Երկուշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2007 - Հայաստանի Դեսպանի Այցը Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան

 

Դամասկոս, Սուրիա
 

 
Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ Դեսպան՝ Արշակ Փոլատեանը սկսած է    ծանօթացման այցելութիւններ տալ Դամասկոսի Հայ գաղութի պետերուն ու գործող կազմակերպութիւններուն : Այդ այցելութեանց ծիրէն ներս, 25 Նոյեմբեր 2007-ի երեկոյեան,  Դեսպանը ու իր ազնուափայլ տիկինը հանդիպեցան Հայ Կաթողիկէ Միութեան վարչական անդամներու հետ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ռ.Պասմաճեան սրահին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին Արհի. Մանուէլ Եպս. Տապպաղեան՝ Առաջնորդը Իրաքի Կաթողիկէ Հայոց, Հ.Կ.Մ.ի Խորհուրդի անդամները, տիկնանց վարչութեան անդամուհիները,  Երիտասարդականի ու Պատանեկան Խորհուրդի անդամները: Ջերմ  ու հաճելի մթնոլորտի մը մէջ միութեան ատենապետ Սարգիս Քէշիշեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց  ներկայացնելով  Դեսպանը որպէս հմուտ դիւանագէտ, արեւելագէտ, որ իր մեծ ներդրումը ունեցած է Հայաստանի դիւանագիտական կապերը հաստատելու ու ամրացնելու շատ մը երկիրներու հետ, անկախութեան առաջին տարիներէն սկսեալ վարելով կարեւոր պաշտօններ Հայաստանի արտագին գործոց նախարարութեան մէջ: Միեւնոյն ժամանակ ան ներկայացուց  Դեսպանին միութեան հակիրճ պատմութիւնը, բաժանմունքները ու տարած գործունէութիւնը: Խօսքի վերջաւորութեան Պարոն Փոլատեանին ու իր ազնիւ տիկնոջ նուիրեց միութեան զոյգ  յուշամատեանները որպէս յիշատակ ու հաստատեց Հ.Կ.Մ.ի պատրաստակամութիւնը զարգացնելու արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող լաւագոյն կապերը հայրենի դեսպանատան հետ ու աջակցելու Դեսպանին իր հայանպաստ ծրագիրներն ու աշխատանքները իրականացնելու:
Դեսպանը խօսք առնելով իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց հանդիպման կազմակերպման համար ու տուաւ սպառիչ տեղեկութիւններ Հայ-Սուրիական  յարաբերութիւններու մասին,  շեշտելով այդ կապերը զարգացնելու  կարեւորութիւնը: Ան նոյնպէս անդրադարձաւ իր կատարած դիւանագիտական առաքելութիւններուն զանազան երկիրներու մէջ, որոնց նպատակը միշտ եղած է յուսալի հիմքերու վրայ դնել Հայ-Արաբական կապերը: Ան նշեց հայրենի պետութեան յանձնառութիւնը աջակցելու սփիւռքահայութեան եւ այն դերը որ ունին հայրենի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները կապ հաստատելու ու հաղորդակցելու սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու հետ: Ի վերջոյ ան միութեան նուիրեց իր պատրաստած գրքոյկները Արաբերէն լեզուով Հայաստանի պատմամշակութային արժէքներու մասին ու Հայ-Արաբական պատմական կապերու վերաբերեալ: Նշենք թէ Պրն. Փոլատեանը այդ գրքոյկները պատրաստած ու տպագրութեան յանձնած էր շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ իր Դամասկոս առաքելութիւնը սկսելէ ետք: Այնուհետեւ ներկաները առիթ ունեցան հարցադրումներ կատարելու, որոնց Պրն. Դեսպանը սիրով պատասխանեց: Արհի. Մանուէլ Եպս. իր սրտի խօսքը յայտնեց արտայայտելով իր անհուն ուրախութիւնը որ Դամասկոսի մէջ հայրենիքի շահերը կը պաշտպանէ ազնուական անձնաւորութիւն մը որ լուրջ աշխատանք կը տանի ի սպաս Հայաստանի  փայլուն դիմագիծի կերտման ու բարեկամական կապեր կը հաստատէ դամասկահայ գաղութին հետ: Հանդիպումը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ մը որու ընթացքին ներկաները  առիթ ունեցան զրուցելու  Դեսպանին հետ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ