Մարտինցի: Իր նախորդներուն պէս , իր համայնքին նեղ սահմաններէն դուրս ճառագայթող անձնաւորութիւն մը: Հալէպի Արքեպիսկոպոս ու, մինչեւ 1962, Պատրիարքական փոխանորդ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Պատրիարք-Կարդինալին, Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ.ի Պատրիարքութեան 15 տարիները հարուստ են հայկական ու լիբանանեան կեանքէն ներս դրուագներով:
Անոր ազդու միջամտութեան շնորհիւ, լիբանանահայ գաղութը կրցաւ Եղեռնի Յիսնամեակը տօնել, որուն ընդդիմացած էին թաքուն ուժեր: Իր նահատակ ժողովուրդին վկայութիւնը բերաւ նաեւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովին 2500 եպիսկոպոսներու առջեւ: Իսկ Պոլսոյ քաղաքապետին պատասխանեց. «Վսեմաշո՛ւք տիար, Հայոց Ջարդերը ի՞նչպէս յերիւրածոյ պատմութիւն կը կոչէք, երբ հայրս, մայրս, քոյրերս եւ ընտանիքիս անդամներուն մեծ մասը այդ մռայլ դէպքերուն զոհ գացին»:
Նոյն անաչառ քաջութիւնը ցուցաբերեց նաեւ լիբանանեան ներքին հարցերէն ներս, ամէն մէկուն ըսելով իր ճշմարտութիւնը:
|