Ուրբաթ, 30 Մայիս 2014 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարին

Երեւան

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ Հայաստան կը գտնուի մասնակցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-֊րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին եւ Հանրապետութեան Տօնի հանդիսութիւններուն, հինգշաբթի, 29 մայիսին այցելեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանին հետ, ներկայութեամբ գերյարգելի հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեանի եւ գերապատիւ հայր Վարդան վ. Գազանճեանի։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ջանքերու համախմբման, ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման միջոցառումներու կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր: Կարեւորուեցաւ հայ կաթողիկէ համայնքի համախմբումը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման կոչերով մարդկութիւնը մշտապէս ականջալուր դարձնելու պահանջը: Առանձնակի կարևորուեցաւ Ֆրանչիսկոս  Պապի վերաբերմունքը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման և դատապարտման ուղղութեամբ:

Քննարկուեցան նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ թեմերուն կից դպրոցներուն մէջ հայերէնի դասաւանդման, հայեցի դաստիարակութեան, հոգևորականներու պատրաստման վերաբերող հարցեր:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ին ներկայացուց Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին հետևանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան կատարած աշխատանքները եւ բարձր գնահատեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն ցուցաբերած մեծ աջակցութիւնը ծանր կացութեան մէջ գտնուող սուրիահայերուն: Ներկայացուեցաւ նաև սուրիահայերու համար «Նոր Հալէպ» բնակարանաշինութեան ծրագիրը եւ կարևորուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետագայ աջակցութիւնը սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ բարձր գնահատեց սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը՝ յատկապէս Հայաստան–սփիւռք  համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ