Ակնեցի: Աւետիս Արք. Արփիարեան հայ յեղափոխական գրագէտ՝ Արփիար Արփիարեանի հետ ունեցած ազգականական կապերուն պատճառով, կասկածը արթնցուց Սուլթան Համիտ Բ.ի, որ անոր Պատրիարքական տեղապահի պաշտօնէն հեռացումը պահանջեց: Արփիարեան Արք. 1905-1909 Զմմառի վանքը ապաստանեցաւ, վարելով կղերանոցի տեսչութիւնը:
1911-ին Ազգային Սիւնհոդոսի որոշումով, Մարաշի Եպիսկոպոս ընտրուեցաւ: Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, Պէյրութի Պատրիարքական փոխանորդ նշանակուեցաւ 1923-ին, հուսկ Պատրիարք ընտրուեցաւ 1932-ին: Ան յաջողեցաւ կառուցանել ԱշրաՖիէի Պատրիարքարանի նոր շէնքը, 1934 Ապրիլ 29-ին: Հիմնեց Պատրիարքարանի պաշտօնաթերթը, որ իր անունով «Աւետիք» կոչուեցաւ:
|