Լիբանան
Շաբաթ, 13 Յունիս 2009-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը եկած էր վայելելու մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու ամավերջի եւ վկայականներու բաշխման հանդէսը: Խորհրդաւոր կերպով մուտք գործելով բեմ, թիւով 53 Ծաղիկները նախ կատարեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգները, այնուհետեւ բեմ հրաւիրեցին վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստը, որպէսզի ուղղէ իր խօսքը: Տնօրէնը նախ աւարտական 53 աշակերտներու անունով ողջունեց բոլոր ներկաները 70-ամեայ վարժարանի յարկին տակ, ապա ըսաւ. «Այսօրուընէ սկսեալ անոնք՝ մեր 53 ծաղիկները այլեւս մանկապարտէզի սաներ չեն կոչուիր: Անոնք, դառնալով մանկապարտէզի 70-րդ հունձքը, պիտի սկսին քալել ուսման երկար ու ձիգ մայրուղիէն, նուաճելու համար աւելի բարձր վկայականներ, միշտ պատիւ բերելով թէ իրենց ընտանիքներուն, թէ յատկապէս իրենց վարժարանին»: Շարունակելով իր խօսքը, տնօրէնը նկատել տուաւ, թէ որքան գեղեցիկ ու համարձակ են անխտիր բեմի վրայ կեցած բոլոր փոքրիկները, որոնք «Մեսրոպեան մանկապարտէզին մէջ զինուեցան հոգեւոր եւ հայեցի դաստիարակութեամբ, սորվեցան հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներ»:
Խօսքը ուղղելով հանդիսականներուն, տնօրէնը ըսաւ. «Լաւ նայեցէք այս մանուկներուն. անոնք Մանկապարտէզ եկան վախվորած քայլերով, անկէ կÿելլեն հաստատ ու ամուր եւ, ո՞վ գիտէ, անոնցմէ շատեր կրնայ ըլլալ վաղուան Լիբանանին ու հայ ազգին պատիւ բերող ղեկավարները պիտի դառնան»:
Հանդէսին մարդաշատ ներկայութեանը անդրադառնալով, Պր. Գալուստ շեշտեց, որ այդ մէկը «ինքնին փաստն է մեր հանդէպ ձեր վստահութեան» եւ օրը յարմար առիթ համարելով իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց աշակերտութեան ծնողներուն «մեր 70-ամեայ կրթօճախին ձեր տածած վստահութեան համար»: Իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէնը նաեւ անդրադարձաւ նոր եւ արդիական մանկապարտէզ կառուցելու ծրագիրին, որը կÿիյնար վարժարանի 70-ամեակի յոբենելական հանդիսութիւններու ծիրին մէջ, եւ որուն հիմնարկէքը արդէն իսկ կատարուած էր:
Խօսքը ուղղելով օրուան հերոսներուն՝ փոքրիկներուն, Պր. Տնօրէնը ըսաւ. «Կÿուզեմ ըսել, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը հարազատ է ու թանկարժէք ինծի համար: Այսօր ես մեծ ուրախութեամբ ձեզի պիտի մաղթեմ բարի երթ դէպի կեանքի նոր հանգրուան՝ ուսման աշխարհ: Դուք տակաւին 12 տարի ունիք ուսանելու այս հաստատութեան պատերուն ետեւ: Ես մեծ յոյսով պիտի մաղթեմ, որ այսպիսի գեղեցիկ օր մըն ալ, դարձեալ այս բեմէն ձեզի յանձնենք արդէն Պաքալորէայի վկայական»: Այնուհետեւ ան շնորհաւորեց բոլոր ծնողները իրենց կեանքի ամենագեղեցիկ օրուան համար, երբ անոնց զաւակները կը ստանձնէին իրենց կեանքի առաջին վկայականները եւ մաղթեց, որ այդ ուրախութիւնը ուղեկցէ անոնց ողջ կեանքին ընթացքին: Օգտուելով առիթէն, տնօրէնը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր այն կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, անհատ անձնաւորութիւններուն, որոնք միշտ թեւ եւ թիկունք եղած են Մեսրոպեան մանկապարտէզին, օժանդակելով անոր տարբեր առիթներով: Ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի պատասխանատու Տիկ. Մարիա Պէօճէքեանին, որ իր կեանքի 25 լաւագոյն տարիները նուիրաբերած է մանկավարժութեան ասպարէզին: Տնօրէնը շնորհակալութիւն նաեւ յայտնեց մանկապարտէզի բոլոր ուսուցչուհի-դաստիարակչուհիներուն, որոնք ողջ տարին աշխատեցան յատուկ բծախնդրութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ գուրգուրանքով: Եւ աւարտելով իր խօսքը, Պր. Կրէկուար Գալուստ հրաւիրեց բոլորը, որպէսզի վայելեն փոքրիկներուն եւ անոնց ուսուցչուհիներուն յոգնութեան պտուղը՝ աւարտական հանդէսը:
Այս հանդէսը երկու ժամուան անսահման ուրախութեան ու բերկրանքի պահեր պարգեւեց բոլորին: Մանուկներուն ասմունքը, երգն ու պարը անհուն բերկրանքի ու երջանկութեան պահեր պարգեւեցին ներկաներուն: Հանդէսի աւարտին վարժարանի տնօրէնը եւ մանկապարտիզպանուհին կատարեցին վկայականաց բաշխման արարողութիւնը, որմէ առողջական խնդիրներով կը բացակայէր վարժարանի աշակերտութեան «մեծ Հայրը»՝ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանը, որուն ուղղուած առողջութեան յատուկ մաղթանքի խօսքով հանդէս եկաւ Պր. Կրէկուար Գալուստ, եւ վստահեցուց, որ անոր բացակայութիւնը միայն ֆիզիքական է. հոգեպէս եւ աղօթքներով ան միշտ վարժարանին հետը եղած է:
Այսպիսով աւարտ գտաւ Մեսրոպեան Մանկապարտէզի 70-րդ հունձքին նուիրուած ամավերջեան հանդէսը: