Սիրելի՛ ընթերցող, մեր կրօնը զարմանալի կրօնն է, որուն գիտակից ապրումը ստէպ դէմ է կամ գոնէ շատ դժուար` «մարդկօրէն» նկատուած իմացութեան կամ տրամաբանութեան…:
Իսկական զարմանալի՛ն, սակայն, կը հանդիսանայ մեր կրօնին աստուածային հիմնադիրը` Յիսուս Քրիստոս, որուն խօսելու խիզախութիւնն ու նորարարելու հոգեկանութիւնը թէ՛ աննախընթաց էին եւ թէ՛ անկրկնելի պիտի մնան…
Չորս աւետարանիչները յաճախ կը նկարագրեն իրենց քարոզիչ վարդապետին ունկնդիրներէն արտայայտուած ոչ միայն հիացումն ու գովքը (Յվհ. 7,46), այլ նաեւ անոնց դժգոհութիւնն ու դժկամակութիւնը` Յիսուսի ելոյթներուն մասին.«Խիստ են այս խօսքերը, ո՞վ կրնայ տանիլ զանոնք» (Յվհ. 6,60).
Ոմանց մօտ այսպիսի հիացում ու գովք եւ ուրիշներու քով այդպիսի դժգոհութիւն ու դժկամակութիւն յառաջացնող նորասաց խօսքերէն են Քրիստոսի այս անյետսկոչելի հրամայականները` ուղղուած բոլոր դարերու բոլոր մարդերուն:
«Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները: Բարի՛ք ըրէք ձեզ ատողներուն: Օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները: Աղօթեցէ՛ք ձեզ զրպարտողներուն համար: … Փո՛խ տուէք անոր, որմէ ակնկալութիւն չունիք առնելու: Այն ատեն ձեր վարձատրութիւնը մեծ պիտի ըլլայ եւ պիտի կոչուիք զաւակներ Բարձրեալին» (Ղկ. 6,27-28 ¡ 35):
Անկեղծ ըլլա՛նք: Միայն անցեալին չեն պատկանիր դժգոհները կամ նոյնիսկ դժկամակողները, այլ նաեւ` ներկային…: Անոնց կ՛ուզէի պատմել կեանքէն առնուած դրուագ մը, որ մշտայուշ ազդեցութեամբ կը ներգործէ իմ ներաշխարհիս մէջ, բայց մանաւանդ երբ կը կարդամ կամ կը լսեմ վերի տէրունական հրահանգները:
Վիեննայի մէջ պաշտօնավարած տարիներուս, կիրակի մը ստիպուեցայ երթալ ինծի անծանօթ վիեննացի ատամնաբուժի մը, որովհետեւ յանկարծակի բռնուեցայ ակռայի անտանելի ցաւէ: Մեր թաղամասին մէջ միակ գործող ատամնաբուժն էր այդ կիրակին:
Մականունէս իմանալով հայութիւնս` կերպարանքը գունաթափեցաւ եւ երերուն ձայնով պատմեց ինծի անհաւատալի, բայց դիպած դէպքը. «Վարդապե՛տ, ես, որ հիմա կը նայիմ ձեր ակռաներուն, կը պարտիմ իմ կեանքս հայու մը անձնազոհութեան:
«Լենինկրատի ճակատամարտը վերջացած էր նացիական բանակին պարտութեամբ: Դեռ լաւ կը յիշեմ թուականը. 26 յունուար 1944-ի գիշերն էր: Ռազմադաշտին վրայ զիս վիրաւորս լքած էին նահանջող իմ զինակիցներս`կարծելով, որ մեռած էի, կամ ալ` ժամանակ ունեցած չէին ստուգելու ամէնուրեք փռուած բիւրահազար դիակները…:
Մէկ կողմէ, բազմախոց մարմնիս, յատկապէս աջ կուշտիս վէրքին սաստիկ ցաւերը, միւս կողմէ ռուսական գիշերային ցուրտը մահաբեր` մատնած էին զիս յուսահատութեան:
«Դուք չմոռնաք, որ Հիթլեր մեզ Ռուսիա ղրկած էր առանց ձմեռնային հագուստներու… Գիտէի, որ այս գիշերը պիտի ըլլար վերջին օրը պարմանի կեանքիս: Քսան տարեկան էի…
«Անյուսութեանս մէջ անօգնական եւ անմխիթար` մեծ քրոջս իմ գրպանիս մէջ դրած պզտիկ երկաթեայ օղակ-վարդարանը բռնելով` աղօթեցի Աստուածամօր:
Ըսելու եմ, վարդապե՛տ, որ թէեւ շատ հաւատացեալ չէի, այնքան տարուած էի տարիքիս շպարներէն ու համալսարանական մթնոլորտէն, բայց եւ այնպէս անհաւատ ալ չէի:
«Ողջոյն Քեզ, Մարիամ»ները կրկնեցի սրտաբուխ ջերմեռանդութեամբ, որքան իրավիճակս կը ներէր ինծի` ցաւերուն մէջ տուայտողիս: Այսպէս անցաւ բաւական ժամանակ:
«Ոսկորներս թափանցող ցուրտը աւելի զօրացած էր ժամերու սահումով: Ես թմրելու վրայ էի, եւ գուցէ այդ պիտի ըլլար իմ մահաքունս, երբ ականջիս հասաւ շատ մեղմ ձայն մը…
«Ձախ կողմէս էր: Նշմարեցի, որ խորհրդային զինուոր մը ինծի նշան կ՛ընէր իրեն մօտենալու…: Սկիզբը վախցայ, սակայն անոր ձեռքի շարժումներէն բռնադատուած‘ ցաւերու մէջ սողացի անոր քով…:
«Զիս իրեն մօտ տեսնելով, ի՛նչ ըսեմ ձեզի, վարդապե՛տ, թեթեւօրէն ժպտեցաւ, հակառակ որ կերպարանքն անճանաչելի դարձեր էր գլուխէն ստացած կապարէն: Նաեւ ոտքէն ալ կերած էր գնդակ մը: Տարեկից կ՛երեւար ինծի:
Իմ չգիտցած ռուսերէնովս կրցայ հասկնալ բախտակիցիս նախադասութիւնը, զոր արտաբերեց շնչահեղձ երկու-երեք ընդհատումներով. «Վրայէս հանէ ձմեռնային հաստ վերարկուս: Դուն հագի’ր, որ կարենաս դիմանալ ցուրտին: Ես արդէն պիտի մեռնիմ գլխուս վէրքէն»…:
Բնազդաբար հաւանելով անծանօթ սամարացիիս առաջարկին` ուզեցի քակել վերարկուին կոճակները, սակայն րոպէ մը ետք անդրադառնալով ըրածիս` ետ կեցայ: Ինծի նայեցաւ: Հասկցաւ վարանումս: Դարձեալ ժպտեցաւ:
Ապա ինք մեծ ճիգ ըրաւ քակելու առաջին կոճակը. անկարող եղաւ: Անոր վրայ, իմ ձեռքէս քաշելով` շեշտակի պնդեց, որ իր վերարկուն հանեմ.«Ես կը մեռնիմ: Դո՛ւն ապրէ՛: Ա՛ռ, հագի’ր վերարկուս»: Վերջապէս, յաղթահարուած խորհրդահայ զինուորին ստիպումներէն‘ քակեցի կոճակներն ու հագայ վերարկուն…
«Յաջորդ առաւօտ անշնչացած գտայ իմ հերոս ազատարարս, որ իր կեանքը զոհեց թշնամի զինուորիս կեանքը փրկելու համար…
«Նոյն օրը` յունուար 27-ին, գերի բռնուելէս եւ հայ փրկիչէս բաժնուելէս առաջ, իմ քրոջս վարդարանը դրի անոր գրպանին մէջ:
«Հետագային բուն ծագումովս, իբրեւ աւստրիահպատակ քաղաքացի, աւելի արագ ազատ արձակուեցայ գերութենէն:
«Վարդապե՛տ, վերջացուց սպիտակահեր ատամնաբուժը իր սրտաճմլիկ պատմութիւնը, արտասուաթոր աչքերով եւ խեղթուած ձայնով,- մինչեւ այսօր շնորհապարտ եմ ու յաւիտեանս պիտի մնամ երախտագէտ իմ հայ դիւցազն ազատարարիս, որ փրկեց զիս ստոյգ ցրտամահէն…
«Բայց նաեւ շատ ուրախ եմ եւ թեթեւցած, որ տարիներ ետք, ի վերջոյ, այսօր առիթն ունեցայ պատմելու հա’յ հոգեւորականի մը»:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար,13 Յունիս 2011