Պէյրութ
Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ վախճանած է Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանին հայրը՝ Ազատ Աւետիսի Սարգսեան, որուն հոգեհանգիստն ու յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցան Ստեփանակերտի Սբ. Յակոբ Եկեղեցիին մէջ։ Այս առիթով, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հետեւեալ ցաւակցական հեռագիրը յղեց Նախ. Սերժ Սարգսեանին։
Պէյրութ, 17 Դեկտեմբեր 2013
Տիար Սերժ Սարգսեան
Վսեմաշուք Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Մեծայարգ Պարոն Նախագահ,
Ձեր սիրելի հօր՝ Ազատ Սարգսեանի մահուան առիթով, որ պատահած է Ստեփանակերտի մէջ, յառաջացած տարիքին, ընդունեցէք մեր խորազգած ցաւակցութիւնները։ Այս դժուարին պահուն, կը բաժնենք Ձեր եւ Ձեր ողբացեալ հօր բոլոր հարազատներուն մեծ վիշտը, եւ մեր վշտակցութեան կը միացնենք մեր աղօթքը առ Աստուած որպէսզի մխիթարէ ողբացեալին հարազատները եւ շնորհէ հանգուցեալին յաւիտենական կեանքը:
Աղօթարար՝
† ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց