Ուրբաթ, 3 Փետրուար 2012 - Լիբանանի նախկին նախագահ Ամին Ժըմմայէլ այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան


Պէյրութ

Չորեքշաբթի, 1 փետրուար 2012, կէսօրէ ետք ժամը 4.30-ին, Լիբանանի նախկին հանրապետութեան նախագահ Ամին Ժըմմայէլ այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան պետական երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան եւ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան։‎
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ Լիբանանի ընդհանուր քաղաքական իրավիճակը։ Հոգեւոր տէրը անդրադարձաւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մասին եւ հայերուն մուտքն ու հաստատուումը Լիբանանի մէջ։ Ան նաեւ ընդգծեց հայ կաթողիկէ համայնքին կարեւորութիւնը լիբանանեան հասարակութեան մէջ։
Նախկին նախագահ Ամին Ժըմմայէլ իր կարգին անդրադարձաւ լիբանանահայերու կարեւորութեան եւ անոնց նշմարելի ներդրումը Լիբանանի մէջ, յայտնելով մասնաւորապէս իր ջերմ զգացումները հայ Եկեղեցւոյ հարուստ մշակոյթին ու աւանդութեան հանդէպ։
Աւարտին ան հաստատեց, թէ Լիբանանի գեղեցկութիւնը կը կայանայ անոր բազմամշակութային դիմագիծին մէջ։



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ