Նյու Եօրք, Միացեալ Նահանգներ
«Ոչ միայն հացիւ...»
(Մատթ 4, 4)
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,
Մէկ շաբաթէն պիտի սկսինք Մեծ Պահքի քառասնորդաց շրջանը: Շրջան մը որու ընթացքին կոչուած ենք մեր կեանքը քննելու, մենք զմեզ դնելու Տիրոջ առջեւ եւ կատարելու անաչառ գնահատումը մեր կեանքին՝ ճանչնալու մեր թերութիւնները եւ մեր քայլերը ուղղելու, իրականացնելու համար այն, ինչ որ Տէրը կը սպասէ իւրաքանչիւրէս:
Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը շատ գեղեցիկ, պարզ եւ խիտ պատգամ մը ուղղած է բոլորիս այս ծիսական շրջանին համար: Կը խրախուսեմ բոլորդ ընթերցելու զայն եւ խորհրդածելու անոր մէջ նշուած յատուկ ցուցմունքներով ուղեգիծին վրայ. «Մեծ Պահքի քառասնորդաց շրջանը, կ'ըսէ Սրբազան Քահանայապետը, անգամ մը եւս առիթը կ'ընծայէ մեզի խորհրդածելու “ողորմութեան” մասին, որ քրիստոնէական կեանքի կեդրոնն է»:
Յիրաւի այս Քառասնորդացի շրջանին կոչուած ենք խորացնելու մեր գիտելիքները Նազովրեցի Յիսուսի անձին մասին եւ աւելի սերտօրէն միանալու Անոր՝ Իր հետ ապրելու համար չարչարանքները մինչեւ արիւնաքամ մահը խաչին վրայ: Մեր ակնարկը կեդրոնացնենք Յիսուս Քրիստոսի վրայ եւ որպէս իր հարազատ աշակերտները հետեւինք իրեն, որպէսզի կարողանանք նաեւ Զատիկը տօնել Անոր հետ: Վերանորոգենք, կենսունակ եւ ամուր պահենք մեր հաւատքը Աստուծոյ Որդիին նկատմամբ որ մարդացաւ մեր փրկութեան համար:
Կարեւորն այն է որ Քրիստոսն ըլլայ մեր կեանքին կեդրոնը, Ինքն է որ մեզ կ'ազատէ չարէն, Ինքն է Իմաստութեան Վարդապետը՝ Ինքն է «Ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յովհ 14, 6): Ինքն է հիմնաքարը մեր յոյսին: Եկէ՛ք հաւատարիմ մնանք Քրիստոսի ոչ միայն միտքով, այլ մեր ողջ կեանքով:
Ուսկի՞ց սկսիլ: Ինչպէ՞ս հոգ տանիլ եւ օգտակար ըլլալ: «Ինչպէ՞ս կարող ենք հոգալ ծերերուն եւ երեխաներուն կարիքները, երիտասարդներուն եւ մեծահասակներուն, հիւանդներուն ու առողջներուն, մեր միջավայրին մէջ ապրող աղքատներուն եւ անոնց որոնք հեռու են մեզմէ»:
Ի պատասխան այս հարցերուն, Եկեղեցւոյ աւանդական առաջարկները՝ աղօթքի, ողորմութեան եւ ծոմապահութեան, կը դառնան այժմէական աւելի քան երբեք:
Հոգատարութեան առաջին ձեւը աղօթքն է: Աղօթքը մեզ փոխյարաբերութեան մէջ կը դնէ Աստուծոյ հետ: Որպէս հաւատարիմ հաւատացեալներ մենք պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը ունինք վկայելու՝ որ Աստուած էական է մեր աշխարհին համար: Բայց քարոզելէ եւ մեր հաւատքին մասին վկայութիւն տալէն առաջ, մենք պէտք է մօտենանք Անոր եւ պէտք է սորվինք ունկնդրել Իրեն. Աղօթե՛նք իրարու համար: Մեր մէջ՝ պէտք է հզօրացնենք եւ հրահրենք աղօթքը իրարու համար որպէսզի սորվինք նաեւ միասին ամէն ինչ ընել: Եկէ՛ք բանանք մեր սրտերը Տէրունական աղօթքին, Եկեղեցւոյ հասարակութեան աղօթքին: Թող Մեծ Պահքի շրջանը ըլլայ աղօթքի դպրոց մը, դպրոց մը փոխանակումի:
Հոգատար ըլլալ կը նշանակէ նաեւ ծոմ պահել եւ ողորմութիւն ընել: Ասոնք խոնարհ եւ ծածուկ միջոցներ են որոնք կը կատարելագործեն մեր նուիրումը Աստուծոյ եւ ուրիշներուն: Ողորմութիւն ընելը կը նշանակէ բառնալ այլոց հարցերն ու խնդիրները՝ այն վստահութեամբ որ «ուրիշները» խոչընդոտներ չեն մեր ճամբուն վրայ, այլ՝ իսկական եղբայրներ: Այս շրջանին մեծագոյն ներդրումը պէտք է ըլլայ մեր մտահոգութիւնը ուրիշներուն կարիքներուն նկատմամբ, առանց ետ քաշուելու երբ եղբայրներէն մին մեր օգնութեան պէտք ունի հոգալու համար կեանքի անհրաժեշտ եւ հիմնական հարցերը: Պէտք է նաեւ աջակցինք հասարակութեան բարեգործական աշխատանքներուն՝ նպաստելով անոնց յաջողութեան մեր անհատական գործակցութեամբ:
Գոյութիւն ունի նաեւ ուրիշ կարիք մըն ալ, որ դեռ աւելի անհրաժեշտ ու հիմնական է: Նիւթական միջոցներուն պակասը չէ, այլ հոգեւոր սնունդի աղքատութիւնն ու սնանկութիւնն է: Նուազեցումը կամ ալ աւելի գէշ՝ բացակայութիւնը այս էական կարիքին որ կը հայի մարդուն հոգիին՝ լուրջ տառապանք կ'առաջացնէ: Այս աղքատութեան ձեւը ակնյայտ է այն միջավայրերուն մէջ, որտեղ մարդիկ կ'ապրին նիւթապէս բարգաւաճ եւ ապահով, բայց առանց հոգեւոր առաջնորդութեան: Այս իրողութիւնը կը հաստատէ ճշմարտութիւնը Տիրոջ խօսքին թէ «միայն հացով չէ որ կ'ապրի մարդը, այլ ամէն խօսքով որ կ'ելլէ Աստուծոյ բերանէն» (Մատթ 4,4): Իւրաքանչիւր անհատ, իր սրտին խորքերը, ուղղութիւն մը կը փնտռէ. ամէն անձ սէր կը պահանջէ:
Այս հոգեւոր սնունդի աղքատութեան առաջքը առնելու համար՝ կոչուած ենք կատարելու քարոզչութիւնը մեր հաւատքին՝ որ խօսքի բարեգործութիւնն է, զոր պէտք է փաստենք մեր կեանքի վկայութեամբ՝ ողորմութեամբ եւ բարի գործերով, հիմնուելով Քրիստոսի Աւետարանին վրայ, որ կը փրկէ եւ լոյս կը սփռէ տառապանքի խաւարին մէջ, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը եւ ողորմածութիւնը կը հաղորդէ:
Մեծ Պահքի «ժամանակաշրջանը պատեհ առիթ մըն է՝ սուրբ գրային ընթերցումներու եւ խորհուրդներու մատակարարութեան օգնութեամբ՝ նորոգելու մեր հաւատքի ուխտը, ըլլայ անհատական ըլլայ հասարակական գետնի վրայ: Ուղեւորութիւն մըն է դրոշմուած՝ աղօթքով ու բաժնեկցութեամբ, լռութեամբ ու ծոմապահութեամբ՝ ի պատրաստութիւն Զատկուայ ուրախութեան վայելումին»:
Բարի եւ արդիւնաշատ քառասնորդաց շրջան բոլորիդ:
Նյու Եօրք, 12 Փեդրուար 2012
Միքայէլ Եպս. Մուրատեան
Առաջնորդ Տիրամայր Նարեկի
հայ կաթողիկէ թեմին