու տառապանքի պահուն, երբ առ երեւոյթս Աստուած լուռ կը մնայ, կը յատկանշուի անոնց սրտէն ու շրթունքներէն մրմնջացող պաղատանքով, յոյսի ու ապաւինումի երգերով։ Յիսուսի անունը եղաւ հայ ազգի զաւակներուն վերջին ճիչը, ինչպէս վերջերս ըրին իրենց գլխատումէն առաջ, քրիստոնեայ 21 ղպտիները, Միջերկրականի ծովեզերքին, ու նոյն կացութեան մատնուեցան Ափրիկէի ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները։ Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Նոր Վարդապետը հսկեն ազնիւ հայ ժողովուրդին»։
Այնուհետեւ, համերգի փակման իր խօսքին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ամփոփեց այս պատմական օրուան իրադարձութիւնները ու տպաւորութիւնները, որոնց արձաձանգը հնչեց համաշխարհային բեմերուն վրայ, իւրաքանչիւր մարդու, առաւել եւս հա՛յ մարդու հոգիէն ներս։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ որ պատմական այս օրը Հայութեան համար պիտի հանդիսանայ ազգային առաջադրանքներու, նո՛ր կեանքի մը մեկնարկը, իսկ միջազգային ընտանիքին համար՝ 1915-ի Մեծ Եղեռնի մասին մշտահունչ յուշարար մը։