Պէյրութ, Լիբանան
Չորեքշաբթի՝ 21 Նոյեմբեր 2007ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը յիշատակեց Լիբանանի անկախութեան օրը Հ.Կ.Մ.ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան, Արհի. Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանի, Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան՝ Տիար Ժոզէֆ Ղուկասեանի, հոգեւորականներու, վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերուն, ծնողական յանձնախումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ նախակրթարանի, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտութեան: Օրուան հիւրն էր լիբանանցի հանրայայտ արուեստագէտ Ղասսան Ռահպանի:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներով: Որմէ ետք խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն՝ Կրէկուար Գալուստ որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտ Ղասսան Ռահպանիի վարժարանի հրաւէրին ընդառաջելու, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ եղբայրներուն նուիրուած իր երգին համար: Պր. Գալուստ շեշտեց, որ «լիբանանահայը միշտ հաւատարիմ եղած է այս երկրին, լիուլի ծառայած է անոր եւ միշտ կառչած է մայրիներու երկրին ամրօրէն ու նուիրաբար»:
Աշակերտութեան անունով, հայերէն լեզուով խօսքը փոխանցեց 11րդ դասարանի աշակերտ Խաչիկ Սայեղ, իսկ արաբերէն լեզուով՝ Դալար Ալաճաճեան:
Աշակերտական զոյգ խօսքերուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիրը, կազմակերպութեամբ վարժարանի մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութեան: Գեղարուեստական բաժինը ունէր անակնկալներ: Վարժարանի երգչախումբը (խմբավար Մանուէլ Քեշիշեան) եւ նախակրթարանի ընդհանուր հսկիչ Պր. Վարդան Ազնաուրեան կատարեցին Ղասսան Ռահպանիի լիբանանահայութեան նուիրուած երգը, իսկ աւարտական դասարանի աշակերտները ներկայացուցին օրուան թեմայով կենդանի պատկեր մը:
Խօսք առնելով, օրուան հիւրը ի մասնաւորի ըսաւ. «Հպարտ եմ, որ Մեսրոպեան կը գտնուիմ եւ հայերուն մէջ եմ, որովհետեւ հայերուն ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ դրական առաւելութիւն մըն է: Այդ է, որ պատճառ դարձաւ իմ «Հայ եղբայրներուն» երգի ստեղծումին: Ես չեմ կրնար անտարբեր մնալ այս ժողովուրդին հանդէպ: Չեմ կրնար ուրանալ, որ (պզտիկ օրինակ մը միայն տամ) իմ դաշնամուրի ուսուցիչս եղած է Յակոբ Արսլանեանը, իմ խումբիս մէջ հետս գործակցող ընկերներս հայեր են, եւայլն»: Անդրադառնալով քրիստոնեայ Լիբանան հասկացողութեանը, մեծարգոյ հիւրը ըսաւ. «Պատահական չէ որ 1943ին, ֆրանսացիները որոշեցին, Լիբանանի նախագահը պիտի ըլլայ քրիստոնեայ: Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւն ըլլալուն պատճառը հայութեան թիւն էր Լիբանանին մէջ»:
|
|
Հանդիսութիւնը փակելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ Հայր Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Եղիայեան, որ ըսաւ. «Մեծ հպարտութիւն է մեզի համար այսօր Պր. Ղասսան Ռահպանիի ներկայութիւնը, որ կը պատկանի Ռահպանի ընտանիքին, որ կը պայքարի ամէն տեսակ սուտի ու խաբէութեան դէմ: Անկախութիւնը պարզ տօն մը չէ, այլ ամէնօրեայ տարուող աշխատանք է, փոխանցուող դաստիարակութիւն մըն է հայ աշակերտին հանդէպ, որպէսզի կարենանք Լիբանան-հայրենիքին օգտակար հանդիսանալ, զայն դարձնելով Միջին Արեւելքի ջահը, որ պիտի չմարի, գտնուելով որեւէ դժուարութեան դէմ հանդիման: Մենք լիբանանահայերս լիբանանցի միւս եղբայրներու կողքին, հաւատարիմ ենք այս երկրին, անոր անկախութեան: Կեցցէ անկախութիւնը: Կեցցէ Լիբանանը»:
Հայր Եղիայեանի խօսքէն յետոյ տեղի ունեցաւ յուշանուէրի տուուչութեան արարողութիւն, ձեռամբ Արհի. Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանի եւ վարժարանի տնօրէնի: Յուշանուէրը յանձնուեցաւ օրուան հիւրին, առ ի երախտագիտութիւն անոր՝ Մեսրոպեան վարժարանի ձեռնարկին ընդառաջելու, ինչպէս նաեւ «Հայ Եղբայրներուն» նուիրուած անոր երգին համար:
Ղասսան Ռահպանի, ոգեւորուած ցանկութիւն յայտնեց կենդանի կատարումով հնչեցնելու լիբանանահայութեան նուիրուած իր երգը, որուն կատարումը ընդունուեցաւ որոտընդոստ ծափերով եւ ողջոյններով:
Հանդիսութեան աւարտին Ղասսան Ռահպանի հիւրընկալուեցաւ վարժարանի տնօրէնին կողմէն: Սիրալիր եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ Պր. Տնօրէնը ծանօթացուց մեծարգոյ հիւրը վարժարանին, ապա անոնք շրջագայեցան դպրոցին մէջ, որմէ ետք Ղասսան Ռահպանի վարժարանի Ոսկեմատեանին մէջ, իր տպաւորութիւնները արձանագրեց ուր կÿըսէ. «Կը խնդրեմ, կը խնդրեմ, կը խնդրեմ. Ես կÿուզեմ բոլորդ պահէք եւ չմոռանաք ձեր հայկական արմատները, ձեր երկրին՝ Լիբանանի սիրոյն համար, որովհետեւ մենք իբրեւ լիբանանցիներ, կարիքը ունինք ձեր զօրակցութեան եւ ձեր հզօր հայկական ծագումին: Ես իբրեւ լիբանանցի հպարտ կը զգամ ձեզմէ մէկը ըլլալուս համար»: