Երեքշաբթի, 13 Յուլիս 2010 - Քահանայական ձեռնադրութիւն Յորդանանի մէջ


Ամման, Յորդանան

Ուրբաթ, 2 Յուլիս 2010, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի լատիններու «Յիսուս Թագաւոր» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւնը Զմմառու Արծիւեան միաբան՝ հայր Վարագ աւազանի անունով ՌաՖՖի Սրկ. Պէրպէրեանի, ձեռամբ՝ Արհի. հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Զմմառեան միաբանութեան մեծաւոր Գերյ. Միքայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեանի: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ հայր Գէորգ Վրդ. Պահէեան, հայր Աւետիք Վրդ. Յովհաննէսեան եւ հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան:
Սուրբ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Լիբանանի «Կռունկ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Տիար Էտուարտ Թորիկեանի:

Ձեռնադրութենէն ետք, գերապայծառ Տէրը, Զմմառեան միաբանութեան մեծաւորը, նորօծ վարդապետը ու ծնողները եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ընդունեցին շնորհաւորանքները:

Նորօծ վարդապետը՝ Գերպ. Վարագ Վրդ. Պէրպէրեաը իր անդրանիկ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագն ու քարոզը մատուցեց Շաբաթ 3 Յուլիս 2010, երեկոյեան ժամը 5:00-ին: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ