Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2012 - Միջին Արեւելքի յատուկ Առաքելական Յորդորին մասին մամլոյ հանդիպում
Պէյրութ
 
Հինգշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2012, կէսօրուան ժամը 12-ին, Պէյրութի մարոնի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ հանդիպում մը, «Հաղորդութիւն եւ Վկայութիւն» խորագրով, Միջին Արեւելքի յատուկ Առաքելական Յորդորին մասին։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբի նախագահ՝ Պէյրութի թեմի մարոնի առաջնորդ Պուլոս Մաթար, արաբական երկիրներու դեսպաններ, հիւր մտաւորականներ եւ լրագրողներ։ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական բաժնի պատասխանատու՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ այս հանդիպումին։
 
Այս առթիւ խօսք առաւ Մաթար եպիսկոպոսը, որ հաստատեց թէ տարածաշրջանի մէջ գտնուող կրօնները իրար յարգելու են եւ միասնաբար ապրելու՝ համակեցութեամբ։ Ան ըսաւ թէ Առաքելական Յորդորը մեզի կոչ կ'ուղղէ շրջանցելու շրջանի դժուար պայմանները, երկխօսութեամբ, սիրոյ ուժով եւ վերադառնալով Աստուծոյ։  
 
Հանդիպումին խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ՝ տոքթոր Մոհամմատ Սամմաքը, որ յայտնեց թէ Առաքելական Յորդորը կը հիմնուի կրօնական ազատութիւններու եւ հաւասար քաղաքացիութեան սկզբունքներու վրայ։ Արդարեւ, ան յորդորին ընդմէջէն նշեց, որ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը հիմնական է կրօններու համաշխարհային երկխօսութեան հաստատման համար։
 
Վերջապէս խօսք առաւ նոյն յանձնախումբի անդամ Հարէս Շըհապ, որ անդրադարձաւ քրիստոնեաներու իրավիճակին շրջանին մէջ, շեշտելով նոյնպէս երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ ներկայ տագնապալի պայմաններուն։

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ