Զմմառ,
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, իմանալէ ետք գոյժը Ներսէս Արք. Պոզապալեանի մահուան, առ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին գրեց հետեւեալ ցաւակցական նամակը Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին.
Յոյժ Սիրելի Եղբայր ի Քրիստոս,
Սրտի անհուն կսկիծով իմացանք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ուխտի Միաբան եւ Հրատարակչական Մարմնի Ատենապետ՝ Գերաշնորհ Տէր Ներսէս Արք. Պօզապալեան մահուան գոյժը, երկար հիւանդութենէ մը ետք, որ տեղի ունեցաւ 27 Յունիս 2009ին, Գիւտ Նշխարաց Ս. Հօրն Մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին տօնին օրը:
Կը մասնակցինք աղօթքով ձեր մեծ այս սուգին եւ կը յայտնենք մեր խորին ցաւակցութիւնները Ձեզի, Միաբանութեան բոլոր անդամներուն եւ հանգուցեալին հարազատներուն:
Կը բարձրացնենք մեր աղօթքը առ Ամենակալն Աստուած հայցելով որ անսասան պահէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսական Աթոռը եւ ծաղկեցնէ ու հարստացնէ զայն նորանոր կոչումներով ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն Մայր Հայրենիքին եւ համայն հայ ժողովուրդին:
Աղօթից Միութեամբ՝
Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց