Պէյրութ, Լիբանան
Երեքշաբթի 27 Մայիս 2008ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00ին, հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան՝ Յակոբ Բագրատունեան այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. Եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:
Հանդիպման ընթացքին երեսփոխան Բագրատունեան եւ Հոգեւոր Տէրը քննարկեցին Լիբանանի ներկայ քաղաքական իրավիճակը եւ Տոհայի մէջ տեղի ունեցած լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը որ դուրս բերաւ երկիրը քաղաքացիական պատերազմի վտանգէն, ինչպէս նաեւ հայերու ներդրումը Լիբանանի քաղաքական կեանքէն ներս:
Հանդիպման աւարտին, Հոգեւոր Տէրը յաջողութիւն մաղթեց երեսփոխանին իր ստանցնած քաղաքական պատասխանատու պաշտօնին մէջ: