Պուրճ Համուտ
Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան տօնական համերգ, մասնակցութեամբ վարժարանի երգչախումբին, խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի։ Ներկայ էին Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ՝ արհիապատիւ տէր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, արհիապատիւ հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, ինչպէս նաեւ այլ հոգեւոր հայրեր, յարգելի հիւրեր, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, ծնողներ, աշակերտներ եւ բարեկամներ։
Համերգի բացման խօսքով հադէս եկաւ վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու՝ Կարինէ Թաշճեան, որ ըսաւ. «Հաշուըուած օրեր յետոյ ողջ քրիստոնեայ աշխարհը կը պատրաստուի տօնելու մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը՝ աւետելով Աստուծոյ մարդեղենութեան եւ Փրկիչի յայտնութեան բարի լուրը։ Հայ Եկեղեցին Սուրբ Ծնունդը կոչած է «խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի», այդպէս է իրապէս, որովհետեւ հրաշքով միայն կարելի էր յաւիտենականութիւնը եւ անսահմանը պարուրել նորածին մանկան մը խանձարուրին մէջ, այդ մանուկը դարձնելով մեր Տէրը, որ կրցաւ առնել ծառայի կերպարանք։ Աստուծոյ այս մեծ հրաշքը, միայն գիտենք պատահած է, «որովհետեւ մեզի համար Տէրը մարմնացաւ»։ Յիսուս շուտով պիտի ծնի։ Ան իր գալուստով պիտի վերափոխէ մեր կեանքը»։ Այնուհետեւ, շարունակելով իր խօսքը, Կ. Թաշճեան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն հանգամանքին, որ Յիսուսին Ծնունդը երգով ու խինդով դիմաւորելէ առաջ, մեր փառաբանական երգերը եւ գոհաբանական մաղթանքները անիմաստ չըլլալու համար պէտք է մեր հոգիներուն խորքը ունենանք անսասան հաւատք։ Ուրեմն, պէտք է նախ «քննենք մեր սիրտերը, սրբութեան կարիքը չե՞նք զգար արդեօք, քննենք մեր գործերը՝ արդեօ՞ք անոնք միշտ ճշմարիտ, բարի կամ բարերար են»։
Իր խօսքը շարունակելով, վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատուն վարժարանի տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանիս երգչախումբի խմբավար՝ Մանուէլ Քէշիշեանին, որուն բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ կարելի եղած էր կազմակերպել Ծննդեան վերոյիշեալ համերգը։ Ան տնօրէնութեան շնորհակալութիւնը յայտնեց նաեւ երգչախումբի բոլոր անդամ աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ հիւրաբար հայրենի Կիւմրի քաղաքէն այս օրերուն Լիբանան ժամանած երգչուհի Մարինէ Գրիգորեանին, որ սիրայօժար զոյգ երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ համերգին։ Յիշենք, որ Մարինէ Գրիգորեանին երգեհոնի վրայ կ՛ընկերակցէր դարձեալ հայրենիքէն ժամանակ դաշնակահարուհի՝ Ռուզաննա Գրիգորեան։
Փակելով իր խօսքը, Կարինէ Թաշճեան շնորհաւորեց բոլոր ներկաներուն Սուրբ Ծնունդը եւ Ամանորը, մաղթելով բոլորին. «Գեղեցիկ, առողջ, խաղաղ ու երջանիկ Ամանոր□ եւ «վայելքի հաճելի եւ անմոռանալի պահեր համերգի ընթացքին»։
Հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով Սուրբ Ծննդեան նուիրուած աւելի քան 20 երգերով վարժարանի երգչախումբի աւելի քան 2 ժամ ջերմացուց ներկա հիւրերուն սիրտերը։ Երգչախումբի կողքին իրենց ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ վարժարանի մանկապարտէզի ուսուցչուհիներէն, երգչուհի Լիզա Սվաճեան եւ վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտուհիներէն Սինթիա Արապկիրլեան, որոնց գեղեցիկ կատարումները յուզեցին ներկաները։ Իսկ հայրենի երգչուհի Մարինէ Գրիգորեանին զոյգ կատարումները գերեցին ներկաները։
Համերգի աւարտին խօսք առաւ Լիբանանահայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ՝ արհի. տէր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, որ ողջունեց բոլորը, յատուկ շնորհաւորեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ողջ անձնակազմը, մաղթելով անոնց «յաջողութիւններու մէջ յաջողութիւններ»։ Շնորհաւորական խօսք ուղղեց նաեւ ներկայ գերապայծառ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանին, որուն 50-ամեայ ծառայութեանց մեծարման երեկոն տեղի ունեցած էր նախորդ օրը, չմոռնալով յիշել, որ յատկապէս Մեսրոպեան վարժարանը դարձած էր սիրելի տունը գերապայծառ հօր, որուն զաւակները՝ մեսրոպեանցի աշակերտներն էին բոլոր ներկաներուն ուրախ տրամադրութիւն պարգեւողները։ Ոգեւորուած համերգի պարգեւած դրական տպաւորութիւններէն, ան մաղթեց բոլորին ուրախ Սուրբ Ծնունդ եւ Նոր Տարի։
Յիշեցնենք, որ համերգին առանձին շուք տուած էին նաեւ վարժարանի շրջափակի տօնական յարդարանքը՝ վարժարանի կեդրոնը խոյացած լուսաշող տօնածառը, վարժարանի շէնքը զարդարող տօնական պաստառն ու լուսաստղերը։
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ