Հինգշաբթի, 19 Օգոստոս 2010 - Շնորհակալագիր՝ Հայաստանի ազգային գրադարանէն


Պէյրութ, Լիբանան 

 

Հայաստանի
դեսպանատան հրաւէրով՝ հինգշաբթի, 12 օգոստոս 2010 առաւօտեան ժամը 11.00-ին, Լիբանանի հայ գրադարաններու պատասխանատուներ, հայ մամուլի տնօրէններ եւ լիբանանահայ մտաւորականներ ժամանած էին Հայաստանի դեսպանատուն, ստանալու համար յատուկ «շնորհակալագիրը», զոր ուղղարկուած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն՝ պրն. Դաւիթ Սարգսեանի կողմէ, նախաձեռնութեամբ Հ.Հ. Մշակոյթի նախարարութեան։ Սոյն շնորհակալագիրը յանձնուեցաւ ձեռամբ՝ վսեմաշուք դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեանի։

 

Պատուարժան հիւրերը ընդունուեցան դեսպանատան պաշտօնական հիւրասրահը, ուր պարոն դեսպանը բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ու Հայաստանի դեսպանատան, Հ.Հ. մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի անունով խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք Հայաստանի Ազգային Գրադարանին հանդէպ ցուցաբերեցին գործակցութեան ոգի ու գրքահաւաքի կոչին արձագանքեցին եւ ջերմեռանդ մասնակցութիւն ցուցաբերեցին։ Ան աւելցուց. «Ձեր շնորհիւ Լիբանանէն դէպի Ազգային գրադարան փոխադրուեցաւ շուրջ 5000 գիրքեր ու ձեր դրական ընթացքը լաւագոյն արտացոլացումն է Մայր Հայրենիքի հանդէպ լիբանանահայ համայնքին ունեցած սիրոյն»։

 


Նշենք
թէ,Հայաստանի Ազգային գրադարանի ներկայացուցիչ՝ Օր. Սիւզան Սիմոնեան, Զմմառու մայրավանք ժամանած էր երկուշաբթի, 15 Մարտ 2010-ին, եւ որպէս ներկայացուցիչ սոյն գրադարանին, տնօրէնութեան անունով պաշտօնապէս խնդրած էր, որ Զմմառու մատենադարանի վերջին 30-40 տարիներու հրատարակած գիրքերու փոխանակումը տեղի ունենայ։ Սոյն դիտաւորութեամբ գործնական քայլեր առնուեցան եւ Զմմառու մատենադարանէն եւ Հայ կաթողիկէ «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագրատունէն, մեծ քանակութեամբ հայկական գիրքեր փոխանցուեցան Հայաստանի Ազգային գրադարան։

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ