Քասլիք, Լիբանան
Նախաձեռնութեամբ եւ Կազմակերութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան, խնամարկութեամբ Հռոմի Արեւելեան Քահանայապետական կաճառի եւ Ս. Հոգի համալսարանի «Ծիսագիտութեան» ամպիոնի (Քասլիք) եւ նոյն համալսարանի համագումարներու սրահին մէջ,
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, նախագահեց Միջազգային Բ. գիտաժողովը նուիրուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի՝ վանականին եւ միստիկ քերթողին (Ժ. դար) որ տեղի ունեցաւ 12-էն 14 Հոկտեմբեր 2009։
Միջազգային այս Սեմինարը՝ «Ս. Գրիգոր Նարեկացին եւ եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւնը» խորագրով, հովանաւորեցին, Կարտ. Լէոնարտօ Սանտրի նախագահը Արեւելեան Եկեղեցիներու սուրբ Ժողովին, Կարտ. Ուիլիամ Ժոզէֆ Լեւատա՝ նախագահը հաւատոյ եւ կրօնից Ս. Ժողովին, եւ Կարտ. Նասրալլա Սֆէյրի Անտիոքի Մարոնի պատրիարքը եւ դիւանապետ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի Աստուածաբանութեան բաժանմունքին։
Այս առթիւ իրենց միջամտութիւններով եւ զեկուցումներով հանդէս եկան հայ եւ օտար համալսարանի եւ բարձրագոյն ուսմանց փրոֆէսսէօրներ, դասախօսներ եւ գիտաշխատողներ, Ծիսագիտական ու Աստուածաբանութեան ու եկեղեցական պատմութեան մասնագէտներ ու գրագէտներ ։
Գիտաժողովի աւարտին Քասլիքի համալսարանի ամփիթատրոնին մէջ հոգեւոր համերգ մը ներկայացուեցաւ «Կռունկ» երգչախումբի կողմէ, ղեկավարութեամբ տոքթ. Եդուարդ Թորիկեանին։
Նշենք թէ միջազգային Ա. գիտաժողովը նուիրուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» տեղի ունեցաւ 2006-ին՝ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի քահանայապետական արեւելեան կաճառին մէջ, Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան կազմակերպութեամբ: