Հինգշաբթի, 18 Օգոստոս 2011 - 26-րդ համաշխարհային երիտասարդներու օրուան բացման պատարագը Մատրիտի մէջ


Մատրիտ

Երէկ՝ չորեքշաբթի 17 օգոստոս 2011, տեղի ունեցաւ 26-րդ համաշխարհային երիտասարդներու օրուան բացման պատարագը, Մատրիտի «Սիպէլ» հրապարակին վրայ, նախագահութեամբ Մատրիտի կարդինալ Անթոնիօ Վարելայի եւ մասնակցութեամբ հարիւր հազարաւոր երիտասարդներու։ Այս պատարագը մատուցուեցաւ ի յիշատակ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին։
Կարդինալ Վարելա իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Յովհաննէս Պօղոս Բ. «երիտասարդներու քահանայապետը» եւ «երիտասարդները համայն Եկեղեցւոյ յոյսն ու ապագան են»։
Ան այս առթիւ կոչ ուղղեց երիտասարդներուն Նոր Աւետարանացման, անոնց յիշեցնելով որ Աստուած կը գտնեն սուրբ Հաղորդութեան մէջ։ Կարդինալը յոյս յայտնեց, որ երիտասարդներուն աղօթքները նուիրուին պատերազմներու զոհերուն, սուրբ Երկրի երիտասարդներուն եւ վիժումի դիմող բոլոր կիներուն։ Ան նաեւ յայտնեց կարեւորութիւնը յիշելու բոլոր նոր քահանայական կոչումները եւ Եկեղեցւոյ նուիրեալները։

Այս օրերուն հետ զուգահեռ, Լիբանանի մէջ հայ երիտասարդներու համար կազմակերպուած քայլարշաւը յառաջիկայ օրերուն ընթացքի մէջ է եւ մանրամասն տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել հետեւեալ հասցէն՝
http://www.facebook.com/event.php?eid=195799593817054


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ