Չորեքշաբթի, 18 Մարտ 2009 - Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Աբրահամ Արք. Քիւփէլեանի Օրագրութիւնը

Հալէպի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի հրատարակութիւնը եղող նորատիպ 240 էջանի այս գիրքը հրատարակութեան պատրաստած եւ ուսումնասիրած են Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրաթեան եւ բանասէր Միհրան Մինասեան: Գիրքը ականատեսի ձեռագիր օրագրութիւնն է 19-րդ դարասկիզբին ապրած Հալէպի հայ կաթողիկէ եկեղեցականներէն Աբրահամ արք. Քիւփէլեանի:

Գիրքին հեղինակները իրենց յառաջաբանին ընդմէջէն մեզի ներկայացուցած են տուեալ ապստամբութեան պատմութիւնը իր 101 օրով՝ շաբաթ, 23 հոկտեմբեր 1819-էն մինչեւ երկուշաբթի, 31 յունուար 1820: Անոնք մեզի կը ծանօթացնեն պատմական այն աղբիւրները, որոնք անդրադարձած են տուեալ ապստամբութեան եւ 47 էջերու ընդմէջէն կու տան հեղինակին կենսագրութիւնը, ձեռագրին նկարագրութիւնը եւ կը բացատրեն, թէ իրենք ի՛նչ սկզբունքներու հետեւած են ձեռագրի հրատարակութեան ժամանակ:

Ուսումնասիրողները նախ հայերէնէ արաբերէնի թարգմանած են այն երեք էջերը, որոնք կ’ընդգրկեն ապստամբութեան առաջին 18 օրերու դէպքերը, ապա անցած են հեղինակին արաբերէնով շարունակած բաժինին, որ կ’աւարտի ապստամբութեան 104-րդ օրով:


ԲԾԱԽՆԴԻՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Ուսումնասիրողները ձեռագիրը ընթերցողին կը մատուցեն համապարփակ, խղճամիտ ու իսկապէս բծախնդիր աշխատանքով: Անոնք ծանօթագրած են այդ շրջանին գործածուած ժողովրդային ըսելաձեւերը, գիրքին մէջ յիշուած անձնանուններն ու տեղանունները, բազմաթիւ օտար բառերն ու ասոյթները, նաեւ ստուգած ու բաղդատած են այս ձեռագրով տրուած տեղեկութիւնները՝ 24 այլ աղբիւրներու հետ, որոնց մէջ յիշուած է այս ապստամբութիւնը՝ զանազանելով ականատեսի վկայութիւնը եւ լսովի կամ բանաւոր փոխանցուածը: Այս գիրքը մեծապէս կ’արժեւորէ նաեւ էջատակի ծանօթագրութիւններու լայնահուն եւ խորազնին աշխատանքը. 1060 կարեւոր ծանօթագրութիւններ, օրինակ՝ Ապտալլահ Տալլալի, բանաստեղծ Նասր Ալլա Թարապլուսիի եւ այլոց մասին, նաեւ ընթերցում կատարելով սկզբնաղբիւրներուն՝ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար:

Երկու ուսումնասիրողները կը տեղեկացնեն, որ իրենց աշխատանքին համար օգտագործած են 77 աղբիւրներ եւ թերթերու ու հանդէսներու մէջ լոյս տեսած այլեւայլ յօդուածներ՝ արաբերէն, օսմաներէն, անգլերէն, ֆրանսերէն ու հայերէն լեզուներով: Անոնք յոգնութիւնը յանձն առած են նաեւ տալու բաղդատական ցանկ մը իսլամական հիժրի եւ քրիստոնէական հին ու նոր տոմարներու ապստամբութեան իւրաքանչիւր օրուան համար:

Գիրքին մէջ կը գտնենք ինը յաւելուածներ, ուր կան Զմմառի վանքին պատասխանատուներուն եւ հեղինակին միջեւ փոխանակուած նամակներէ հատուածներ, որոնք գրուած են ապստամբութեան ընթացքին ու կը խօսին պատահած դէպքերուն մասին:

Հատորի աւարտին տրուած են արաբերէն եւ հայերէն օրագրութիւններէն լուսապատճէններ, Հալէպի բերդին 1757 թ.ի գծանկարը (Տրոմոնտի), օսմանցի կառավարիչներու Հալէպի կեդրոնատեղիին՝ Շէյխ Ապուլ Պաքըր Ուաֆայիի աղօթատեղիին լուսանկարը, Հալէպի 1818 թ.ի յատակագիծը (գործ՝ Ռուսսոյի), 1819-ինը (գործ՝ կոմս Ռեզովսկիի) եւ բախումներու վայրերուն յատակագիծը (Քասթալ Մըշըթ, Քասթալ Հարամի, Զուքաք Թաուիլ, Ժըտէյտէ), նաեւ նկարներ՝ օսմանեան բանակի եւ այդ օրերու կառավարական անձնաւորութիւններուն՝ իրենց շքեղագոյն տարազներով, գլխարկներով ու շքանշաններով:

Պատմական ուսումնասիրութեան այս հոյակապ հատորին քաղցր աւարտը կը հանդիսանայ 40 էջանի բաժին մը, ուր երկու բանասէրները ցանկագրած են գիրքին մէջ ծանօթագրուած բոլոր բառերը՝ տեղանուն, անձնանուն, օտար բառեր, եզրեր եւ այլն եւ տուած՝ անոնց էջաթիւերն ու ծանօթագրութեանց թիւերը՝ որպէս դիւրութիւն ընթերցողին: Իսկապէս առաւելութիւն մը, որմէ ընդհանրապէս զուրկ են մեր պատմական գիրքերը:


ՕՐԱԳՐԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿԸ

Օրագրութեան հեղինակն է հայ կաթողիկէ համայնքի երբեմնի առաջնորդ Աբրահամ արք. Քիւփէլեան:

Ան ծնած է Քիլիս, 8 յունուար 1786 թուականին, հայկական տոմարով՝ 1235 թուականին: Փոքր տարիքէն կորսնցուցած է հայրը, եւ մայրը զինք բերած է Հալէպ, ապա ուղարկած Լիբանանի Զմմառու վանքը՝ կրօնական ուսում ստանալու:

1809-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ եւ կրօնական առաքելութեամբ 1810-ին կ’ուղարկուի Հալէպ եւ շուտով կը դառնայ պատրիարքական փոխանորդ, ապա մեծաւոր՝ 1814 թուականին: Այդ միջոցին ականատես կ’ըլլայ Խորշիտ փաշայի դէմ շղթայազերծուած հալէպցիներու ապստամբութեան:

1823 թուականի յուլիսի 23-ին պաշտօնական արարողութեամբ կ’օծուի առաջնորդ Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքին ու կը մնայ Լիբանան՝ հոնկէ վարելու առաջնորդական իր պարտաւորութիւնները՝ ըստ այդ օրերու ընկալեալ սովորութեան:

1824-ին կը վերադառնայ Հալէպ, համայնքի մեծամեծներէն՝ Եուհաննա Պալիթի մահուան պատճառով եւ հոնկէ կը վարէ համայնքային գործերը:

1825-ին իր կարգ մը քահանաներուն չարախօսութիւններուն պատճառով պաշտօնազուրկ կ’ըլլայ ու կը վերադառնայ Զմմառու վանք, բայց 1828-ին, իր անմեղութիւնը փաստուած ըլլալով, Հռոմի կարգադրութեամբ դարձեալ կը դառնայ Հալէպի իր հօտին, եւ երբ օսմանեան պետութիւնը կը ճանչնայ կաթողիկէ համայնքներու գոյութիւնը իր երկրին մէջ, եւ կ’արտօնուի անոնց եկեղեցիներ կառուցել, Քիւփէլեան կը գնէ Գարա Ալիներու ապարանքը եւ զայն եկեղեցիի կը վերածէ, որ այժմու Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի աթոռանիստ եկեղեցին է Թիլել պողոտային վրայ, բայց առաջնորդ Աբրահամ արք. Քիւփէլեան կը վախճանի 27 յուլիս 1832-ին՝ վարակուած ըլլալով Իպրահիմ փաշայի զինուորներուն միջոցով Հալէպ հասած քոլերայի համաճարակով: Նախ կը թաղուի Հալէպի պարիսպներէն դուրս, ապա 1840-ին անոր աճիւնները կ’ամփոփուին իր իսկ կառուցած եկեղեցիին եկեղեցականներու յատուկ դամբարանին մէջ, Ս. Յիսուսի խորանին ետին:

Ա. Քիւփէլեան բարձր զարգացում ունեցող անձնաւորութիւն մըն էր, որ կը տիրապետէր քանի մը լեզուներու: Ունի բազմաթիւ ինքնագիր եւ թարգմանական գործեր՝ հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով: Ընդօրինակած է քանի մը աղօթագիրքեր: Աւանդ ձգած է իր օրագրութիւնը, ուր, ի շարս այլոց, կայ նաեւ հալէպցիներու կողմէ կուսակալ Խորշիտ փաշային դէմ շղթայազերծուած ապստամութեան օրագրութիւնը:

ՀԱԼԷՊՑԻՆԵՐՈՒ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ
ԿՈՒՍԱԿԱԼ ԽՈՐՇԻՏ ՓԱՇԱՅԻՆ ԴԷՄ

Ստորեւ կու տամ հակիրճ ու հպանցիկ ակնարկ մը՝ ապստամբութեան դրդապատճառներուն մասին, քաջ գիտնալով, որ այս մէկը չի կրնար փոխարինել գիրքին ամբողջական ընթերցումն ու անոր հարուստ ծանօթագրութիւններուն ըմբոշխնումը:

ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՂՂԱԿԻ
ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Ժողովուրդը յոգնած էր բազմապիսի տուրքերէն եւ տնտեսական վատ ու դժուար պայմաններէն, որոնք պատճառ դարձած էին ապրուստի սղութեան: Կային նաեւ դժգոհութեան այլ պատճառներ եւս՝ Հալէպէն զինուորական տարիքի երիտասարդներ կամայականօրէն հաւաքելն ու զանոնք այլ վայրերու մէջ ծագած ապստամբական շարժումները ընկճելու համար այլուր ուղարկելը, եւ ենիչերիներու զայրոյթը՝ ծագած նախկին կուսակալ Իպն Ժապպարի օրերէն, որ փորձած էր ոչնչացնել զանոնք: Պատճառներէն մէկն ալ Խորշիտ փաշային կողմէ 11 քրիստոնեաներու գլխատումն էր՝ ուղղափառ եւ կաթողիկէ վէճերու որպէս հետեւանք: Այս բոլորը պատրաստած էին ենթահողը հալէպցիներու յեղափոխութեան:


ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ
ՊԱՏՃԱՌԸ

Խորշիտ փաշա տարեկան դրութեամբ սալիան անունով ծանօթ կալուածատուրք մը կը սահմանէ հալէպցիներուն վրայ: Ան այս տուրքը հաստատած էր Սաժուր գետի ջուրերը ջրուղիներու միջոցով Քուէյք գետ հասցնելու նպատակով, որովհետեւ Քուէյքի ջուրերը սկսած էին նուազիլ: Փաշան 40-70 դահեկան տուրք մը նշանակած էր իւրաքանչիւր տան համար, մինչ կային տուներ, որոնք նուազ արժէք ունէին, քան՝ հաստատուած տարեկան տուրքը:

Օր մը, երբ Խորշիտ փաշա Սաժուր գացած էր, Հալէպի աւագանին մեծ հաւաք մը կազմակերպելով՝ կը մերժէ տուրքը վճարել ու ըմբոստութիւն կը յայտարարէ՝ պահանջելով կուսակալի փոխանորդին պաշտօնազրկումը:

Յեղափոխութիւնը կը սկսի շաբաթ, 23 հոկտեմբեր 1819-ին, որուն կը մասնակցին քաղաքին ազնուականները, երեւելի անձնաւորութիւնները եւ փաշայէն զայրացած ու անկէ հետապնդուած ենիչերիները:

Առաջին քայլով հալէպցիները կը յարձակին փոխկուսակալին՝ Սուլէյման պէկի տան վրայ եւ շատ մը զինուորներու հետ կը սպաննեն նաեւ զայն:

Խորշիտ փաշա կը մերժէ ապստամբներուն պահանջներուն ենթարկուիլ ու կը հրամայէ պաշարել քաղաքը, ռմբակոծել զայն, ջուրերը կտրել անկէ, սննդամթերքի քաղաք մուտքը արգիլել եւ այլն, եւ այլն, ու կը փորձէ ձերբակալել ապստամբները:

Ժողովուրդը միահամուռ հերոսաբար կը դիմադրէ՝ մէկ սիրտ մէկ հոգի եղած: Յեղափոխութիւնը կը տեւէ 101 օր: Այդ միջոցին ժողովուրդը կ’ենթարկուի զրկանքի, անօթութեան ու տառապանքի: Հրոյ ճարակ կը դառնան բազմաթիւ տուներ ու ճոխ շուկաներ, եւ կը նահատակուին շատեր: Վերջաւորութեան յեղափոխականները երկու մասի կը բաժնուին. անոնցմէ առաջինները կ’ուզեն շարունակել պայքարը, իսկ երկրորդները կ’ուզեն բանակցիլ ու հաշտուիլ փաշային հետ: Ի վերջոյ հաշտութեան կողմնակիցները կը պարտադրեն իրենց կամքը: Խորշիտ փաշայի զօրքերը կը մտնեն քաղաք, կը ձերբակալեն ու կը սպաննեն բազմաթիւ հերոս ազգային ղեկավարներ, որոնցմէ էին Մոհամետ Քըժժեն ու 12 այլ հրամանատարներ ու ազնուականներ: Զինուորները կը մտնեն նաեւ բանաստեղծ Թարապլուսիի տունը, որովհետեւ ան իր հայրենասիրական բանաստեղծութիւններով խանդավառած եւ ոգեւորած էր յեղափոխականները:

ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌԸ

Կեդրոնէն եկած օժանդակ գունդերով Խորշիտ փաշայի օսմանեան բանակին թիւն էր 12,000, մեծ մասամբ՝ հեծեալներ, իսկ հալէպցի զինեալներուն թիւը՝ 30,000:

Ճակատամարտերու ընթացքին նահատակուած էին 3000-4000 հալէպցիներ, իսկ օսմանեան բանակէն՝ 1500 զինուորներ:

Հալէպի վրայ արձակուած էր 25000-31000 հրետանիի եւ 2000 պարզ ռումբեր:

Ըստ պատմաբան Անտրէ Ռայմոնի հաշւումներուն, այդ շրջանին Հալէպի բնակչութեան թիւը եղած էր 120 հազար: Այս բոլորին մէջ մեծագոյն զոհը եղած է պարզ ժողովուրդը, որ միշտ կեղեքուած է ծանր տուրքերով. քանդուած են անոր տուներն ու հրկիզուած են շուկաները:

Ընթերցողին կը թողունք հալէպցիներուն եւ կուսակալի զինուորներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն մանրամասնութեանց մէջ մտնելը, բախումներ, որոնք տեղի ունեցած են Քասթալ Հարամիի, Զոքաք Թաուիլի, Քասթալ Մուշթի եւ այլ թաղերու մէջ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ