Երկուշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2012 - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ընդունելութիւնը Լիբանանի մէջ

Պէյրութ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր առաւօտեան եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Լիբանան: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, Հայաստանի նախագահի ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պետական ներկայացուցիչներ, լիբանանահայ գաղութի հոգեւոր եւ ազգային անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին էր արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան:
Այնուհետեւ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մեկնեցաւ դէպի Լիբանանի նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Հայաստանի նախագահին կ'ընկերակցին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, նախագահական անձնակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ խորհրդականներ։

Յիշենք, որ վաղը՝ երեքշաբթի 27 նոյեմբերի երեկոյեան, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի այցելէ Զմմառու Տիրամօր վանք, ուր ներկայ պիտի գտնուի վանքի Մշակոյթի Կեդրոնի եւ Մատենադարանի նոր սրահներու բացման հանդիսութեան, բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարուհի Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ