Պէյրութ
Ստորեւ՝
Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերապայծառ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի սուրբ Զատկուան պատգամը։
Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Վարդապետներ,
Առաքինազարդ Քոյրեր,
Սիրելի հաւատացեալներ,
Ազգիս Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Սուրբ եւ հրաշափառ Յարութեան տօնին՝ մաղթանքս բոլորիդ յոյսի եւ լոյսի պատգամ է։ Այն պատգամը որ իւղաբեր կիները հաղորդեցին առաքեալներուն, թափուր գերեզմանին մուտքին՝ Յարուցեալ Քրիստոսը տեսնելէ եւ անոր ձայնը լսելէ ետք. «տեսայ թափուր գերեզմանը եւ Յարուցեալ ու փառաւորեալ Քրիստոսը, տեսայ հրեշտակները՝ Անոր վկաները եւ վարշամակը զետեղուած գերեզմանին մէջ։ Քրիստոս մեր յոյսը յարեաւ եւ ձեզի կը սպասէ Գալիլիա» (Մատթ. 28, 1-10)։ Երրորդ օրը՝ Զատկուայ Կիրակիի արշալոյսին, Աստուծոյ սէրը կատարեց մեծագոյն հրաշքը՝ առ յաւէտ կործանելով չարին եւ մահուան իշխանութիւնը։ Աստուած հրաշքը կատարեց Յիսուսի մարմնին մէջ, որ երեք օրուան թաղումէ ետք, յարուցեալ ու կենդանի էր։ Ան նոյն հրաշքը գործեց նաեւ իւղաբեր կիներուն եւ առաքեալներուն սրտերուն մէջ, բարձրացնելով զիրենք իրենց սուգի տրտմութենէն՝ դէպի Յարուցեալին կենդանացուցիչ յոյսը՝ որ անծանօթ էր իրենց եւ որ զիրենք կը համակէր անպատում ուրախութեամբ։
Մինչ ազգովին կը նշենք Հարիւրամեակը Մեծ Եղեռնի մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, աղօթքս կը բարձրացնեմ Ամենակարող Աստուծոյ, որպէսզի այս Զատիկը վերածնի, ողողէ եւ հաստատէ բոլորիս սրտերուն մէջ այն միեւնոյն կենդանացուցիչ յոյսը զոր ապրեցան իւղաբեր կանայք ու առաքեալները: Խաչեալ Քրիստոսի մարմնին նման, իւղաբեր կիներուն եւ առաքեալներուն միտքն ու սիրտը փակուած էին դառնութեան, թախիծի եւ համակերպումի գերեզմանին մէջ։ Այն լոյսն ու յոյսի ջերմութիւնը զորս Յարուցեալ Քրիստոսը կը սփռէր, տապալեցին անոնց սրտին ու մտքին տապանաքարը եւ բոլորովին յեղաշրջեցին անոնց կեանքը եւ դարձուցին զիրենք յոյսի առաքեալներ։ Քսանմէկերորդ դարու մարդկութիւնն ալ ունի իր միտքի ու խղճի դամբարանները։ Փրանկիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 2013-ի Յուլիս 8-ին, Իտալիոյ Լամփետուզա կղզիին վրայ զանազան երկիրներէ ժամանած եւ հոն հաւաքուած պանդուխտներուն եւ գաղթականներուն տուած իր այցելութեան առթիւ, խստօրէն դատապարտեց մարդկութեան խղճի եւ մտքի այս գերեզմաններէն մին՝ այն է՝ Անտարբերութեան համաշխարհայնացումը։ Անտարբերութիւնը՝ խիղճի եւ սրտի իսկական գերեզման մըն է, որովհետեւ կը ջլատէ ու անլսելի կը դարձնէ տառապողներուն ողբն ու հեծկլտանքը եւ կը մարէ պապակը արդարութեան, Աստուծոյ եւ աղօթքի։ Անտարբերութիւնը՝ սրտերու թմրեցուցիչ մըն է, շատ վնասակար թմրեցուցիչ մը, որ կրնայ մահացու ըլլալ, որովհետեւ անզգայ կը դարձնէ ուրիշներուն տառապանքին ու ցաւին նկատմամբ, մինչ չարին թունաւոր արարքները կը սփռուին ամենուրեք շարունակելով իրենց մահացու եւ ահաբեկիչ ձեռնարկները։
Հարիւր տարիներ շարունակ, Ազգիս Հայոց մէկուկէս միլիոն նահատակներու արդար դատին պահանջատիրութիւնն ալ բախեցաւ քսանմէկերորդ դարու մարդկութեան խղճի այս համաշխարհային անտարբերութեան։ Մեծ պետութիւններ՝ որոնք կարողութիւնն ունէին եւ ունին, վերահաստատելու հայութեան դարաւոր իրաւունքները ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, «ոչ վախնալով Աստուծմէ ոչ ալ ամչնալով մարդոցմէ», կուրցած իրենց նիւթական շահերէն եւ խուլցած անտարբերութեամբ կը շարունակեն չլսել մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու թափած արեան կանչը, որ արդար Աբելի արեան կոչին նման հասաւ մինչեւ Աստուած։ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ այդ մեծ պետութիւններուն անտարբերութեան հետեւանքով ծնան հրէական, Ռուանտայի, Գամպոտիայի եւ Սուտանի ցեղասպաննութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր ներկայ ժամանակներու Իրաքի, Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ փոքրամասնութիւններուն հալածանքը, կոտորածն ու տեղահանութիւնը։ Այս սրտի եւ խղճի խաւարապատ գերեզմանէն կրնանք յարութիւն առնել միայն այն ատեն, երբ մեր մէջ վերածնի եւ վերարծարծի յոյսի լոյսը։ Այն յոյսի լոյսը զոր Յարուցեալ Քրիստոս՝ արդար դատաւորը, Զատկուան օրը ճառագայթեց իր մարդասէր եւ անհուն սրտէն։ Սիրելի հաւատացեալ Հայորդիներ, այս Հարիւրամեակի Զատկին, հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, մենք՝ հարազատ շառաւիղները մեր բիւրաւոր նահատակներուն՝ եկէք միասնաբար շարունակենք անսասան հաւատքով, վառ յոյսով ու աննկուն կամքով մեր պահանջատիրական յաղթական երթը՝ յարուցեալ, անմահ եւ կենդանացուցիչ Քրիստոսի ճշմարտութեան յաւերժական ճանապարհով։
Քրիստոս՝ մեր յոյսն ու լոյսը, յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։
31
Մարտ 2015
+
Միքայէլ Եպս. Մուրատեան
Առաջնորդ
Հիւսիսային Ամերիկայի
Տիրամայր
Նարեկի
Հայ
Կաթողիկէ Թեմին