Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2012 - Հայր Գէորգ Ծայրագոյն Վարդապետ Զապարեանի 40 ամեակ

Մոնրէալ, Գանատա

Կիրակի 18 նոյեմբեր 2012-ին, գերյ. հայր Գէորգ ծ. վրդ. Զապարեան, իր քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին առթիւ, ներկայութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց թեմի առաջնորդ՝ արհիապատիւ տէր Միքայէլ եպս. Մուրատեանի, գոհաբանական երկու պատարագներ մատոյց Գանատայի Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, մին՝ արաբախօս եւ միւսը՝ հայախօս հաւատացեալներուն համար, հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ:

Իւրաքանչիւր Պատարագի ընթացքին խօսած իր քարոզին մէջ, Յոբելեար վարդապետը անդրադարձաւ՝ Լիոն, Հռոմ, ապա 22 տարիներէ ի վեր Մոնրէալ իր մատուցած քահանայական ծառայութեան՝ ի սպաս Աստուծոյ, Հայ Ազգին եւ Հայ Եկեղեցւոյ: Արհիապատիւ առաջնորդը, որ Հռոմի Լեւոնեան դպրեվանքի աշակերտ եղած էր՝ Զապարեան վարդապետի մեծաւորութեան շրջանին, բարձր գնահատեց իր նախկին տեսուչին կատարած կրթական ապա այժմու հովուական առաքելութիւնը: Իւրաքանչիւր Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Լաւալի Բօլ Պօղոսեան շքեղ սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ գերապայծառին եւ մասնակցութեամբ 355 ներկաներու, հանդիսաւոր ընթրիք մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ գերյ. հայր Գէորգ Զապարեանին, որ սրահէն ներս մտած ատեն ընդունուեցաւ մասնկցողներու երկար ու ջերմ ծափահարութիւններով:

Ներկայ էին Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանը՝ Պ. Արմէն Եգանեանի եւ նորանշանակ Հիւպատոսը՝ Պ. Արամ Յակոբեան, հայ առաքելական, հայ աւետարանական, լատին, արեւելեան կաթողիկէ եւ օրթոտոքս Եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներն ու հոգեւոր հովիւները, հայ կուսակցութեանց, մշակութային, կրթական եւ բարեգործական միութիւններուն ներկայացուցիչներրը ինչպէս նաեւ Սէն Լօռան-ի քաղաքապետը եւ իր օգնականը: Երեկոյթը բացուած յայտարարուեցաւ Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երգչախումբի երգած «Հայր Մեր»-ով, ղեկավարութեամբ Պ. Համբարձում Անտոնեանի: Արհիապատիւ առաջնորդին կատարած սեղանի օրհնութենէն անմիջապէս ետք՝ նոյն երգչախումբը հիանալիօրէն «Դու ես քահանայ յաւիտեան» երգեց:

Բեմավար Մովսէս Թէքէեան ողջունեց ներկաները` անդրադառնալով հանդիսաւոր ընթրիքի նպատակին ու իմաստին ապա բեմ հրաւիրեց Դոկտ. Ժօրժ Մուխթարը, որ յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ ներկաներուն, ֆրանսերէն լեզուով ու տպաւորիչ խօսքերով ներկայացուց գերյարգելի Զապարեանի 40-ամեայ քահանայական կեանքի հանգրուանները եւ ձեռք բերած բեղմնաւոր առաքելութիւնը յատկապէս Մոնրէալի մէջ:

Գեղարուեստական բաժինը կը բովանդակէր երգ եւ ազգային պար: Արդարեւ, Տիկին Յասմիկ Գասպարեան եւ իր բարձրորակ ձայնով հանրածանօթ hայր Քամիլ Իսհակ իրենց մեներգներով ապա 6 հոգինոց կամաւոր հայ պատանիներէ բաղկացած պարախում մը՝ իր ազգային գեղեցիկ կատարումներով, արժանացան ներկաներուն գոհունակ ծափահարութեան:
Ընթրիքի ընթացքին Յոբելեարի ձեռքով կարկանդակի հատումէն ետք՝ յաջորդաբար բեմ բարձրացան Հայաստանի դեսպանը եւ Մուրատեան գերապայծառը, որ շնորհաւորեցին Զապարեան վարդապետը եւ դրուատիքով անդրադարձան անոր կատարած քահանայական առաքելութեան:

Հանդիսութեան աւարտին, որուն ամբողջ տեւողութեանը հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծած էին ՏԻՃԷ Կարօ-ի սփռած երաժշտութիւնը եւ երկու խոշոր պաստարներոն վրայ Յոբելեարի կեանքի հանգրուաններու նկարներուն լուսարձակումը, փակման խօսքով հանդէս եկաւ հայր Գէորգ ծ. վրդ. Զապարեանը, որ նախ ներկաները հրաւիրեց յոտընկայս յարգելու յիշատակը սուրիահայ զոհերուն, ապա գոհունակ սրտով, լայն ժպիտով եւ յուզումնախառն զգացումներով շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք կազմակերպիչ յանձնախումբին, օրուան յայտագիրի գործադրութեան մասնակցողներուն եւ բոլոր ներկաներուն՝ իր սովորութեան համաձայն, հակիրճ ու բովանդակալից կերպով իր միտքը արտայայտեց ըսելով յատկապէս «Եկաք պատուելու Զմմառեան կաթողիկոսական միաբանութեան անդամ՝ համեստ եկեղեցական մը, որ իր կատարած 40-ամեայ առաքելութեան ընթացքին աւելորդ յիշարժան գործ մը չէ կատարած յետնորդներուն աւանդելիք, այլ ինչ որ կատարած է կրնամ համառօտել երկու բառերով՝ սիրել ու ծառայել...Դուք էք, սիրելիներ, իմ գլխուս թագ պարծանացը եւ կուրծքիս շքանշանները...Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ այդ բոլոր անձերուն համար որ իմ ճամբուս վրայ դրաւ՝ սկսեալ ծնողներէս...»

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ներկաններու ծափահարութիւններով: Այս առիթով շարք մը նուէրներ ընծայուեցան հայր Գէորգին ընդ որս հայկական բնազարդներով ոսկեզօծ սկիհ մը՝ Պրն. Գրիգոր Ճապուրեանի կողմէ: Ի շարս բազմաթիւ ընտանիքներէն շնորհակալութեամբ ընդունած ծաղկեփունջերուն, յուզիչ էր Գերյ. Վարդապետին եղբայրներուն ու քոյրերուն կողմէ՝ իրենց ներկայութիւնը խորհրդանշող բեմին վրայ զետեղուած գեղեցիկ ծաղկեփունջը:

Ուշագրաւ էր նեկաներուն բաժնուած գեղատիպ յուշամատեանը, որուն մէջ բովանդակուած են Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քանանայապետին, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքի եւ արհիապատիւ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի օրհնութեան գիրերը, ինչպէս նաեւ Գանատայի Կառավարիչի, Նախարարապետի, Քաղաքապետի, Հայաստանի Դեսպան եւ այլ անձնաւորութեանց շնորհաւորական գրութիւնները, օրուան յատագիրը, Յոբելեարին կենսագրութիւնը, հանդիսութինը հովանաւորող ընտանիքներուն անունները, կազմակերպիչ յանձխումբի անդամներուն եւ այլ պաշտօններ ստանցնողներուն անուանացանկը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ