Երեւան
ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը երեքշաբթի, 27 մայիս 2014-ին հանդիպում ունեցած է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ:
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ՝ նախագահը քննարկած է պետութեան եւ հայոց եկեղեցիներուն միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութեան, ինչպես նաեւ Հայրենիքին ու Սփիւռքին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին կարեւորուած է նաեւ Հայ առաքելական եւ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցիներու մասնակցութիւնը ՀՀ նախագահի գլխաւորութեամբ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն, այդ ուղղութեամբ եւ ընդհանրապէս՝ համազգային կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման գործին մէջ հայոց եկեղեցիներուն կողմէ Սփիւռքի մէջ, միջազգային ու միջեկեղեցական հարթակներու վրայ իրականացուող աշխատանքը:
Հանրապետութեան նախագահը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի հետ քննարկած է նաեւ սուրիական ճգնաժամին պատճառով այդ երկրին մէջ ծանր կացութեան մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն ներկայ վիճակի եւ անոնց ցուցաբերուող աջակցութեան հետ կապուած հարցեր:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան բարօրութեան, ինչպէս նաև հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելու կարեւոր գրաւական է, եւ այսուհետեւ եւս պէտք է շարունակել ու առաւել արդիւնաւէտ դարձնել ջանքերու համադրումը ազգային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքը: