Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Կիրակի 11 Փետրուար 2007ին պատրիարքարանէն ներս ընդունեց խումբ մը երիտասարդ երիտասարդուհիներ որոնք կը պատկանին «Ֆարահ Ալաթա» կազմակերպութեան: Այս մարդասիրական կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1985-ին Տոքթ. Մլհեմ Քարամի եւ Տիար Մհամմատ Համատայի կողմէ, կը բաղկանայ շուրջ 3000 անդամներէ Լիբանանի բոլոր շրջաններէն եւ համայնքներէն, հիմնական նպատակ ունենալով օգնել Լիբանանի ժողովուրդին առանց կրօնական եւ համայնքային խտրականութեան՝ քաջ գիտնալով որ Լիբանանի փրկութիւնը իր ժողովուրդի միասնականութեան մէջ է եւ այլազանութիւնը հարստութիւն է եւ ոչ թէ պառակտումներու պատճառ:
Հանդիպման ընթացքին անոնք կարդացին իրենց խաղաղութեան պատգամը եւ Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեցին Լիբանանի յաւերժականութեան խորհրդանիշ՝ Մայրիի ծառը:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը քաջալերեց երիտասարդներու ազգանուէր ոգին, շեշտելով թէ նուիրելու եւ օգնելու սէրը կը հարստացնէ եւ կ’արժեւորէ մարդոց հոգին յոյժ գնահատելով իրենց պատրաստակամութիւնը դուրս գալու ներկայիս Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական վէճերէն եւ ճնշիչ մթնոլորտէն եւ ամբողջովին նուիրուելու ազգի բարգաւաճման:
Այս մտերմիկ հանդիպման աւարտին Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորեց երիտասարդներւն բարեգործ գործունէութիւնը մաղթելով անոնց յաջողութիւն եւ աշխատելու առաւել կորով: