Դամասկոս
Կիրակի, 10 յունիս 2012-ին, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յոբելինական համերգ «Քնար» երգչախումբի կատարողութեամբ, նուիրուած երգչախումբի հիմնադրութեան 50 ամեակին (1962-2012)։ Արդարեւ, երգչախումբի անդամներն ու Հայ կաթողիկէ միութեան պատասխանատուները, ի հեճուկս երկրի մէջ տիրող տագնապալի վիճակին, յաջողութեամբ կազմակերպեցին այս ձեռնարկը։
Համերգին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ դամասկոսահայեր, հայ երգն ու երաժշտութիւնը սիրող տեղացի բարեկամներ ու արուեստագէտ մասնագէտներ, գլխաւորութեամբ ձեռնարկի հովանաւոր՝ Դամասկոսի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանին, Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանին, Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Դոկտ. Արշակ Փոլատեանին եւ ազնիւ կողակցին, գերապատիւ հայր Գէորգ վրդ. Պահէեանին, Անարատ Յղութեան միաբանութեան առաքինազարդ քոյրերու, արժանապատիւ քահանայ հայրերու եւ դամասկոսահայ միութիւններու յարգարժան ներկայացուցիչներու։
Նախքան ելոյթը, մեծ պաստառի վրայ համակարգչային պատրաստութեամբ ցուցադրուեցան «Քնար» երգչախումբի 50-ամեայ ձեռնարկներու ու համերգներու պատկերներ։
Խմբավար Շանթ Քէշիշեան, յայտագրի գործադրութիւնը չսկսած, կարճ խօսքով մը յայտնեց բոլոր անդամներուն հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը՝ եկեղեցւոյ սուրբ կամարներուն տակ, ուր ծնունդ առած է երգչախումբը եւ ուր ամէն կիրակի ու տօնական օրերուն Քնարի անդամները կը կատարեն սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը, ներկայացնելու այս համերգը նախ որպէս երախտագիտութիւն Աստուածային նախախնամութեան որ «Քնար»ին պարգեւեց օրինակելի յարատեւութիւն հասնելու մինչեւ ոսկեայ յոբելեան։ Ապա, ան յոյս յայտնեց, որ կը շարունակուի այս աշխատանքը շնորհիւ անդամներու նուիրուածութեան, երիտասարդներու եռանդին ու այն մեծ քաջալերանքին, որ երգչախումբը կը վայելէ համայնքի առաջնորդէն ու դամասկոսահայութենէն։ Ան ի վերջոյ մաղթեց, որ Սուրիան մնայ, ինչպէս եղած է միշտ, հայրենիքը իր բոլոր զաւակներուն, հարուստ անոնց բազմազանութեամբ, երկիր համակեցութեան ու հանդուրժողականութեան։
Համերգը սկսաւ Կոմիտաս վարդապետի «Տէր Ողորմեայ» շարականով ի յարգանս երկրի բազմաթիւ նահատակներուն եւ աղօթք առ Աստուած, որ ողորմի անոնց հոգիներուն ու պարգեւէ աշխարհիս եւ մանաւանդ Սուրիոյ խաղաղութիւն։ Այնուհետեւ, իրար յաջորդեցին հայկական խմբերգներ ազգային ու ժողովրդական թեմաներով, որոնք հեղինակուած կամ մշակուած էին հայ ականաւոր երաժիշտներու ու բանաստեղծներու կողմէ, ինչպէս օրինակ՝ «Երեւան-էրեբունի»ն Էտկար Յովհաննիսեանի, Մակար Եկմալեանի մշակմամբ «Տէր կեցոյ դու զհայս»ը՝ մենակատարութեամբ Ժոզէֆ Իսքէնտերեանի, «Լռեց»ը՝ մենակատարութեամբ երգչախումբի վեթերան երգիչ Արամ Գայայեանի, «Սպասում»ը մշակմամբ Խորէն Մէյխանէճեանի, «Եաման եար»ը՝ մշակումը Թ.Ալթունեանի, Վան-Վասպուրականի մեղեդիներու շարան մը՝ Մելիք Մաւիսաքալեանի մշակմամբ, Ռ. Պետրոսեանի «Գիւղական պատկերը»։ Ինչպէս Նաեւ հնչեցին նոր երգեր, որոնք խմբավար Շանթ Քէշիշեանի մշակումներով ու պատշաճեցումներով հաճելի կերպով կատարուեցան։ Այդ երգերէն յիշենք «Սուրբերու աչքերը» Մարտին Ահարոնեանի, «Վարդանանք հայոց»ը Լէյլա Սարիբեկեանի, «Կարմիր կակաչներ»ը Ռուբեն Հախվերտեանի, «10 միլիոն հայ ենք մենք»ը Արթիւր Գրիգորեանի։ Երգչախումբին հետ իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ դաշնակահար Առնօ Քէշիշեան, հայկական տհոլի ու հարուածային գործիքի վրայ՝ Ժան Թումա, ինչպէս նաեւ Սարօ Սուվալեան կիթարով։ Համերգի ընթացքին Շանթ Քէշիշեան ընթերցեց «Քնար»ի հիմնադիր գերյարգելի հայր Անդրանիկ ծ.վրդ. Կռանեանի ողջոյնի խօսքը, ուր ան դրուատիքով կ՝անդրադառնար իր հիմնած «Քնար»ի բեղուն գործունէութեան, մաղթելով բիւր բարիք ու յարատեւում որպէսզի երգչախումբը միշտ պարծանք ու պատիւ բերէ, հանդիսանալով Հայաստանի արձագանքգը Սուրիոյ ազնիւ ժողովուրդի ծոցին մէջ։ Նոյնպէս խմբավարը ընթերցեց Լաթաքիայէն մտաւորական, երգչախումբի հին ու նոր բարեկամ պր. Յակոբ Ադամեանի ներշնչող ողջոյնի խօսքերը։
Այնուհետեւ, Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Դոկտ. Արշակ Փոլատեան արտասանեց իր սրտի խօսքը այս առթիւ, բարձր գնահատելով «Քնար»ի 50 ամեայ անցած ճանապարհը եւ հաստատելով թէ այս երգչախումբը հիմնած մարդիկ յառաջ տարած են աշխատանք մը, որ այսօր կը մօտենայ արհեստավարժ մակարդակի ու պատիւ կը բերէ ցանկացած բեմի ուր ելոյթ կ՝ունենայ։ Ապա ան մեծ անակնկալ մը մատուցեց՝ երգչախումբի լման անձնակազմը պարգեւատրելով Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ոսկէ մետալով, խրախուսելով Քնարականները շարունակելու նոյն ուղիով, յարատեւելու կամքով։
Արհի Յովսէփ եպս. Առնաութեանը խօսք առնելով շեշտեց թէ այսօր պէտք ունինք երգի, որ բարիք կը սփռէ մինչ ամէն տեղ ռումբերու ձայներ կը լսուին։ «Քնար»ը - ըսաւ գերապայծառ տէրը - կ՝երգէ եւ կ՝աղօթէ այս յոբելինական երեկոյին, որպէսզի Աստուած պարգեւէ խաղաղութիւն աշխարհի եւ մանաւանդ Սուրիոյ։ Գերապայծառ տիրոջ հրաւէրով տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանն ալ գնահատանքի տպաւորիչ խօսք մը արտասանեց եւ ի վերջոյ երգչախումբի վեթերաններուն, պարոնայք Արամ Գայայեանին, Սարգիս եւ Մանուէլ Քէշիշեաններուն, Ժոզէֆ եւ Ժան-Բիեր ու օրդ. Մարլէն Իսքէնտերեաններուն, ձեռամբ գերապայծառ տիրոջ յանձնուեցան երգչախումբի անդամներու անունով յիսունամեակի յատուկ յուշանուէրներ առ ի գնահատանք անոնց երկարատեւ նուիրումին։ Համերգը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքով, որ երգչախումբը կատարեց Կոմիտասեան հիասքանչ մշակումով։