Երկուշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2013 - Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները կը նախապատրաստուին պապին հետ իրենց հանդիպումին
Պէյրութ
Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները կը նախապատրաստուին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ իրենց հանդիպումին, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Նոյեմբերի 22-ին, արեւելեան Եկեղեցիներու Խորհուրդի լիագումար նիստի աւարտին։ Այս հանդիպումը հաւանաբար կարճատեւ ունկնդրութիւն մը պիտի չըլլայ, այլ խորհրդակցական ժողով մը, որուն ընթացքին Միջին Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները, ընկերակցութեամբ նաեւ արեւելեան ծէսի միւս կաթողիկէ եկեղեցիները առաջնորդող գլխաւոր արքեպիսկոպոսներուն, պիտի քննարկեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ճակատագրին վերաբերեալ խնդիրներ՝ շրջանը փոթորկող հակամարտութիւններու եւ յատկապէս սուրիական ողբերգութեան լոյսին տակ։ Շատ հաւանական է որ այս քննարկումներուն մասնակցին նաեւ ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ։ Ժողովի օրակարգին վրայ պիտի գտնուին նաեւ արեւելեան կաթողիկէ Եկեղեցիներէն ներս եպիսկոպոսներու ընտրութեան նման հովուական եւ կանոնական հարցեր։
Սրբազան Քահանայապետին հետ իրենց գումարելիք այս ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու շրջագիծէն ներս , Ուրբաթ, 27 Նոյեմբեր 2013-ին, Արեւելքի կաթողիկէ Պատրիարքներու Խորհուրդը ժողով մը գումարեց մարոնիթներու Պքերքէի պատրիարքարանին մէջ։ Մարոնիթներու կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռաիի հրաւէրով կայացած այս ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը։ Ժողովին մասնակիցները փոխանակեցին իրենց մտահոգութիւններն ու խորհրդածութիւնները Միջին Արեւելքի ծանրակշիռ իրավիճակի մասին, որ կը վտանգէ քրիստոնեայ աւանդական համայնքներուն գոյութիւնը շրջանէն ներս։ Այս առթիւ կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ, Ռաի պատրիարքը ըսաւ որ արաբական գարունը դժբախտաբար վերածուեցաւ ձմրան, հուրի եւ արեան, ջարդերու եւ աւերումներու, մինչ շրջանի ժողովուրդները կ՚ակնկալէին նոր կեանքի մը ծնունդը եւ բարեկարգումներ։
Մամուլի հարցազրոյցի մը ընթացքին, կաթողիկէ գաղթէացիներու Լուի Ռաֆայէլ Սագօ պատրիարքը, որ Լիբանան կը գտնուէր, իր կարգին ողբերգական նկատեց Իրաքի քրիստոնեաներու թիւին նուազումը։ Ան նշեց որ Ծոցի պատերազմէն, ապա Իրաք կատարուած ներխուժումէն առաջ, Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն թիւը աւելի քան մէկուկէս միլիոն էր, իսկ այսօր այդ թիւին հազիւ մէկ երրորդը մնացած է եւ դեռ արտագաղթը կը շարունակուի երկրին մէջ տիրող անկայունութեան, ամենօրեայ ոճրափորձերուն ու պայթումներուն հետեւանքով որոնք բազմատասնեակ զոհեր կը խլեն։ Ան ըսաւ որ քրիստոնեայ համայնքները խաղաղասէր են, սակայն յաճախ զոհերն են արաբական աշխարհէն ներս սիւննիներուն եւ շիիներուն միջեւ տեղի ունեցող պատերազմին։
|