Չորեքշաբթի, 2 Մարտ 2011 - Վարդանանց հերոսամարտի 1560-ամեակը Հ. Կ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ

 

Պուրճ Համմուտ

 

‏‏‏«Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել. ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած։ Մենք ոչին­չով աւելի լաւ չենք մեր նախնիներէն, որոնք այս հաւատքին համար իրենց գոյքը, ստացուածքը եւ մարմինները դրին»։ Վարդանանց մարտիկներուն այս համոզումներով ներշնչուած, Հայ Կաթողիկէ Մես­րոպ­եան Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը, երեքշաբթի, 1 մարտ 2011-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տօնակատարեցին Սրբոց Վարդանանց նուիրուած հանդէսը, որուն ներ­կայ էին Մեսրոպեան Բարձրագոյն եւ Արուեստից վարժարաններու աշա­կեր­տու­թիւնը, ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու ներկայացուցիչներ, Ծնո­ղա­կան օժանդակ մարմինի անդամներ, հիւրեր։

Հայաստանի, Լիբանանի պետական քայլերգներու եւ վարժարանի քայլերգի կատարումով սկիզբ առած տօնահանդէսին բացման խօսքին մէջ, աւարտական դասարանի աշա­կեր­տու­հի Ցոլին Շահինեան ըսաւ. «Վար­դա­նանք այն 1036 սուրբ նա­հա­տակ­ներն էին, որոնք հայոց սպա­րա­պետ՝ Վար­դան Մամիկոնեանին գլ­խա­­ւորութ­եամբ 451 թուա­կանին Աւարայրի դաշտին վրայ իրենց կեանքը ըն­­ծա­յա­բերին «վասն հաւատքի եւ վասն հայրենեաց» մղուած ճա­կա­տա­մար­­տի ընթացքին։ Աւարայրի ճակատամարտը խիղճի, հաւատքի եւ ժողովուրդի ինք­­նուրոյնութեան ու ազատութեան վրայ ի գործ դրուած բռնութեանց դէմ, հա­յութեան համընդհանուր ընդվզումի, ան­­հուն զոհողութիւններու եւ գի­տակ­ցուած նահատա­կու­թիւն­նե­րու խորհրդանիշն է։ Անի­կա թէ՛ անցեալի սերունդներու եւ թէ՛ ներ­կայ սերունդին համար հերո­սու­թեան եւ անձնա­զո­հու­թեան ուսանելի էջ մըն է»։

Բացման խօսքին յաջորդեց գեղեցիկ պատրաստուած գեղարուես­տա­կան յայտագիրը, որ կ՛ընդգրկէր վարժարանի երգչախումբի ելոյթ, մենա­պար, ասմունք, քոնկ ֆու ցուցադրութիւն, նուագ ֆլիւթի, դաշնամուրի եւ քլա­­րինէթի վրայ, ինչպէս նաեւ տեսահոլովակի ցուցադրութիւն՝ պատ­րաստ­ուած Ժագ Յակոբեանի «Վարդանատօն» ստեղծագործութեան հիման վրայ։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ վարժարանի կիթառահարներու խումբը։

Օրուան
հիւր-բանախօսն էր Պր Յակոբ Հաւաթեան, որ խօսք առնելով ըսաւ.«Թերեւս մենք ալ, երբ տարիքին էիք,  կը մտածէինք, թէ ինչո՞ւ ամէն տա­րի այս խանդավառութեամբ կը տօնենք այս թուականը։ Սիրելի աշա­կերտ­ներ, Վարդանանց տօնը մեր գերագոյն, սրբազնագոյն տօներէն մէկն է, որով­հետեւ եթէ չըլլար Վարդանանց պատերազմը, եթէ չըլլային Վար­դա­նանց հերոսները, հաւատացէք, մենք չէինք ըլլար հոս, հայ չէինք ըլլար։ Վա­ր­դանանքը մենք իւրաքանչիւր վայրկեան պէտք է ապրեցնենք մեր սրտե­րուն, մեր հոգիներուն մէջ»։ Այնուհետեւ շարունակելով, Պր. Հաւաթ­եան ըսաւ. «Դուք մեր վաղուան Վարդանանց կերտողներն էք, Վար­դա­նանց ապ­րեց­նող բանակն էք՝ հոս հայ դպրոցին մէջ։Այն հայ աշակերտը, որ օտար վար­ժարան կը յաճախէ, զրկուած է այսօրուան առիթէն։ Մինչ եկող Վար­դա­նանց, աշխատինք մեր դրացիին, մեր մօտ ազգականին հայ դպրոց յա­ճա­խե­լու կարեւորութիւնը շեփորենք»։

Տօնահանդէսի փակման խօսքը փոխանցելու համար բեմ հրաւիր­ուե­ցաւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, որ առաջին հերթին շնորհաւորեց Վարդան, Վահան, Գարեգին, Խորէն, Արտակ, Արսէն, եւ Վար­դա­նանց հերոսամարտի մասնակից այլ արական անուն­ներ կրող աշա­կերտ­նե­րը իրենց անուանակոչութեան առիթով, ապա յատուկօրէն շնորհաւորեց Գե­րա­պայծառ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան՝ իր անուանակոչութեան առի­թով։ Պր. Գալուստ շնոր­հակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսին, շինիչ պատգամի համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օրուան յայտագիրին վրայ աշխատած եւ գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած բոլոր աշակերտներուն եւ պաշտօնեաներուն։ Պր. Գալուստ իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Այսօրուան տօնահանդէսը սովորական հանդէս մը չէ։ Ես ձեզմէ պահանջելու պէս կը խնդրեմ, որ չմոռնաք Վարդանանց պատգամը՝ այլ վերածէք առօրեայ ապրումի։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է դառնալու մէկական պատգամաբեր մեր սիրելի Լիբանանի մէջ, սիրելի Պուրճ Համուտի մէջ, հայկականութեան վնասող բոլոր տեսակի վտանգներուն, ոսոխներուն ըսելու համար «ոչ»։ Կոչ կ՛ուղղեմ, ուր որ ապրիք, ապրեցէք հայօրէն, տարածելով Վարդանի շունչը»։ Այ­նուհետեւ բո­լոր ներկաները ոտնկայս կատարեցին Արեգ Լուսինեանի (երաժշ­տու­թիւ­նը) եւ Քոյր Ար­շա­կու­հի Մալճեանի (խօսք) «Ուխտ Վարդանանց» երգը, որ­պէս հան­դի­սա­ւոր աւարտ Սրբոց Վարդանանց նուիրուար տօնա­կա­տա­րութ­եան։

Օրուան հանդիսավարներն էին աւարտական դասարանի աշա­կերտ­ներ՝ Սարգիս Կիւճէլեան եւ Ալին Սապունճեան։

 

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ