Պէյրութ
Շաբաթ 18 յունիս 2011-ին, Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, բարձրացուց Հայր Յովսէփ վրդ. Թոփալեանը ծայրագոյն վարդապետի աստիճանին, Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանին եկեղեցւոյ մէջ, եւ շնորհեց անոր «գերյարգելիութեան կարգը» մեծ հանդիսութեան մը ընթացթին, որ կազմակերպուած էր Թոփալեան ծ.վ.-ին քահանայութեան 40-ամեակին առիթով:
Դիւան հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան