Դամասկոս
Երբ արիւնահոսութիւնը անվերջ կերպով կը շարունակուի մեր սիրելի սուրիական հայրենիքին մէջ եւ երբ սուրիահայութիւնը կը փորձէ յաղթահարել ողբալի ներկայ կացութիւնը, այս տագնապին մէջ մեզ ներքաշուած տեսնելու անյաջող փորձերը դժբախտաբար կը շարունակուին։
Սուրիահայութիւնը խաղաղ գոյակցութեան երկարամեայ պատմութեան փորձով կը յայտարարէ, որ թէ՛ նկարագիրով եւ թէ սկզբունքով ամէն տեսակի վայրագութեանց ու արիւնահեղութեանց դէմ եղող համայնք մը կտրականապէս դէ՛մ է եւ դէ՛մ կը մնայ զինեալ բախումներուն։
Մեր հաւատքն է, որ միմիա՛յն երկխօսութեան ճամբով կարելի պիտի ըլլայ վերահաստատել հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը սուրիական հայրենիքին մէջ, ապահովելով բոլոր համայնքներու համակեցութիւնը՝ հանդուրժողութեան, յարգանքի ու սիրոյ սկզբունքներով։
14 Սեպտեմբեր 2012
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏԵՐ