Հայ Կաթողիկէ պատրաիրքութիւնը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Քրիստոնեայ Մամուլի
ցուցահանդէսին, կազմակերպութեամբ Կաթողիկէ Մամուլի Միջազգային Կազմակերպութեան (UCIP) եւ հովանաւորութեամբ Մարոնիթ Պատրիարք Նասրալլա Կարդինալ ՍՖէյրի: «Հաղորդակցութեան Միջոցները եւ Կրօնական Երկխօսութիւնը» խորագրին տակ այս ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 27 Նոյեմբեր 2008-ին կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին «Մար Իլէաս» եկեղցեւոյ մէջ, Անթլիաս: Ցուցահանդէս պիտի շարունակուի մինչեւ 7 Դեկտեմբեր 2008, առաւօտեան ժամը 10:00-էն երեկոյեան ժամը 9:00: