Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2011 - Ք. Լեւոնեան հայ վարժարանի նոր ժառանգաւոր եղբ. Արամ Սաատո

 

Հռոմ 

Կիրակի 03 Ապրիլ 2010ին, քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի ժառանգաւորները յատուկ երերկոյ մը անցուցին, որովհետեւ վարժարանի մեծաւոր՝ հայր Գէորգ ծ.վ. Նորատունկեան հասարակութեան միացող նոր ժառանգաւոր եղբ. Արամ Սաատո-ին յանձնեց կապան, ինչպէս նաեւ քահանայական շապիկը՝ clergyman-ը, զանոնք օրհնելէ ետք:

Երեկոյեան ժամը 7-ին հասարակութիւնը հաւաքուեցաւ սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր նոր թեկնածու՝ ժառանգաւոր Արամ Սաատո մուտք գործեց եկեղեցի, եւ խորանին առջեւ ներկայացուց իր նոր զգեստները: Եղբ. Արամ Սաատո-ին առաջնորդեց կիս. Հրայր Զահթէրեան, որուն հայր Գէորգ յանձնեց կնքահօր պաշտօնը մօտէն հետեւելու անոր ընթացքին  եւ դասերուն: Հայր Գէորգ սուրբ զգեստները օրհնելէ ետք հրաման տուաւ անոր հագնելու, կոչ ուղղելով զանոնք մշտական մաքուր պահելու:

 Եղբ. Արամ Սաատո ծնած է Սուրիոյ Քամիշլի քաղաքը: Վեց տարիներ շարունակ աշակերտած  է Հալէպի ընծայարանէն ներս: Իր դպրոցական ուսումները աւարտելով, ան այժմ փոխադրուած է Հռոմի Լեւոնեան վարժարան, հետեւելու Իտալերէն լեզուի դասընթացքներուն: Ապա ան իր փիլիսոբայական եւ աստուածաբանական ուսումներուն ստիզբ պիտի տայ դարձեալ հռոմի մէջ:

Յաջողութիւններ կը մաղթենք ժառանգաւոր Արամ Սաատոյին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ