|
Կիրակի, 9 Յուլիս 2006 - Շուշի - 9.7.2006
Արհիապատիւ Տէր Նշան Արքեպիսկոպոս Գարաքէհէեան, Առաջնորդ Հայաստանի, Արցախի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Թեմի Կաթողիկէ Հայոց երյարգելի, երապատիւ վարդապետներ եւ Արժանապատիւ Տէր Հայր Հանգամաւոր անձնաւորութիւններ Առաքինափայլ մայրապետ Սիրեցեալ զաւակներ ի Քրիստոս,
Ընդառաջելով վսեմաշուք նախագահ Արկադի Ղուկասեանի հրաւէրին՝ Շուշի պատմական քաղաքի թանգարանի հիմնադրութեան Առաջին Քարի Տեղադրումին առիթով, երէկ ժամանեցայ Արցախ, ընկերակցութեամբ ձեր Առաջնորդի՝ Արհիապատիւ Նշան ԱրքեպիսկոպոսԳարաքէհէեանին, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներու Հայաստանի, Լիբանանի եւ Սիրիայի :
Ղարաբաղի անդրանիկ այցելութեանս առաջին հանդիպումիս ընթացքին, կ’ուզեմ նախ եւ առաջ ձեզ ողջունել հայրական սիրով եւ գուրգուրանքով: Ուրախ եմ որ ձեր մէջ կը գտնուիմ ձեզ աւելի մօտէն ճանչնալու ու գնահատելու ձեր բազմադարեան փայլուն եւ պատուաբեր պատմութիւնը: Նոյնպէս ուրախութիւնը ունիմ այսօր այս սուրբ Պատարագը ձեզի համար մատուցանելու եւ իմ հայրական խօսքս ձեզի ուղղելու:
Դուք բախտաւորութիւնը ունեցաք ճանչնալու քրիստոնէութիւնը առաջին դարէն իսկ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալի քարոզութեամբ, վկայ Ս. Տատի՝ իր աշակերտին վանքը, ուր կը պահուին անոր աճիւնները: Դուք բախտաւորութիւնը ունեցաք Ամարասին մէջ ունենալու եկեղեցիներ եւ այլ կրօնական կառոյցներ հիմնուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի օրով:
Դուք բարեբախտութիւնը ունեցաք նաեւ առաջին հայկական դպրոցը ունենալու կանգնուած նոյնինքն Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ, այբուբենի հնարիչը եւ մեր մեծասքանչի հիմնադիրը՝ որուն կը տօնենք այս տարի Գիրերու Գիւտին 1600 ամեակը:
Դուք բարեբախտութիւնը ունեցաք նմանապէս ունենալու դարերու ընթացքին հեռատես, լայնախոհ եւ քաջարի եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնք պաշտպանեցին ձեր երկիրը՝ երբեմն իրենց արեան գինով, անաղարտ պահելու համար Լուսաւորչեան հաւատքը եւ մեսրոպեան գիրն ու գրականութիւնը, միանգամայն կանգնեցին հայկական շքեղ ճարտարապետութեամբ եկեղեցիներ, վանքեր, բերդեր, դպրոցներ եւ խաչքարեր:
Վերոյիշեալ բոլոր յաջողութիւնները եւ իրագործումները տեղի ունեցան ձեր նախնիկներու հաւատքի, հաւատարմութեան եւ յարատեւութեան շնորհիւ: Ձեզի կ’իյնայ հիմա նոյն հոգիով եւ համոզումով ընթանալ եւ այսպէս դաստիարակել ձեր սիրասուն զաւակները, որպէսզի ձեր նախորդներուն արժանաւոր յաջորդները ըլլաք:
Սուրբ Աւետարանի խօսքէն իմացանք, որ Յիսուս իր ժողովուրդին կը ղրկէ «մարգարէներ, իմաստաններ եւ դպիրներ» (Մտթ. 23,34): Եւ ահա՛ Աստուած ձեզի ղրկեց առաքեալներ, հայրապետներ եւ դաստիարակներ: Անցեալ շաբաթ օրը, կատարեցինք Ս. րիգոր Լուսաւորչի իւտ Նշխարաց տօնը, որ մեզի կը յիշեցնէ թէ Քրիստոս արժանընտիր առաքեալ մը ղրկեց Հայաստան՝ Գրիգոր որ, ի գին բազմազան չարչարանքներու եւ երկարատեւ բանտարկութեան, ամբողջ ժողովուրդ մը դարձի բերաւ սրբալոյս ճշմարիտ Հաւատքին: Աստուած ղրկեց սրբակրօն Մեսրոպ վարդապետը, որ այբուբենով օժտէ հայերէն լեզուն եւ Ս. իրքը հրամցնէ հայ ժողովուրդին իր հասկցած լեզուովը, որպէսզի ամէն հայ կարենայ կարդալ Աստուծոյ խօսքը եւ աղօթել տոհմիկ բառբարով: Եւ Աստուած տակաւին ձեզի կը ղրկէ քարոզիչներ եւ Աւետարանի վկաներ սփռելու համար աստուածային լոյսը ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն ու մանաւանդ ձեր երիտասարդներուն:
Ս. Պօղոս կ’ըսէ կորնթացիներու թուղթին մէջ թէ՝ ամէն մարդ կոչուած չէ առաքեալ կամ մարգարէ ըլլալու, վարդապետ կամ հրաշագործ, բայց ամէն մարդ պարտի գերազանց պարգեւներու ձգտիլ: Կ’ըսէ. «եթէ մարդոց եւ հրեշտակներու լեզուները խօսիմ, եթէ ունենամ մարգարէութեան հոգին եւ գիտութեան գաղնիքը, եթէ ունենամ լիութիւնը հաւատքի՝ լեռներ փոխադրելու չափ եւ եթէ բաժնեմ բոլոր ինչքերս իբրեւ ողորմութիւն, այսինքն՝ եթէ այս բոլորը կարողանամ կատարել բայց սէր չունենամ, ոչինչ եմ ու ոչինչ կ’օգտուիմ» (տես Ա. Կորն. 13,1- 3): Ուստի սէրը մարդուն երջանկութեան բանալին է:
Ս. Պօղոս կ’ըսէ նաեւ թէ սէր ունեցողը համբերող կ’ըլլայ եւ ծառայասէր, չի նախանձիր, չի հպարտանար ու չի չարախօսեր: Սէրը, կը շարունակէ առաքեալը, անիրաւութեան մէջ չի՛ հրճուիր, այլ կը խայտայ ուրախութեան մէջ: Սէրը կ’արդարացնէ ամէն բան, կը հաւատայ ամէն բանի, կը յուսայ ամէն բանի եւ կը համբերէ ամէն բանի: Սէրը յաւերժական է (տես Ա. Կորն. 13, 4-8): Ասոր համար ալ առաքեալը ըսաւ թէ՝ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4,8):
Եթէ Աստուած սէր չ’ըլլար, ին՞չու համար Յիսուս պիտի խաչուէր, ին՞չու համար մեր մեղքերը քաւելու համար պիտի ընդունէր այսպիսի դաժան մահ մը: Ս. Պօղոս անմիջապէս կը պատասխանէ. «Աստուծոյ Որդին զիս սիրեց եի ինքզինքը զոհեց ինծի համար» (աղ. 2,20): Իսկ Ս. Յովհաննէս կ’ըսէ. «Չկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար. Դուք իմ բարեկամներս էք» (15, 13-14): Ուստի, Քրիստոս մեզ սիրեց եւ կեանքը զոհեց մեզի համար առանց մեզմէ բան մը պահանջելու, եւ մեզ իր բարեկամները նկատեց:
Բայց ոմանք չեն հաւատար բոլորովին թէ Աստուած մեզ կը սիրէ: Եթէ իրապէս հաւատային, իրենց կեանքը ուրախ եւ լուսաւոր պիտի ըլլար: Չեն հաւատար, որովհետեւ աշխարհի վրայ կան այնքան ցաւեր եւ անարդարութիւններ՝ մահ, հիւանդութիւն, դրամի պակասը, մարդոց սուտը ու վատութիւնը եւ դեռ ուրիշ այլեւայլ ցաւառիթ պատճառներ: Ասոր համար ոմանք չեն հաւատար Աստուծոյ սիրոյն եւ ոեւէ մէկու մը սիրոյ:
Բայց ձեր ընտանիքները, երիտասարդները, տառապեալ հոգիները եւ համայն ազգը պէտք ունին Աստուծոյ սիրոյն եւ ձեր սիրոյ: Եթէ չփոխանցէք իրենց Քրիստոսի սէրը թերացած կ’ըլլաք ձեր կոչումին մէջ: Մեր հայրերը ու մեծ հայրերը, մեր մայրերը ու մեծ մայրերը, 91 տարի առաջ, հաւատացին Յիսուսին ու Ս. Աւետարանին եւ հաւատարիմ մնացին անոնց, ի գին իրենց կեանքին, եւ այսօր մենք հպարտ ենք իրենցմով եւ ամէն տարի զիրենց կ’ոգեկոչենք, յիշելու համար իրենց հերոսական քաջութիւնը ու անդրդուելի հաւատարմութիւնը, եւ պահելու մեզի ձգած կտակը՝ քրիստոնեայ եւ հայ մնալու:
Քրիստոսի վերջին պատգամը ուղղուած առաքեալներուն, իրենցմէ չբաժնուած, թող իմ հայրական պատգամս ալ նոյնը ըլլայ ձեզի՝ «Նոր պատուէր մը կու տամ ձեզի զիրար սիրեցէք ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» (Յովհ. 13,34):
Սիրելիներս, դիմենք որդիաբար Աստուածամօր մայրական գուրգուրանքին եւ հզօր բարեխօսութեան: Ձեր սիրտը թող նմանի սուրբ կոյս Մարիամի սրտին, լի սիրով եւ խոնարհութեամբ: Ձեր կեանքը թող նմանի Անոր կեանքին, առաքինութիւններու ամենօրեայ ապրումով. Ամէն:
|