|
Շաբաթ, 30 Մարտ 2013 - Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան եւ թաղման կարգի արարողութիւն
Սուրբ Փրկիչ եկեղեցի, Պուրճ Համմուտ
Ուրբաթ, 29 մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 4.30-ին, Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նախագահեց Աւագ Ուրբաթի երեկոյեան ժամերգութիւնը եւ Քրիստոսի խաչելութեան ու թաղման կարգի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեանի, եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի, տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի, սպասաւորաց եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց Չարչարանաց հետեւեալ քարոզը.
«Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր Գերապատիւ վարդապետներ Առաքինազարդ քոյրեր Եւ բարեպաշտ հաւատացեալներ«
Այսօր, Աւագ Ուրբաթ օրն է։ Այսօր, մենք կը յիշատակեն Յիսուսին չարչարանքները, մահը խաչին վրայ եւ անոր թաղումը։ Եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ որ, իր մահէն ետք, Յիսուսի հոգին Երկինք ելաւ եւ Երկնքի դռները, որոնք գոց մնացած էին Ադամի մեղքէն ի վեր, ցմիշտ բացաւ բոլոր արդարներուն առջեւ։ Աւագ Ուրբաթ օրը յատուկ կերպով կը խոկանք Յիսուսի չարչարանքներուն եւ անոնց նպատակին մասին, որ է մեր փրկութիւնը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ, մեղաւորներուս հանդէպ: Վաղը, Աւագ Շաբաթ օրը, կը յիշատակենք Յիսուս, որ կը քակէ Հին Կտակարանի արդարներուն կապանքները, Ադամէն սկսեալ մինչեւ Յովհաննէս Մկրտիչ, եւ զանոնք Երկինք կը մտցնէ։ Աւագ Շաբթուան գիշերը, Յիսուսի փառապանծ Յարութեան տօնն է, որով նոր հանգրուան մը կը սկսի աշխարհի պատմութեան մէջ եւ մարդկութեան համար՝ սիրոյ եւ խաղաղութեան շրջան մը։
Եբրայեցիներու թուղթին մէջ հետեւեալ Յիսուսին խօսքը կը կարդանք Աստուծոյ ուղղուած. «Չուզեցիր ո՛չ զոհ եւ ո՛չ ընծաներ, այլ մարմին մը տուիր ինծի...այն ատեն ես ըսի. Ահաւասիկ...ո՛վ Աստուած, եկած եմ քու կամքդ կատարել» (Եբր. 10, 5 և 7): Մարդը, որպէսզի ապրի իբր հարազատ քրիստոնեայ , պարտի նմանիլ Յիսուսին։ Նմանիլ ոչ միայն Անոր հեզութեան ու խոնարհութեան, ինչպէս Յիսուս ինքը մեզի կը պատուիրէ, եւ որ շատ կարեւոր են, այլ նմանիլ նաեւ Անոր չարչարանքներուն եւ մահուան։ Այս իմաստով, Սուրբ Պօղոս կ'ըսէ. «Քրիստոսի կերպարանակից ըլլալով անոր մահուան, յոյսով հասնելու համար մեռելներու յարութեան» (Փիլ. 3, 10-11)։ Սուրբ Պօղոսին համար, Քրիստոսին խաչը գայթակղութեան պատճառ չէ, այլ ընդհակարակը՝ փառքի արժանի է: Որովհետեւ, խաչի վրայ, Յիսուս մեզի ցոյց տուաւ սիրոյ արտայայտութեան գերագոյն նշանը: Եթէ ոչ՝ խաչը աղէտ մը պիտի ըլլար եւ ոչ թէ յաղթանակի նշան մահուան դէմ: Մենք գիտենք որ Յիսուս մեռաւ մեզի համար, երբ մենք մեղաւոր էինք, այսինքն՝ Աստուծմէ հեռու էինք: Սուրբ Պօղոս այսպէս կը բացատրէ այս կարեւոր դէպքը. ,Քրիստոս մեռաւ մեզի՝ ամբարիշտներուն համար,... հազիւ թէ մէկը յօժարի մեռնիլ արդարին համար. Թերեւս բարի մարդու համար մէկը յօժարի մեռնիլ: Աստուած իր սէրը յայտնեց մեզի, քանի որ Քրիստոս մեռաւ մեզի համար, մինչ մենք տակաւին մեղաւոր էինք (Հռ 5, 6-8)»: Սովորաբար, մենք չենք հանդուրժեր սխալ եւ մեղք գործողները, այլ զանոնք կը դատապարտենք ու կը նախընտրենք իրենցմէ հեռու մնալ: Եւ ամէն մարդ մեր ըրածը կը հասկնայ եւ մեզի իրաւունք կու տայ: Սակայն, այս վարուելակերպը քրիստոնէական վարուելակերպ մը չէ, այլ աշխարհիկ տրամաբանութեան արդիւնք է: Անկէ կը հետեւցնենք, թէ որքան տարբերութիւն կայ աշխարհիկ եւ քրիստոնեայ տրամաբանութեան միջեւ: Ինչ որ ըսել կու տայ Սուրբ Պօղոսին Հռոմի քրիստոնեաներուն. «Մի՛ կերպաւորուիք ներկայ աշխարհիս համաձայն, այլ կերպարանափոխուեցէք ձեր իմաստութեան վերանորոգումով, որպէսզի գիտնանք Աստուծոյ կամքը եւ ինչ որ բարի է, ինչ որ Աստուծոյ հաճելի ու կատարեալ» (Հռ. 12.2): Մենք, քրիստոնեաներս, պարտինք հետեւիլ խաչի տրամաբանութեան, որ սիրոյ արտայատութեան գագաթնակէտն է, եւ որ Սուրբ Պօղոսին ըսել կու տայ. «Ես չեմ պարծենար եթէ ոչ միայն խաչով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի» (Հռ. 6, 14): Խաչի փառքը լուսաբանեց բոլոր անոնք, որոնք կոյր էին, որովհետեւ չէի հասկցած խաչին վսեմ իմաստը, որ սիրոյ արտայայտութիւն մըն է: Եւ ո՞վ կրնայ ապրիլ առանց սիրոյ: Յիսուսի սէրն է որ մեզ փրկեց մեր մեղքերէն: Մենք պէտք չէ գայթակղինք Յիսուսի խաչէն, կամ զայն մերժենք: Ճիշդ է Սուրբ Պօղոսի խօսքը թէ. ,Խաչի լեզուն հրեաներուն համար գայթակղութիւն է, իսկ հեթանոսներուն համար յիմարութիւն է, բայց մեզի համար փրկութեան աղբիւր է (տես Ա. Կրն 1,18): Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը, որ տեղի ունեցան Մատրիտ Օգոստոս 2011-ին, բացառիկ դէպք մը արձանագրեցին, երբ ներկայ երիտասարդները, աշխարհի քրիստոնեաները դաստիարակեցին խաչին մասին իրենց արտայայտութիւններով, տալով զքանչելի հաւատքի վկայութիւններ: Այս երիտասարդները իրենց սէրը ցցուցին Սուրբ Խաչին հանդէպ: Եւ ահա՛, այս շրջուն խաչը Պրազիլի ճամբան բռնեց, ուր Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը տեղի պիտի ունենան Rio di Janeiro յառաջիկայ 23-էն 28 Յուլիսին: Ասիկայ պերճախօս պատգամ մըն է ներկայ հաւատքի Տարուան առիթով՝ Սուրբ Աւետարանին հետեւելու եւ մեր կեանքը արմատաւորելու Քրիստոսի վրայ, դառնալու համար քրիստոնեայ խմորը մարդկային զանգուածին, եւ բերելու յոյսը որ կը ծնի հաւատքէն, անոնց որ ուղեկորոյս են եւ անորոշութեան մէջ կը խարխափին ու կը փնտռեն լաւագոյն ուղին իրենց կեանքին համար: Այս ուղին գտնելու համար, պէտք չէ տրամաբանել աշխարհիկ գաղափարով, այլ աւետարանական ճամբով որ կ΄անցնի Քրիստոսի Խաչին միջոցաւ: Հետաքրքրական է իմանալ, որ Երիտասարդաց ամէն համաշխարհային հանդիպումէն ետք, հազարաւոր երիտասարդ երիտասարդուհիներ իրենց կեանքը կը փոխեն, Քրիստոսի եւ անոր խաչին աւելի կը մօտենան, որովհետեւ հոն գտան իրենց կեանքին իմաստը, ինչպէս նաեւ ելքը աշխարհի զանազան անարդարութեան եւ բռնութեան վիհէն: Անոնք սկսած են մտածել աւետարանական իմաստութեամբ եւ ո՛չ թէ մարդոց տրամաբանութեամբ: Սկսած են հասկնալ ցաւին խորհուրդը եւ լուծումը խաչին միջոցաւ՝ սիրոյ վրայ ընտրուած եւ ոչ պարտադրուած: Ասոր համար, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, խաչը թող չըլլայ ձեզի համար ուրախութեան աղբիւր միայն երբ ամէն ինչ հանդարտ է, այլ բոլոր պարագաներուն մէջ: Վստահ եղէք որ Խաչը նոյնքան ուրախութիւն պիտի պատճառէ ձեզի դժուարութեան ատենն ալ: Դուք, Յիսուսի աշակերտներ չէք միայն խաղաղութեան շրջանին եւ թշնամի կը դառնաք պայքարի ժամանակ: Ո՛չ, դուք Յիսուսի աշակերտներ էք եւ Հօր Աստուծոյ զաւակներ: Եւ Աստուած չի ձգեր իր զաւակները, որոնք իրեն կառչած կը մնան: Յիսուս ըսաւ. «Ես ձեզի հետ եմ ամէն օր»: Ուրեմն դուք երբեք առանցին չէք: Այս խօսքը կրկնեց նաեւ Սրբ. Պապը երէկ իր քարոզին ընթացքին: Մենք, համոզուած քրիստոնեաներս, եւ 1712 տարիներու քրիստոնեայ ժառան•ութեան զաւակներ, մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ կամ չէզոք դիրք բռնել խաչին դիմաց։ Աւա• Ուրբաթ Օրուան զգալի եւ յուզիչ ձեր բարեպաշտութիւնը պարտի ձեզ արթուն պահել, պաշտպանելու համար ձեր կենսական համոզումները Սուրբ խաչին նկատմամբ եւ անոր բարեբեր նպատակը միշտ ունենալ ձեր աչքին առջեւ։ Ընդունելի չէ ձեռքերը լուալ Պիղատոսի նման եւ ըսել թէ ասիկա իմ գործս չէ, ասիկայ եկեղեցականներու եւ կրօնաւորներու գործն է ։ Տիկինե՛ր, մի՛ վախնաք եւ մի՛ ամչնաք ձեր եւ ձեր զաւակներուն վիզէն խաչը կախել փոխանակ կախելու անիմաստ զարդարանքներ։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ձեր այսօրուան աղօթքները եւ անոնց իմաստը ձեր մտքին մէջ վառ պահեցէ`ք եւ անոնց մասին յաճախ խոկացէք, որպէսզի զինուած մնաք սատանայի խաբէութիւններուն եւ սադրանքներուն դէմ։ Սաղմոսը կ'ըսէ. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը՝ իմ Աստուածս, որ ձեռքերս վարժեցուց պատերազմի, եւ մատներս՝ ճակատամարտի» (Սղ. 144,1)։ Հոս կը խօսուի պատերազմին մասին սատանային դէմ։ Մեր ոգեւորիչ «Խաչի քո Քրիստոս» շարականը աղօթելու ժամանակ՝ լաւ մտածեցէք ձեր արտայայտութիւններուն մասին խաչին նկատմամբ, երբ կ'երգէք. «Խաչի քո Քրիստոս երկիր պագանեմք, եւ զսուրբ չարչարանս քո մեծացուցանեմք, ... Խաչն կենարար որ եղեւ մեզ փրկութիւն, սովաւ ամենեքեան զքեզ բարեբանեմք ... Որ ի Հօրէ լուսոյ լոյս ճառագայթեալ ի յերկրի, եւ գաւազան զօրութեան հաւատացելոց զքեզ բարեբանեմք». Ամէն»։
|